Ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» կը յայտնէ, որ Սէուտական Արաբիոյ Ահլի խումբը քանի մը շաբաթէ ի վեր կը փորձէ համոզել «Պալոն տ՛օրօ»-ի 8 անգամ տիտղոսակիր Լիոնել Մեսսին:
38 տարեկան Մեսսի, որուն այժմու պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2025-ի աւարտին` Ինթեր Մայեմիի հետ, ազատ մարզիկ կրնայ դառնալ տարուան աւարտին եւ կրնայ «համոզուիլ» Ահլիի առաջարկին, որ վստահաբար ամէնէն շատ վճարուած մարզիկը կրնայ դառնալ անգամ մը եւս:
Նիւթեր շրջան կ՛ընէին, թէ Մեսսի կը մտածէ լքել Միացեալ Նահանգները` աւելի լաւ պատրաստուելու 2026-ի մոնտիալին: Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ը շահած Ահլին կրնայ համոզել Մեսսիին, որ կրնայ Ռոնալտոյի հետ լաւ ծանուցումի աղբիւր դառնալ` 2034-ի Մոնտիալը հիւրընկալելու արշաւին համար: