Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 2022-ի աւարտին լքեց Անգլիոյ Մանչեսթըր Եունայթըտը եւ 2023-ի սկիզբը միացաւ Սէուտական Արաբիոյ Նասր խումբին:
Օրին իր պայմանագրութիւնը 200 միլիոն ամերիկեան տոլար էր (մէկ տարուան համար) եւ կը նկատուէր երեւակայական:
Քանի մը օր առաջ ան 2 տարիով երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը «չնչին» գումարի փոխարէն… 676 միլիոն ամերիկեան տոլարի:
Ռոնալտօ օրական 670 հազար ամ. տոլար պիտի ստանայ եւ Նասր ակումբին մէջ պիտի ունենայ 15 տոկոսի իրաւունք, որ կ՛արժէ 45 միլիոն ամ. տոլար:
Ան 34 միլիոն պոնիւս ալ ստացաւ պայմանագրութիւն կնքելու պահուն, որ կրնայ բարձրանալ 52 միլիոնի, եթէ ան ամբողջացնէ 2 տարիները: Ան ամէն մէկ կոլի դիմաց պիտի ստանայ 110 հազար ամ. տոլար, եւ էսիսթի համար` 55 հազար ամ. տոլար: Եթէ Նասր շահի ախոյեանութիւնը, ան 11 միլիոն ամ. տոլար եւս պիտի ստանայ, մինչ Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան կոլ-սքորըրի տիտղոսը շահելու պարագային ան պիտի ստանայ 5,5 միլիոն ամ. տոլար:
Ըստ Ռոնալտոյի, իր պայմանագրութեան երկարաձգումը միայն նիւթական պատճառով չէ:
«Իմ նպատակս Նասրի հետ կարեւոր տիտղոսներ նուաճելն է: Կը հաւատամ, որ ատիկա կարելի է: Երկու տարիով երկարաձգեցի պայմանագիրս, որովհետեւ վստահ եմ, որ Սէուտական Արաբիոյ ախոյեան կրնամ ըլլալ: Ինծի առաջարկներ կային ակումբներու մոնտիալին մասնակցելու, բայց ատիկա իմաստ չունէր, քանի նախընտրեցի լաւ հանգստանալ եւ պատրաստուիլ նոր, երկար տարեշրջանին, որուն աւարտին մոնտիալ տեղի պիտի ունենայ: Կը ցանկամ պատրաստ ըլլալ ինչպէս Նասրի հետ, այնպէս ալ ազգային խումբին հետ: Այդ պատճառով մասնակցեցայ «Ազգերու լիկա»-ի աւարտական մրցումին եւ այլ առաջարկներ չքննարկեցի: Ես կը սիրեմ այս ակումբը եւ կը հաւատամ, որ մենք կը շարունակենք յառաջդիմել: Վերջին երկուքուկէս տարիներուն ցոյց տուինք, որ լիկան անընդհատ կը զարգանայ: Շատ ուրախ եմ, որովհետեւ ասիկա մրցունակ ախոյեանութիւն մըն է: Միայն անոնք, որոնք չեն խաղցած Սէուտական Արաբիա կամ չեն հասկնար ֆութպոլէ, կրնան ըսել, թէ այս ախոյեանութեան մակարդակը աշխարհի առաջին հինգէն չէ: Ես 100 տոկոսով վստահ եմ իմ խօսքերուս: Այդ պատճառով ալ կը ցանկամ մնալ հոս եւ կը հաւատամ այս նախագիծին` ոչ միայն յառաջիկայ երկու տարիներուն, այլեւ մինչեւ 2034, երբ Սէուտական Արաբիան կը հիւրընկալէ մոնտիալը: Վստահ եմ, որ ատիկա պիտի ըլլայ պատմութեան լաւագոյն մոնտիալը: Կ՛ուզեմ պայքարիլ Սէուտական Արաբիոյ լաւագոյն ակումբներուն դէմ», ըսաւ Ռոնալտօ:
Անցեալ տարեշրջանին Ռոնալտօ Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան լաւագոյն կոլ-սքորըրն էր` նշանակելով 25 կոլ 30 մրցումներու ընթացքին կատարելով 3 էսիսթ: