Ուիմպըլտընի թենիսի մրցաշարքը կը շարունակուի, եւ այսօր տեղի կ՛ունենայ տղոց կիսաւարտականը:
Աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն Եանիք Սինըր 7-6, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պեն Շելթընը եւ հասաւ կիսաւարտական:
Սինըրի մրցակիցը պիտի ըլլայ սերպ Նովաք Ճոքովիչի (թիւ 6), որ սեթ մը կորսնցնելէ ետք (7-6) ինքզինք գտաւ եւ 6-2, 7-5 եւ 6-4 արդիւնքով շարունակեց մրցումի մնացեալ երկու ժամերը` 14-րդ անգամ հասնելով կիսաւարտական, որ մրցանիշ մըն է:
Ճոքովիչ առաջին սեթին սահեցաւ եւ գետին ինկաւ երեսին վրայ, բայց ան մրցումէն ետք յայտնեց, որ հաւանաբար վաղը յայտնի կ՛ըլլայ այդ սահելուն հետեւանքը: «Վստահ, մարմինս այն չէ, որ էր տարիներ առաջ: Այդ սահելուն լուրջ հետեւանքները 24-18 ժամ ետք մէջտեղ կ՛ելլեն: Յուսամ լուրջ բան մը չըլլայ, եւ առանց ցաւի կը շարունակեմ ելոյթներս», ըսաւ Ճոքովիչ մրցումէն ետք:
Ճոքովիչ – Սինըր ելոյթները ի նպաստ Սինըրի էին վերջերս, բայց Ճոքովիչ 38 տարեկանին կ՛ուզէ իր 8-րդ Ուիմպըլտընի տիտղոսը շահիլ` հաւասարելով Ռոժէ Ֆետերերին:
Միւս կիսաւարտականին, թիւ 2 թենիսմեն Քարլոս Ալքարաս (Սպանիա) պիտի մրցի թիւ 5 դասուած Թէյլըր Ֆրիցի (Միացեալ Նահանգներ) դէմ: