Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին, երկուշաբթի, 30 յունիս 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ապահովուած արդիւնքներուն առիթով: Ներկայ էին հայ յարանուանական, կուսակցական, միութենական հոգեւոր եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Պուրճ Համուտի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Դաւիթ Գազանճեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ տարբեր մարզերու մէջ գործող միութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ մարմիններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ վերջին ընտրութիւններուն յաջողած թաղապետներու ու քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներու այդ համախմբումին կարելիութիւն պիտի ստեղծուի` իրարու ծանօթանալու, բաժնեկցելու մտահոգութիւններ, քննարկելու լիբանանահայութեան դիմագրաւած հարցերն ու մարտահրաւէրները եւ համատեղ լուծումներ որոնելու: Ան դիտել տուաւ, որ իրենց գործելադաշտի կորիզն ու հիմնական դերակատարը ժողովուրդն է, որ ունի բազմաթիւ պահանջներ ու կարիքներ, որոնց լուծման համար կ՛ապաւինի պատասխանատուներուն աջակցութեան, առ այդ, իրենք ձեռնածալ պիտի չմնան:
Գազանճեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ 4 քայլերու, որոնք անհրաժեշտ են աշխատանքները յաջողցնելու:
Առաջին` միասնական աշխատանք, որուն նպատակն է համախմբել բոլոր կառոյցներու ուժերը եւ ծառայել յօգուտ լիբանանահայութեան, որովհետեւ աշխատանքներու մէկտեղումով միայն կարելի է յաղթահարել դժուարութիւնները եւ ապահովել արդիւնաւէտ աշխատանք:
Երկրորդ` ծառայութիւն, որ կը նշանակէ տալ այն, ինչ ունինք, եւ երբեմն ալ` նոյնիսկ տալ այն, ինչ որ ձեռք ձգած ենք դժուարութեամբ եւ զոհողութեամբ: Ուրեմն` տալ առաւելագոյնը, տալ անշահախնդրօրէն` առանց փոխադարձ ակնկալութեան, տալ հաւասարապէս` առանց խտրականութեան, տալ` առանց ցուցամոլութեան եւ վերջապէս տալ` առանց յետին նպատակներ ու շահեր որոնելու:
Երրորդ` պահել համեստութիւնը, հեռու մնալ ցուցամոլութենէ, թէեւ արհեստագիտացած ժամանակաշրջանին ընկերային ցանցերը դարձած են ծանուցումներու, ինքնագովութեան եւ ցուցամոլութեան հարթակներ, բայց եւ այնպէս, պէտք է պահել համեստութիւն` միայն ծանուցելով այն, ինչ որ ի շահ համայնքին է:
Չորրորդ` մեր ստանձնած աթոռները ծառայեցնենք մեր ժողովուրդի շահերուն, եւ ոչ թէ մեր աշխատանքները ըլլան այնպիսին, որ զoրացնենք ու ամրապնդենք մեր աթոռները: Դիրքերն ու պաշտօնները կու գան ու կ’երթան, բայց մեր ժողովուրդի բարօրութիւնը, բարգաւաճումը եւ հզօրացումը էականն են ու մնայուն:
Դաւիթ Գազանճեան իր խօսքը եզրափակեց` հաստատելով, որ բոլորս ունինք մէկ նպատակ, որուն հասնելու համար օրն ի բուն պէտք է անկոտրում կամքով աշխատինք` շրջանցելով ու յաղթահարելով ամէն ձեւի դժուարութիւններ, նաեւ` նախանձախնդիր ըլլալով ձախողութեան մատնելու տարուած գործը խանգարելու եւ համայնքը պառակտելու ամէն փորձ:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, որ դիտել տուաւ, թէ հաւաքին նպատակն է տօնախմբութենէ անդին` արժեւորել քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն լիբանանահայութեան քաղաքական մասնակցութիւնը` թէ՛ իբրեւ թիւ, թէ՛ կազմակերպուածութիւն եւ թէ՛ քաղաքական շրջանակներու հետ համագործակցութիւն: Ան շեշտեց, որ արձանագրուած արդիւնքը նախընտրական աշխատանքներու, միացեալ զօրաշարժին, կուսակցականներու թէ համակիրներու ընտրական բանակին կարգապահ եւ գիտակից մասնակցութեան արգասինքն էր, իսկ համայնքը, հակառակ արտաքին կասկածներուն եւ դժուարութիւններուն, կրկին ապացուցեց իր հաւաքական կամքը:
Պալապանեան նշեց, որ Պէյրութէն մինչեւ Մեթն ու Պեքա Դաշնակցութիւնը իր կազմակերպչական հաւաքական ուժով կրցաւ գծել յաջող ուղի մը` մօտենալով իւրաքանչիւր ընտրատարածքի յատուկ ռազմավարութեամբ, արձագանգելով իրավիճակի պահանջներուն եւ պահպանելով համայնքի ներկայացուածութիւնը բոլոր մակարդակներով: Ան անդրադարձաւ նաեւ քաղաքական-յարաբերական աշխատանքներուն, որոնք Պուրճ Համուտի մէջ յանգեցան Քաղաքապետական խորհուրդի մակարդակին` առանց մրցակիցի ընտրութեան: Այնճարի մէջ Դաշնակցութեան առաջադրած ցանկերը ընտրուած համարուեցան: Ան յայտնեց, որ թաղապետներու ընտրութեան համար եւս Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներու ցանկը ամբողջովին ընտրուեցաւ Պուրճ Համուտի մէջ: Ա. Պալապանեան տեղեկացուց, որ Մեթնի պարագային Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով գործակցութիւնները միակողմանի չէին եւ տարբերեցան իւրաքանչիւր ընտրաշրջանի համար: Մեթնի պարագային մեր առաջադրած 20 թեկնածուներէն 19 ընտրուեցան Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ 13 թաղապետ: Արդիւնքը յստակ է` 41 թաղապետական խորհուրդի անդամներ եւ 32 թաղապետներ: Այս թիւերը կը խօսին ոչ միայն քանակական յաջողութեան մասին, այլ նաեւ որակական մեծագոյն ձեռքբերումի մը` ազգային միասնականութեան եւ կշռոյթով գործելու ձեւի արտացոլում:
Պալապանեան լուսարձակի տակ առաւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններուն միջեւ հանդիպումներն ու միջկուսակցական համաձայնութեան գոյացման կարեւորութիւնը, ապա` լիբանանեան մակարդակի վրայ քաղաքական տարբեր կողմերու հետ հաստատուած կապերուն: «Մեր միջնորդութիւնը արդիւնաւորուեցաւ մեր հետեւողական պահանջով` չիյնալու չափաբաժիններ ապահովելու քարացած մօտեցումներու տեղքայլին մէջ: Միասնական ճակատի այս գոյացումը ինքնին ապահովեց այլ համայնքներու հետ արդիւնաւէտ գործակցութիւն», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ կարեւոր էր նաեւ քաղաքապետական խորհուրդներուն մէջ պահպանել լիբանանահայութեան ներկայացուածութիւնը:
Ալպեր Պալապանեան խօսեցաւ լիբանանեան ներկայ կացութեան մասին, երկրի ապրող դրական ու ժխտական պայմաններուն, շեշտեց, որ այս բոլորին մէջ հայ համայնքի քաղաքական գործօնի հանգամանքը առաջին հերթին հիմնուած է անոր հաւաքական քուէի ուժին վրայ` պահպանելու լիբանանահայութեան պետական բոլոր իրաւունքները: Ան նշեց, որ այս նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է տքնաջան աշխատանք, նաեւ յարաբերութիւններ Լիբանանի քաղաքական դաշտը կազմող բոլոր կողմերուն հետ` պահելով հայութեան քաղաքական որոշումի անկախութիւնը:
Ա. Պալապանեան իր խօսքը եզրափակեց` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք` «Հաւատալով լիբանանահայութեան դերին, վստահելով մեզի, կամաւորաբար ծառայեցին, աշխատեցան, գործակցեցան, որպէսզի ձեռք ձգենք այսօրուան արդիւնքները»:
Ձեռնարկի աւարտին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի Հանրային կապերու գրասենեակի գործավար Յարութ Մարկոսեան ներկայացուց հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կողմէ առաջադրուած եւ ընտրուած 73 թեկնածուները: