Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Տարեշրջանի «Մանկապարտէզի Օրերը» Խորագիրը Կրող Հանդէսը

Յուլիս 8, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 18 յունիս 2025-ին Ազգային Միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ խանդավառ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանի 2024-2025 տարեշրջանի «Մանկապարտէզի օրերը» խորագիրը կրող հանդէսը:

Խանդավառ ու մանկապարտէզի առօրեայ կեանքն ու ընթացքը ներկայացնող այս հանդէսին հերթաբար բեմ բարձրացան Բողբոջ, Կոկոն ու Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները եւ ներկայացուցին տարբեր երգեր ու պարեր, նաեւ` արաբերէն ու անգլերէն լեզուներով:

Յատկանշական էին Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն արտասանած խօսքերը, ուր ներկայացուած էին վերամուտի ու յիշատակելի թուականներու պահերը, զբօսանքներն ու ատենամարզանքները: Անոնք նաեւ լուսարձակի տակ առին` մանկապարտէզի ազգային ձեռնարկները, հայաշունչ ոգին, այբուբենը եւ հայ գիրքը:  Դաստիարակի հանդէպ սէրն ու աշակերտական ապրումները յստակօրէն զգալի էին անոնց արտասանութիւններուն մէջ: Սրահի բեմն ու յարակից տարածքները իւրայատուկ կերպով զարդարուած էին այս առիթով` աւելի խորացնելով հանդիսութեան գեղեցկութիւնը:

Վարժարանի մանկապարտիզպանուհին` Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան, ըսաւ, որ «Մանկապարտէզի օրերը» խորագիրով հանդէսին սրտերը լեցուն են ուրախութեամբ, հպարտութեամբ, բայց նաեւ`քիչ մը յուզումով, որովհետեւ Ծաղիկ դասարանի 8 հրաշալի մանուկները պիտի փակեն իրենց մանկութեան առաջին պայծառ փուլը:

Խօսքը ուղղելով Ծաղիկ դասարանի աշակերտներուն` Շաղիկ Յովսէփեան-Յարութիւնեան ըսաւ. «Այսօր դուք կը կատարեք ձեր առաջին մեծ քայլը` ուսումնական կեանքին մէջ: Մանկապարտէզի տարիները ձեզի շնորհեցին ոչ միայն այբուբեն ու թիւեր, գոյներ ու ձեւեր, այլեւ` կարգ ու կանոն, ընկերասիրութիւն, պատասխանատուութիւն եւ ստեղծագործ մտածելակերպ: Ձեռային աշխատանքներով եւ խմբային խաղերով սորվեցաք` լսել զիրար, յարգել զանազանութիւնները եւ աշխատիլ միասնաբար: Այս տարիներուն հաւաքած գիտելիքն ու փորձառութիւնը` որպէս թանկագին պաշար, դուք պիտի տանիք ձեզի հետ` ձեր ապագայ դպրոցական կեանքին մէջ օգտագործելու»:

Մանկապարտիզպանուհին ընթացաւարտ տարեշրջանի աշխատանքներն ու մանկավարժական բնոյթի ծրագիրները ներկայացնելէ ետք նաեւ խօսքը ուղղեց ծնողքներուն ու ըսաւ. «Սիրելի՛ ծնողներ, այս յատուկ օրը նաեւ ձեր տօնն է: ձեր վստահութիւնը հայկական դպրոցին ընդհանրապէս ու Միացեալ վարժարանին հանդէպ մասնաւորապէս, ինչպէս նաեւ ցուցաբերած աջակցութիւնն ու նեցուկը դարձան կարեւոր գործօններ` հասնելու այս  յաջողութեան: Ձեր նուիրումն ու զաւակին նկատմամբ մնայուն գուրգուրանքն ու օժանդակութիւնը պիտի խրախուսեն անոր մշտական վերելքին ու յաջողութեան»:

Աւարտին ան շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք ուղղեց` պատկան մարմիններուն, երեսփոխան Յակոբ Թերզեանին, Ազգային վարչութեան, Ուսումնական խորհուրդին, դպրոցի խնամակալութեան ու տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ` մանկապարտէզի ուսուցիչներուն ու պաշտօնակիցներուն:

Ապա բեմ բարձրացան Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտները` ծնողներուն ու ներկաներուն փոխանցելով նոր յոյսի ապրումներ: Վկայականաց բաշխումը կատարուեցաւ ձեռամբ երեսփոխան ու վարժարանի խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Թերզեանի, վարժարանի վարչական տնօրէն Նելլի Վէքիլեանի եւ կրթական տնօրէն Լիւսի Բէնէնեանի:

Վկայականներ ստացան` Ալին Տոմպուրեան, Տանիէլ Գազանճեան, Գարլա Չէրչեան, Ամիլիա Տօնոյեան, Այլա Ալ Հալաք, Ճէյքըպ Մուրատ, Վիգի Խամթրաշեան, Քրիստափոր Բարսեղեան:

Աւարտին իր խօսքը արտասանեց Օշին վրդ. Չուալերթանեան սրտի իր խօսքը ուղղեց` շնորհաւորելով աշակերտները եւ ծնողները: Այնուհետեւ ան անդրադարձաւ հայ դպրոցի դերին` իբրեւ ազգային ինքնութեան կազմաւորման անփոխարինելի միաւորի, ու մաղթեց, որ հաւատքով եւ յոյսով ոգեշնչուած` դիմաւորեն գալիք աշխատանքներն ու մարտահրաւէրները:

Նախորդը

Ծննդեան 80-Ամեակ Յակոբ Վ. Փանոսեանի (ԼԸ.) Իմ Ունեցած Կարծիքս Թերի Էր…

Յաջորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յուլիս 9, 2025
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան.  ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս
Գաղութային

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. ՀՕՄ-ի Նորսիկեան Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

Յուլիս 8, 2025
Արաբերէն Լեզուով Լոյս Տեսաւ «Մեծն Բրիտանիոյ Քաղաքականութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Գծով» Հատորը
Գաղութային

Արաբերէն Լեզուով Լոյս Տեսաւ «Մեծն Բրիտանիոյ Քաղաքականութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Գծով» Հատորը

Յուլիս 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?