«Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն կրնայ իր կազմին միացնել Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Ռոտրիկոն:
24 տարեկան Ռոտրիկօ, որ միշտ ալ նախընտրած է կեդրոնի յառաջապահ դիրքի վրայ խաղալ, վերջերս շատ հանգիստ չէր պահեստի կամ ծայրի յառաջապահ դիրքին վրայ խաղալով, եւ Ռէալ Մատրիտի նոր մարզիչ Խապի Ալոնսոյի հաշիւներուն դէմ չէ անոր փոխանցումը:
Կը հաղորդուի, որ Սէուտական Արաբիոյ Նասր ակումբն ալ հետաքրքրուած է Ռոտրիկոյի ծառայութիւններով, բայց Ռէալ Մատրիտ այժմ կ՛ուսումնասիրէ բոլոր առաջարկները:
Անցեալ տարեշրջանին Ռոտրիկօ Ռէալ Մատրիտի հետ 51 մրցում կատարած է` նշանակելով 14 կոլ եւ կատարելով 10 էսիսթ: