«Թուր Տը Ֆրանս»-ի մրցումը կը շարունակուի, ուր 3-րդ հանգրուանին հեծելարշաւի սիրահարները անակնկալի մատնուեցան, երբ սփրինթի վարպետ Եասփըր Ֆիլիփսըն արկած մը ունեցաւ եւ վիրաւորուեցաւ:
Ֆիլիփըն, որ միշտ ալ լաւ արդիւնք ձեռք կը բերէր վերջին տարիներուն, երրորդ հանգրուանի կէսերուն հիւանդանոց փոխադրուեցաւ:
27 տարեկան պելճիքացի վարորդը, որ Լիլի մէջ շահած էր առաջին հանգրուանը` ձեռք ձգելով իր ասպարէզի 10-րդ հանգրուանը, կարճ ժամանակ հագուեցաւ դեղին շապիկը, երբ 3-րդ հանգրուանի աւարտէն մօտ 60 քմ առաջ արկած ունեցաւ քանի մը այլ հեծիկներու հետ:
Նետերլանտցի Մաթէօ Վան Տեր Փուլ այժմ կը կրէ դեղին շապիկը` 4 երկվայրկեանի առաւելութիւն ունենալով թիւ 1 թեկնածու սլովենիացի Թատէյ Փոկաչարի վրայ: Դանիացի Եոնաս Վինկըկաարտ 6 երկվայրկեանով ետ կը մնայ Վան Տեր Փուլէն:
Ստորեւ` դասաւորումը 3 հանգրուաններէ ետք.
1.- Մաթէօ Վան Տեր Փուլ (Նետերլանտներ) 12 ժամը 55′ 37″
2.- Թատէյ Փոկաչար (Սլովենիա) 4 երկվայրկեան ուշ
3.- Եոնաս Վինկըկաարտ (Դանիա) 6 երկվայրկեան ուշ
4.- Քեւին Վոքլեն (Ֆրանսա) 10 երկվայրկեան ուշ
5.- Մաթէօ Եորկենսոն (Միացեալ Նահանգներ) 10 երկվայրկեան ուշ
6.- Էնրիք Մաս (Սպանիա) 10 երկվայրկեան ուշ
7.- Ճոզեֆ Պլեքմոր (Բրիտանիա) 41 երկվայրկեան ուշ
8.- Թոպիսա Եոհանսեն (Նորվեկիա) 41 երկվայրկեան ուշ
9.- Պեն Օ՛քոնըր (Աւստրալիա) 41 երկվայրկեան ուշ
10.- Էմանուել Պուխման (Գերմանիա) 49 երկվայրկեան ուշ
Նշենք, որ շաբաթ օր Պուխմանի մաս կազմած Քոֆիտիս խումբը 11 հեծիկներ կորսնցուցած էր, երբ «խմբային գողութիւն» մը տեղի ունեցած էր «Թուր տը Ֆրանս»-ի յատուկ «ապահով կառատունէն: Աւելի ուշ 150 հազար ամ. տոլար արժող հեծիկները գտնուած էին տարբեր վայրերու մէջ: