Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հունձքի Առիթով

July 10, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Անցնող ամսուան ընթացքին լիբանանահայ կրթական հաստատութիւնները, մշակութային միութիւնները եւ եկեղեցական, բարեսիրական ու այլ կառոյցներ տարեփակի հանդէսներով եւ գեղարուեստական ելոյթներով 2024-2025 տարեշրջանի հունձքն ու աշխատանքի արգասիքը ներկայացուցին հանրութեան:

Հակառակ տարեմուտին Լիբանանի մէջ առկայ ու տիրող անորոշութեան ու անկայուն իրավիճակին եւ այդ պատճառով արձանագրուած սկզբնական պարտադիր ընդհատումներուն, կարելի է ըսել, որ համեմատաբար աւելի կայուն տարեշրջան մը բոլորեցինք:

Այս առիթով արժէ կատարել կարգ մը դիտարկումներ եւ խորհրդածութիւններ, որոնք հաւաքական կեանքի այս բնագաւառներուն համար առանցքային նշանակութիւն կը ներկայացնեն:

Ա) Լիբանան կը շարունակէ մնալ հայեցի սերունդներու պատրաստութեան կարեւոր կռուան: Լիբանանի ընձեռած կարելիութիւնները այս իմաստով իւրայատուկ են, եւ այս հանգամանքը իր այժմէականութիւնն ու կարեւորութիւնը երբեք չի կորսնցներ:

Բ) Կրթական, մշակութային, մարզական եւ միութենական աշխատանքը, հակառակ միջազգային անբարենպաստ պայմաններուն, նոր առաջնահերթութիւններուն ու յարափոփոխ դժուարին կացութիւններուն կը շարունակէ իր շուրջ համախմբել համայնքի ներուժն ու կարողականութիւնը, ու այդ իմաստով նաեւ նուաճումներն ու յաջողութիւնները կը շարունակեն պատուաբեր տեղ գրաւել համայնքի երթին մէջ:

Գ) Այս աշխատանքը յաւելեալ նպատակասլաց դարձնելու եւ կրկնակի արդիւնաւէտութեամբ օժտելու համար հարկ է ընդարձակել համայնքի հանրային զօրակցութեան շրջագիծը` խորացնելով այն գիտակցութիւնը, որ համայնքի նկարագիրը կերտող, անոր զարգացումը երաշխաւորող, ինչպէս նաեւ ապագան խարսխող հիմնական յենասիւները կը շարունակեն մնալ մեր կրթական, եկեղեցական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական հաստատութիւններն ու միութիւնները:

Դ) Առարկայական ինքնարժեւորումը, կամքէ անկախ պատճառներով յառաջացած բացթողումներու ըստ արժանւոյն քննարկումը, յառաջիկայի մարտահրաւէրներու դիմաց համապարփակ ռազմավարութեան մշակումը եւ, վերջապէս, գործը արգելակող երբեմն հնամաշ տեսութիւններէ հեռու մնալը, եւ, աւելի՛ն, անձնակեդրոն թակարդներու մէջ չիյնալու եւ քննարկման առողջ միջավայրը ընդարձակելու առաջադրանքներու բիւրեղացումը այսօր եւս ունին շեշտակի կարեւորութիւն:

Ե) Վերջապէս, ծրագիր, հետեւողական աշխատանք եւ նուիրուածութիւն, անշուշտ` մարդուժի ճշգրիտ տնտեսման կողքին, կը շարունակեն մնալ այս բոլոր կառոյցներուն եւ միութիւններուն յաջողութեան ու զարգացման հիմնական երաշխիքը:

Բարի՛ բերքահաւաք:

Հունձքդ շնորհաւոր` լիբանանահայութիւն:

 

 

Նախորդը

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտականներու Հանդէս Հունձք` 2025

Յաջորդը

Ակումբներու Մոնտիալ. Ժոաօ Փետրօ Փայլեցաւ, Չելսի Հասաւ Աւարտական

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.