Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ռուսիոյ դեսպանին բողոքագիր յանձնած է` կապուած Ռուսիոյ պետական լրատուամիջոցներուն մէջ եւ պաշտօնեաներու կողմէ Հայաստանի իշխանութիւններուն հասցէին հնչող յայտարարութիւններուն հետ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին յայտնած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Անի Բադալեանը` պատասխանելով «Ռատար Արմէնիա»-ի գրաւոր հարցումին:
Կը նշուի, որ Ռուսիոյ պետական պատկերասփիւռի կայաններէն Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան դէմ հնչող բացայայտ ոչ բարեկամական, երբեմն թշնամական քարոզչութիւնը յառաջացուցած է հայկական կողմի խիստ դժգոհութիւնը:
«Հաշուի առնելով, որ նիւթը վստահաբար Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու ուշադրութեան կեդրոնն է եւ բուռն հանրային քննարկումներու առարկայ` Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներէն չենք թաքցներ բողոքագիրին բովանդակութիւնը:
Անոր միջոցով խիստ բողոք արտայայտուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան զանգուածային լրատուամիջոցներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան նկատմամբ ծաւալուած բացայայտ ոչ բարեկամական, յաճախ թշնամական քարոզչութեան կապակցութեամբ, որ աշխուժօրէն կը սնի որոշ պաշտօնեաներու, Ռուսիոյ Դաշնութեան Պետական տումայի պատգամաւորներու, լրատուամիջոցներու եւ փորձագիտական համայնքի ներկայացուցիչներու յայտարարութիւններով:
Բողոքագիրին մէջ ընդգծուած է, որ Ռուսիոյ պետական պատկերասփիւռի կայաններով ուղիղ եթերով հնչող վիրաւորական արտայայտութիւնները եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու գործունէութեան թիրախաւորումը բացարձակապէս անընդունելի են եւ կը յանգեցնեն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան միջեւ վերջին շրջանին տեղի ունեցած բարձր մակարդակի այցելութիւններու դրական արդիւնքներու չէզոքացման:
Նաեւ կը նշուի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իրաւապահ մարմիններուն կողմէ պետական յեղաշրջման փորձի կանխման օրինական գործողութիւններու վերաբերեալ Ռուսիոյ Դաշնութեան Պետական տումայի առանձին պատգամաւորներու մեկնաբանութիւններն ու յայտարարութիւնները ոչ միայն զարմանք, այլեւ վրդովմունք կը յառաջացնեն: Համաձայն այդ յայտարարութիւններուն` պետական յեղաշրջում ծրագրող անձերու ձերբակալութիւնը կը նկատուի «Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ հերթական ոչ բարեկամական քայլ»:
Ըստ այդմ` նման յայտարարութիւնները ոչ միայն անհեթեթ են, քանզի անհասկնալի է, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ պետական յեղաշրջման կանխումը կը նկատուի ոչ բարեկամական քայլ, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին գործերուն կոպտագոյն միջամտութիւն: Աւելի՛ն, տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ նման տեղեկատուական քաղաքականութիւնը կ՛իրականացուի նպատակաուղղուած կերպով` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարութեան, օրինականութեան եւ սահմանադրական կարգի խաթարման նպատակով», կը նշուի պատասխանին մէջ:


