Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցող երիտասարդներու ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Սարգիս Բեգոյեան (61 քկ) ոսկի մետալ նուաճեց:
Աւարտականին Սեգոյեան չնչին տարբերութեամբ կրցաւ գերազանցել իր ռուս մրցակից Ատլան Սայթիեւի:
20 տարեկանէն վար այս մրցաշարքին պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Ռազմիկ Եփրեմեան (86 քկ), որ 3-0 արդիւնքով յաղթեց իր ազրպէյճանցի մրցակիցին:
Ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը խմբային դասաւորման մէջ 4-րդ դիրքը գրաւեց: