Մէկ շաբաթ առաջ պրազիլցի յառաջապահ Ժոաօ Փետրօ 63,7 միլիոն եւրոյի փոխարէն միացաւ Չելսիին` լքելով Պրայթընը:
Ան երեքշաբթի գիշեր իր երկրորդ մրցումը կատարեց Չելսիի հետ եւ 2 կոլ նշանակեց` խումբը առաջնորդելով աւարտական` ՖԻՖԱ-ի ակումբներու մոնտիալին:
Բայց Փետրօ չտօնեց իր կոլերը` իբրեւ յարգանք իր առաջին ակումբին` Ֆլումինենսէին:
«Երբ պատանի էի, բան չունէի: Իրենք ինծի տուին ամէն ինչ: Իրենք զիս աշխարհին ծանօթացուցին: Ես հոս եմ միայն անոր համար, որովհետեւ անոնք ինծի հաւատացին, եւ ես շատ երախտապարտ եմ», ըսաւ Փետրօ:
«Նիւթական առումով շատ իմաստ չունի Պրազիլի համար մրցիլը եւրոպական ակումբներու հետ: Պրազիլեան ակումբներ պարզապէս իրենց մարզիկները կը փոխանցեն Եւրոպա` ակումբը մնալու համար, եւ այս մէկը իմ ֆութպոլիստի օրերէս այդպէս է», ըսաւ Ֆլումինենսէի մարզիչ Ռենաթօ Կաուչօ:
23 տարեկանին Փետրօ այժմ առաջին կարգի ակումբի միացած է` սկսելէ ետք Ֆլումինենսէի ակադեմիայէն, երբ 10 տարեկան էր, եւ 18 տարեկանին միացաւ Ուաթֆորտի, ապա Պրայթընի, երբ 21 տարեկան եղաւ: Ան Պրազիլի ազգային խումբէն ալ նկատի առնուեցաւ նոյեմբեր 2023-էն ի վեր, բայց ան վստահ շատ աւելի դրամ պիտի շահի իր հայրենիքէն հեռու:
Չելսի մէկ պարտութիւն կրած է այս մոնտիալին` իր երկրորդ մրցումին 3-1 արդիւնքով պարտուելէ ետք Ֆլամենկոյէն: Լոս Անճելըս Ֆ. Ք.-ին, (2-0), Էսփերանսին (3-0) Պենֆիքային (4-1), Փալմէյրասին (2-1) եւ Ֆլումինենսէին (2-0) յաղթելով ան կիրակի գիշեր աւարտականին պիտի մրցի Փարիզ Սեն Ժերմեն – Ռէալ Մատրիտ մրցումին յաղթականին դէմ, «զուտ եւրոպական» աւարտական մրցումի մը, որուն ներկայ պիտի ըլլայ նախագահ Տանըլտ Թրամփ` Նիւ Ճըրզիի մէջ: