Երեքշաբթի, 24 յունիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի «Տոքթ. Ատրինէ Գարագաշեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը:
Բացման խօսքը կատարեց մանկապարտիզպանուհի Թալին Եահնիեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «Այսօր մեծ ուրախութեամբ մեր մանկապարտէզի փոքրիկներուն հետ պիտի նշենք մեր սիրելի ճեմարանին 95-ամեակը: 95 տարիներ առաջ մեր դպրոցի հիմնադիրները` Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը, ստեղծեցին կրթօճախ մը, ուր սերունդներ պիտի մեծնային` գիտութեամբ, արժէքներով եւ հայեցի դաստիարակութեամբ: Այսօր բոլորիս այստեղ ներկայութիւնը կը վկայէ, որ մեր հիմնադիրներուն երազը իրականացած է եւ կը շարունակուի: Քիչ ետք մեր երեխաները իրենց երգերով, պարերով, խօսքերով եւ ժպիտներով պիտի փոխանցեն այն սէրն ու գուրգուրանքը, ուժն ու արժէքները, զորս բոլորս կը ստանանք Ճեմարանէն: Դպրոցի հիմնադիրներուն կիսանդրիները պիտի խօսին մեզի հետ եւ յիշեցնեն, որ ամուր հիմերու վրայ կառուցուած կրթութիւնը կրնայ փոխել ապագան»:
Ապա խօսքը ուղղելով Կանաչ դասարանի երեխաներուն` ան ըսաւ. «Սիրելի փոքրիկներ, մեր հիմնադիրները մեզի տուին ուժ, որպէսզի պահպանենք մեր լեզուն ու մշակոյթը, սիրենք Հայաստանն ու Արցախը եւ տէր կանգնինք Ճեմարանին, շարունակեցէ՛ք այս առաքելութիւնը»: Այնուհետեւ մանկապարտիզպանուհին երախտագիտութիւն յայտնեց իր գործընկերներուն` իրենց կատարած բծախնդիր եւ նուիրուած աշխատանքին համար: Վերջապէս, եզրափակելով իր խօսքը, Եահնիեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն` իրենց համագործակցութեան եւ վստահութեան համար:
Այս տարուան հանդէսին բնաբանն էր` «Ուժեր»: Կանաչ դասարանի փոքրիկները, իրենց կարգին, հանդէս եկան Ճեմարանի 95-ամեակի մասին բացման խօսքով, որուն յաջորդեց տեսերիզի մը ցուցադրութիւնը, ուր փոքրիկները կը խաղային Ճեմարանի մուտքին, հիմնադիրներուն կիսանդրիներուն մօտ, երբ արձաններէն մէկուն մօտ լսուեցաւ ձայն մը, որ իրենց տուաւ ուժը` պահպանելու հայ գիրն ու լեզուն: Այնուհետեւ հանդէսը ընթացաւ իւրայատուկ բեմականացումով, ամէն անգամ, երբ փոքրիկները կ՛երեւէին տեսերիզին մէջ հիմնադիրներուն կիսանդրիներուն մօտ խաղալու ընթացքին, յանկարծ լսելի կը դառնար ձայն մը, որ իրենց կը փոխանցէր նոր ուժ մը, ինչպէս` հայրենասիրութեան ուժը, մշակոյթը պահպանելու ուժը եւ Ճեմարանը պահպանելու ուժը: Անոնք գունաւոր հագուստներ հագած` երգերով, պարերով ու խօսքերով ներկայացուցին իրենց փոխանցուցած այդ ուժերը բեմին վրայ: Ակներեւ էր փոքրիկներուն ինքնավստահութիւնը եւ իւրաքանչիւր արտասանուած խօսքի իրենց տիրապետումը: Յայտագրին մասնակցեցան նաեւ Կապոյտ դասարաններու փոքրիկները` երկու պարերով:
Հանդէսի աւարտին բեմ բարձրացաւ Ճեմարանի տնօրէն Փաուլա Եղիայեան, եւ Կանաչ դասարանի աշակերտները ստացան իրենց վկայականները:
Վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.
Գարայեան Գարլի, Ներսէսեան Լիաննա, Նիզեան Ալիք, Շագըլեան Ալիք, Շէմմէսեան Լիանա, Աբգարեան Արենի, Եսայեան Ռուպի, Խալաֆ Միլա, Տմտմեան Զուլալ, Ստեփան Լուսիա, Ապէթեան Ալեքսանտր, Գասպարեան Շանթ, Խորոսեան Վիգէն, Մանուկեան Արէն, Պաժիքեան Ալեք, Պոնիաքրապեան Ալեքսանտր, Սեմէրճեան Կարօ, Սէրայլեան Հայկ, Օհաննէսեան Էնտրու, Լեփէճեան Քրիստափոր, Հատէշեան Ալեք, Ղանըմ Անթոնի, Մսըրլեան Սերգէյ Արամ, Յարութիւնեան Տարօն, Չայլեան Կարօ, Պէօճէքեան Արամ, Սաղպազարեան Կարօտ, Տեմիրճեան Արեգ, Օհանեան Արէն:
Տնօրէնուհին շնորհաւորեց աշակերտները, ծնողներն ու ուսուցիչները եւ «Վարձքը կատա՛ր» ըսաւ բոլորին:
Հանդէսը փակուեցաւ Ճեմարանի քայլերգին երգեցողութեամբ: