Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆորմիւլա 1». Վերշթափըն Խաչմերուկի Վրայ…

Յուլիս 2, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երբ Աւստրիոյ կրան փրին սկսի, եւ բլուրները կեանք առնեն «Ֆորմիւլա 1»-ի ձայնով, վստահաբար արկածախնդրութեամբ հարուստ մրցում մը կ՛ակնկալուի, բան մը, որ շատ պատահեցաւ այս տարի:

Արկածներ կային, անիւ-անիւի դէմ պայքար, եւ արդիւնքը վստահ պիտի ազդէ ախոյեանութեան պայքարին վրայ:

Վերջին 4 տարիներու աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափընի յոյսերը գրեթէ չքացան, երբ ան առաջին շրջանին արկած ունեցաւ «Մերսետես»-ի Քիմի Անթոնելլիի հետ, որ վստահաբար մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ապագայի գծով:

Անցեալ շաբաթավերջի սկիզբը, հարցազրոյցի մը պահուն, Ճորճ Ռասըլ եւ Թոթօ Վոլֆ ձեւով մը հաստատեցին, որ «Մերսետես» լուրջ կապի մէջ մտած է Վերշթափընի հետ 2026-ին պայմանագրութիւն կնքելու առնչութեամբ, եւ պստահաբար իրենց վարորդներէն մէկը պատճառ դարձաւ, որ ատիկա իրականանայ:

Մինչ Վերշթափընի պայմանագրութիւնը («Ռետ Պուլ»-ի հետ) կ՛երկարի մինչեւ 2028, անոր պայմաններէն մէկուն մէջ նշուած է, թէ ան կրնայ հեռանալ խումբէն, եթէ առաջին երեք դիրքերը չգրաւէ: Այժմ պատկերը այդպէս է:

2022-ին երկարաձգելէ ետք իր պայմանագրութիւնը, «Ռետ Պուլ» շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուէր, եւ դժուար թէ ան այդ դիրքերէն աւելի վատ դիրք գրաւէր:

Այժմ Վերշթափըն այդ վատ դիրքին վրայ է, եւ որոշումը կրնայ տրուիլ: Շատ հաւանական է, որ «Մերսետես» յառաջիկայ տարեշրջանին բոլորէն աւելի լաւ ինքնաշարժ մը ունենայ, եւ ատիկա կը նշանակէ, թէ Վերշթափընի փոխադրութիւնը կրնայ շատ լաւ առիթ ըլլալ: Միւս կողմէ, հաւանական չէ, որ Վերշթափըն լաւ ժամանակ ունենայ, եթէ ապագայի աստղ Քիմի Անթոնելլի մնայ իր խմբակիցը, եւ ատիկա դուռ կրնայ բանալ Անթոնելլիի առջեւ` միանալու «Ռետ Պուլ»-ին, որ Ֆորտի հետ համագործակցելով ապագայի լաւ խումբերէն մէկը կրնայ ըլլալ:

Ինչ որ ալ որոշում տայ (Վերշթափըն), վիճելի կէտի առջեւ կրնան գտնուիլ «Վոլֆ» եւ «Մերսետես», որոնք կրնան ընտրել Ռասըլը, բայց ինչ որ պիտի ըլլայ, անկիւնադարձային որոշում մը պիտի ըլլայ Վերշթափընի համար, եթէ ան որոշէ միանալ «Մերսետես»-ին, եթէ անշուշտ «Մերսետես» առաջարկէ այդ մէկը:

Մինչ Վերշթափըն դուրս մնաց տիտղոսի համար պայքարէն, Աւստրիոյ կրան փրիէն օգտուեցաւ բրիտանացի Լանտօ Նորիս, շատ լաւ մրցում մը ունենալէ ետք, ի պատասխան` անոր ձախող Քանատայի կրան փրիին:

Շաբաթ օր ան հաստատած էր, որ Մոնրէալի մէջ ունեցած արկածը իր ետին ձգած է` ձեռք ձգելով փոլ-փոզիշընի շատ լաւ ելոյթ, շահելով առաջին դիրքը եւ կիրակի օր սկսելով առաջին դիրքէն ու զուսպ մրցում մը ունենալով կրցած է շահիլ, հակառակ իր խմբակից Օսքար Փիասթրիի ճնշումին տակ ըլլալուն: Փիասթրի պահ մը հասած էր Նորիսին, որ Քանատայի կրան փրիին զարնուած էր իր խմբակիցին եւ դուրս մնացած, բայց նոյնիսկ Նորիս աւելի զուսպ էր ու հանդարտ եւ կրցաւ պահել իր առաւելութիւնը` «Մաքլարեն»-ի հետ:

Անցեալ շաբաթավերջին այլ փաստ մըն ալ կար, թէ Նորիս աւելի արագ է, քան իր խմբակիցը, եւ ան պարզապէս կայուն չէր եւ յուսահատ կը վարէր ինքնաշարժը:

Այժմ 15 կէտերով ետ մնացած Նորիս պէտք ունի փաստելու, թէ ան նոյն ձեւով պիտի շարունակէ՞ տարեշրջանը, թէ՞ ոչ:

Տարուան սկիզբը եւ 2026-ին «Աուտի»-ի միանալէն տարի մը առաջ, «Քիք Սաուպըր»-ի վիճակը այդքան ալ լաւ չէր, եւ կը կարծուէր, թէ «Աուտի»-ի միանալը սխալ քայլ մը պիտի ըլլար:

Բայց «Սաուպըր»-ի յառաջդիմութիւնը շատ զգալի էր: Անոնք վերջին երեք կրան փրիներուն աւելի շատ կէտեր նշանակեցին, քան ամբողջ անցեալ տարեշրջանը, եւ այժմ ունին լաւագոյն «միջակ դասուած» ինքնաշարժը` անցեալ տարուան վերջին դիրքին հետ համեմատած:

Թերեւս այդքան ալ անակնկալ չէր անոնց յառաջդիմութիւնը, մանաւանդ որ Մաթիա Պինոթթօ, Ճոնաթան Ուիթլի եւ Ճէյմս Քի միացած էին «Սաուպըր»-ին, յաջորդաբար գալով «Ֆեռարի»-էն, «Ռետ Պուլ»-էն եւ «Մաքլարեն»-էն:

Խումբը ունի նաեւ հաւասարակշռուած վարորդներ վեթերան Նիքօ Հոզքենպերկ, որ ինչպէս միշտ շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, եւ սկսնակ Կապրիէլ Պորթոլեթօ, որ Աւստրիոյ մէջ իր առաջին կէտերը շահեցաւ:

Այս բոլորին պիտի միանան «Աուտի»-ի մեծ գումարները, ինչպէս նաեւ յառաջդիմելու աղբիւրներ, զորս իրեն հետ պիտի բերէ գերմանական ընկերութիւնը:

Նախորդը

Բեմադրութիւն Եւ «Կանխում» Խաղարկութեան

Յաջորդը

Ռոնալտոյի Նոր Պայմանագրութիւնը…

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 5 Կոլ Նշանակեց…
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր Կ՛որոշուի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Մրցակիցը

Յուլիս 9, 2025
Հեծելարշաւ.  Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր
Մարզական

Հեծելարշաւ. Ճամբու Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Կիրակի Օր

Յուլիս 9, 2025
Ըմբշամարտ.  Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան
Մարզական

Ըմբշամարտ. Բեգոյեան Եւրոպայի Ախոյեան

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?