Ուիմպըլտընի թենիսի մրցաշարքը կը շարունակուի, եւ աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն Եանիք Սինըր 2 ժամ թենիսէ ետք կ՛ուղղուէր պարտութեան, բայց իր մրցակից Կրիկոր Տիմիթրով անակնկալ ձեւով վիրաւորեց իր ուսին մէկ մկանը էյս մը կատարելէ ետք եւ լքեց մրցումը: Թիւ 21 թենիսմեն պուլկարացի Տմիթրով, որ բարձր մակարդակի թենիս կը խաղար, իր կիսատ լքած մրցումներու թիւը հասցուց 5-ի:
6-3 եւ 7-5 յաղթելէ ետք առաջին 2 սեթերը, արդիւնքը 2-2 էր, երբ 3-րդ կէտին համար կը մրցէր այս մրցաշարքի թիւ 19 դասուած մարզիկը, բայց չար բախտը իրեն դաւաճանեց անգամ մը եւս, մինչեւ իր ասպարէզին ալ վերջ տալու չափ: 34 տարեկան Տիմիթրով 2024-ին Ուիմպըլտընի մրցաշարքին սրունքի մկանը պատռած էր եւ Դ. հանգրուանին «քաշուած» Տանիլ Մետվետեւի դէմ մրցումէն: Քանի մը ամիս ետք, «Եու. Էս. Օփըն»-ին ան քառորդ աւարտականին ամերիկացի Ֆրանսիս Թիաֆոյի դէմ ոտքի ցաւի պատճառով լքած էր մրցումը:
2025-ի Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքի իր առաջին մրցումին ան անգամ մը եւս վիրաւորուած էր եւ լքած առաջին հանգրուանի մրցումը:
Ռոլան Կարոսի մրցաշարքին ալ առաջին հանգրուանին ան անգամ մը եւս վիրաւորուած էր եւ կիսատ լքած էր մրցումը Իթըն Քոփնի դէմ 6-2, 6-3 եւ 2-6 արդիւնքով յառաջանալէ ետք:
Ան 5-րդ կրան շլեմի իր վէրքը ստացաւ երէկ` Սինըրի դէմ կուրծքի եւ ուսի միջեւ գտնուող մկանի սուր ցաւի պատճառով:
Իր մրցակիցը` Սինըր իր կարգին ուսը ցաւցուցած էր իյնալէ ետք առաջին սեթին, եւ կասկածներ կան, թէ ան լաւապէս դարմանուած ըլլալէ ետք պիտի մասնակցի քառորդ աւարտականին:
Քառորդ աւարտականի իր մրցումին, Կարէն Խաչանով 6-3, 6-4 արդիւնքով պարտուելէ ետք առաջին երկու սեթերուն, կրցաւ 6-1 արդիւնքով շահիլ 3-րդ սեթը` թիւ 5 թենիսմեն Թէյլըր Ֆրիցի դէմ, որ սակայն 7-6 թայ պրէյքով աւարտեց 4-րդ սեթը` հասնելով կիսաւարտական:
Ֆրից պիտի սպասէ Քարլոս Ալքարաս – Քամերոն Նորի մրցումի յաղթականին: Սինըր (եթէ սպաքինի) քառորդ աւարտականին պիտի մրցի թիւ 10 դասուած Պեն Շելթընի դէմ, որ պարտութեան մատնեց իտալացի Լորենցօ Սոնեկոն` 3-6, 6-1, 7-6 եւ 7-5 արդիւնքով: Շելթըն (22 տարեկան) դարձաւ ամէնէն երիտասարդ ամերիկացի թենիսմենը (Էնտի Ռոտիքէն ետք), որ կը հասնի քառորդ աւարտական:
Թիւ 6 դասուած Նովաք Ճոքովիչ պիտի մրցի իտալացի Ֆլաւիօ Քոպոլիի (թիւ 24) դէմ:
Աղջկանց մրցումներուն, թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքա, վեթերան Լաուրա Սիկմունտի (37 տարեկան) դէմ սեթ մը կորսնցնելէ ետք (6-4) կրցաւ 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով բաւական դժուար յաղթանակ մը արձանագրել եւ հասնիլ կիսաւարտական: Սապալենքա պիտի մրցի Ամանտա Անիսիմովա (Միացեալ Նահանգներ) – Անասթազիա Փաւլիուչենքովա (Ռուսիա) մրցումին յաղթականին դէմ:
Նախկին թիւ 1 դասուած Իկա Շվիանթեք, որ այժմ թիւ 8 դասուած է, պիտի մրցի Լիուտմիլա Սամսոնովայի դէմ, մինչ թիւ 7 դասուած Միրա Անտրէեւա (18 տարեկան) պիտի մրցի Պելինտա Պենչիչի դէմ: