Ա. Սէ. Միլանի ֆրանսացի ձախ պաշտպան Թէօ Հեռնանտես ըստ երեւոյթին լրջօրէն կը մտածէ Սէուտական Արաբիոյ Հիլալ խումբին միանալու մասին:
Ա. Սէ. Միլան եւ Հիլալ բոլոր կէտերուն շուրջ համաձայն են այս փոխանցումին գծով` մանաւանդ որ Հիլալ պատրաստ է 25 միլիոն եւրօ վճարելու:
Յաջորդող օրերուն Թէօ պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա` անցնելու իր բժշկական քննութիւնները եւ ստորագրելու պայմանագրութիւնը:
27 տարեկան Թէօ, որ պաշտպանելու կողքին կ՛օգնէ նաեւ յարձակումներ կազմակերպելու, անցեալ տարեշրջանին 49 մրցում կատարած է Միլանի շապիկով` նշանակելով 5 կոլ եւ կատարելով 6 էսիսթ: Անոր պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի յառաջիկայ ամրան, ուր մարզիկը առանց փոխարէնի ինք կ՛որոշէ իր մեկնելիք խումբը: Այդ պատճառով է, որ միլանեան կազմը կ՛ուզէ «ծախել» զայն` օգտուելու անոր փոխարէն 25 միլիոն եւրոյէն: