Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական քարտէսը աստիճանաբար կը ստանայ նոր դիմագիծ: Պետութիւններու միջեւ հաստատուած աւանդական յարաբերութիւնները կը վերադասաւորուին, ազդեցութեան գօտիները կը վերաճշդուին, իսկ տնտեսական ու հաղորդակցական համագործակցութիւնը հետզհետէ կը զուգորդուի ռազմաքաղաքական նոր նախաձեռնութիւններով: Այս փոփոխութիւններուն կեդրոնը կը յայտնուի Թրքական պետութիւններու կազմակերպութիւնը (Organization  of Turkic States, հիմնուած`  4  հոկտ. 2009), որ մշակութային եւ տնտեսական գործակցութեան իր սկզբնական սահմաններէն անդին անցնելով` կը ձգտի ձեռք բերել նաեւ պաշտպանական եւ ռազմավարական նոր տարողութիւն:

Քանի մը  օր առաջ, (հոկտեմբեր, 2026) Պաքուի մէջ տեղի ունեցող պաշտպանական արդիւնաբերութեան պատասխանատուներու հանդիպումը եւ անոր զուգահեռ իրականացուած թուրք-ազրպէյճանական-ուզպեքական միացեալ ռազմափորձերը այս զարգացումին ուշագրաւ արտայայտութիւններն են: Զէնքերու համատեղ արտադրութիւնը, ռազմական արհեստագիտութեան փոխանակումը, մասնագէտներու պատրաստութիւնը եւ զինուորական գործողութիւններու համադրումը կը վկայեն երկարաժամկէտ համագործակցութիւն մը հաստատելու ձգտումը:

Այս ընթացքը առայժմ չի հաստատեր ամբողջական ռազմական դաշինքի մը ձեւաւորումը: Կազմակերպութեան անդամներուն միջեւ գոյութիւն ունին քաղաքական տարակարծութիւններ, իսկ Ղազախստանի եւ Խըրխըզստանի վերապահութիւնները ցոյց կու տան, որ բոլորը միեւնոյն ձեւով չեն ընկալեր համաթրքական համախմբումը: Այսուհանդերձ, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախաձեռնութիւնները արդէն իսկ կ՛ուրուագծեն ազդեցութեան այնպիսի համակարգ մը, որ կրնայ փոխել տարածաշրջանի ուժերու յարաբերակցութիւնը:

Կ՛ենթադրեմ, որ այս զարգացումները Հայաստանի համար պիտի դառնան ռազմավարական լուրջ մտահոգութեան առարկայ:

Թրքական աշխարհի ռազմական մերձեցումը յաճախ կը ներկայացուի իբրեւ Ռուսիոյ ազդեցութեան դէմ ուղղուած աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէր: Անշուշտ, Անգարայի եւ Պաքուի նախաձեռնութիւնները կրնան սահմանափակել Մոսկուայի աւանդական դերակատարութիւնը Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ: Սակայն այդ մրցակցութեան աշխարհագրական կեդրոններէն մէկուն վրայ կը գտնուի Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որուն ազգային անվտանգութեան հարցերը շատ աւելի անմիջական եւ կենսական բնոյթ կը  կրեն:

Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը այս նոր իրողութեան մէջ առանձնայատուկ նշանակութիւն կը ստանայ: Սիւնիքը, որ Ազրպէյճանի հիմնական տարածքը կը բաժնէ Նախիջեւանէն եւ միաժամանակ կ՛ապահովէ Իրանի հետ Հայաստանի ցամաքային կապը, կը գտնուի տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու մրցակցութեան կիզակէտին: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի համար արեւելք-արեւմուտք կապերու ընդլայնումը տնտեսական նպատակ ըլլալէ անդին` ունի նաեւ աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն:

Հետեւաբար Հայաստանի տարածքով հաղորդակցութիւններու բացումը պէտք է դիտարկել ոչ միայն առեւտուրի, տնտեսական զարգացման կարելիութիւններու, այլեւ երկրի գերիշխանութեան եւ անվտանգութեան հեռանկարով:

Այս հանգամանքները յատկապէս այժմէական կը դարձնեն խաղաղութեան գործընթացի եւ TRIPP նախաձեռնութեան շուրջ ծաւալող քննարկումները: Տարածաշրջանային կապերու վերաբացումը կրնայ նպաստել Հայաստանի տնտեսական բարգաւաճումին, մեկուսացումի մեղմացման եւ փոխադարձ շահերու վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու հաստատման: Սակայն այդ կարելիութիւնները իրական արժէք կը ստանան միայն այն պարագային, երբ անխախտ կը պահպանուին` Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, պետական իրաւազօրութիւնը եւ սահմաններու վերահսկողութիւնը:

Խաղաղութեան համաձայնագիրը, որքան ալ պատմական նշանակութիւն ունենայ, գործնական երաշխիքներով  կը ստանայ իր ամբողջական արժէքը: Առանց փոխադարձ յանձնառութիւններու, վստահութեան ամրապնդումի եւ ուժի սպառնալիքի բացառման` ստորագրուած փաստաթուղթերը կրնան ենթակայ մնալ քաղաքական փխրուն հաւասարակշռութեան:

Ահա թէ ինչո՛ւ Հայաստանի համար խաղաղութեան ձգտումը պէտք է ընթանայ պաշտպանական կարողութիւններու զօրացման զուգահեռ: Պետութեան անվտանգութիւնը կարելի չէ պայմանաւորել միայն դրացիներու բարի կամեցողութեամբ կամ միջազգային ուժերու համընկնող ժամանակաւոր շահերով:

Միւս կողմէ` ստեղծուած կացութիւնը Հայաստանը կը դնէ արտաքին քաղաքական լուրջ ընտրութիւններու առջեւ: Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ ազդեցութեան մրցակցութիւնը, Արեւմուտքի աճող ներգրաւուածութիւնը, Իրանի անվտանգային մտահոգութիւնները եւ Կեդրոնական Ասիոյ հետ ընդլայնուող կապերը կը կազմեն բարդ միջավայր մը, ուր միակողմանի կողմնորոշումները կրնան  ստեղծել նոր ենթակայութիւններ:

Հայաստանի շահը կը պահանջէ բազմակողմանի արտաքին քաղաքականութիւն` հիմնուած յստակ ազգային առաջնահերթութիւններու վրայ: Այդ քաղաքականութեան նպատակն է` պահպանել գոյութիւն ունեցող անհրաժեշտ յարաբերութիւնները, զարգացնել նոր գործընկերութիւններ եւ աստիճանաբար ամրապնդել սեփական որոշումները կայացնելու պետական կարողութիւնը:

Այստեղ է նաեւ քաղաքական հեռատեսութեան իսկական փորձաքարը: Երբ տարածաշրջանի որոշ պետութիւններ կը կառուցեն պաշտպանական, տնտեսական եւ արհեստագիտական համագործակցութեան երկարաժամկէտ համակարգեր, Հայաստան պարտաւոր է ձեւաւորել իր սեփական ռազմավարական օրակարգը: Բանակի արդիականացումը, ռազմական արտադրութեան զարգացումը, դիւանագիտական կապերու բազմազանեցումը, տնտեսական դիմադրողականութեան ամրապնդումը եւ ազգային ներքին համախմբումը պէտք է կազմեն այդ օրակարգին փոխկապակցուած հիմքերը:

29-30  հոկտեմբերին Անգարայի մէջ  Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան (Organization of Turkic States-OTS) 13-րդ գագաթաժողովը այս առումով ուշադրութեան արժանի հանգրուան մը պիտի  ըլլայ: Անոր ընթացքին որդեգրուելիք որոշումները կրնան աւելի յստակ պատկերացում տալ, թէ վերոյիշեալ կառոյցը որքանո՛վ պատրաստ է խորացնելու իր պաշտպանական եւ ռազմաքաղաքական գործակցութիւնը: Հայաստանի համար էականը` այդ գործընթացին զգաստութեամբ հետեւիլ եւ կանխատեսել անոր հնարաւոր հետեւանքները:

Հայոց պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է` ինչպիսի՛ ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ մեծ տէրութիւններու մրցակցութեան մէջ սեփական ուժերու եւ կարելիութիւններու սխալ գնահատումը: Այդ պատմական փորձառութիւնը այսօր եւս կը պարտադրէ ազգային շահը վեր դասել արտաքին կողմնորոշումներու շուրջ ստեղծուած քաղաքական հակադրութիւններէն:

Հայաստան ունի աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան մէջ կրաւորական դիտորդի դիրքէն դուրս գալու եւ իր ազգային շահերուն վրայ հիմնուած ինքնուրոյն դերակատարութիւն ստանձնելու կարելիութիւն: Անոր աշխարհագրական դիրքը կրնայ նաեւ հնարաւորութեան վերածուիլ, եթէ պետութիւնը յաջողի իր մասնակցութիւնը տարածաշրջանային գործընթացներուն պայմանաւորել` գերիշխանութիւնը պարտադրելով, փոխադարձ շահերով եւ հաւասարակշռուած յարաբերութիւններով:

Վերջին հաշուով, թրքական աշխարհի ռազմաքաղաքական ազդեցութեան ընդլայնումը մեզ կը դնէ ճակատագրական հարցադրումի մը առջեւ. Հայաստան պիտի կարենա՞յ տարածաշրջանային նոր վերադասաւորումներուն մէջ պահպանել իր ինքնուրոյնութիւնը եւ սեփական ապագան կերտելու կարողութիւնը: Աւելի էականը` Հայաստան ինչպիսի՞ պետութիւն պիտի ըլլայ այդ նոր միջավայրին մէջ` ուրիշներու նախաձեռնութիւններուն արձագանգո՞ղ, թէ՞ ազգային նպատակները գիտակցաբար հետապնդող եւ սեփական ապագան կերտելու կարողութիւն ունեցող ինքնիշխան պետութիւն:

Հայաստանի պետական դիմադրողականութեան հիմքը պէտք է ըլլայ ազգային ներքին համերաշխութիւնը: Իշխանութեան եւ ընդդիմութեան քաղաքական տարակարծութիւնները բնական են ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ, սակայն պետականութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութիւնը կը պահանջէ համազգային պատասխանատուութիւն: Այստեղ իր առանձնայատուկ ներդրումը կրնայ ունենալ նաեւ սփիւռքը` մասնագիտական ներուժով, միջազգային կապերով, գիտական եւ տնտեսական կարողութիւններով:

Այս քայլերը հրաշագործ լուծումներ չեն խոստանար: Սակայն անոնց հետեւողական իրականացումը կրնայ Հայաստանը աստիճանաբար դուրս բերել բացառապէս արտաքին իրադարձութիւններուն արձագանգելու վիճակէն եւ վերածել սեփական ռազմավարական առաջնահերթութիւնները հետապնդող պետութեան:

Խաղաղութիւնը Հայաստանի համար կենսական անհրաժեշտութիւն է, իսկ զայն պահպանելը` պետական պատասխանատուութիւն:

Այդ երկու սկզբունքներուն ներդաշնակութեան մէջ պէտք է փնտռել Հայաստանի վաղուան անվտանգութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ մնայուն տեղը տարածաշրջանի նոր աշխարհաքաղաքական քարտէսին վրայ:

 

 

Նախորդը

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.