Շաբաթ օր սկսաւ ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած ակումբներու մոնտիալի Բ. հանգրուանը:
Առաջին երկու մրցումներուն դիմուեցաւ երկարաձգման, բան մը, որ հետաքրքրական կը դարձնէ մրցումները, մանաւանդ համակիրներուն համար, որոնք կը վայելեն աշխարհի աստղերը բոլոր ցամաքամասերէն:
Առաջին մրցումը իրար դէմ հանեց պրազիլեան ակումբներ Փալմէյրասն ու Պոթաֆոկոն:
Մրցումը բաւական հետաքրքրական էր, ուր Փալմէյրաս ընդհանրապէս աւելի վտանգաւոր էր մանաւանդ 90 վայրկեաններուն:
Երբ կոլ չնշանակուեցաւ, դիմուեցաւ երկարաձգման, ուր Փալմէյրաս 100-րդ վայրկեանին կրցաւ նշանակել կոլ մը` Փաուլինոյի շնորհիւ, հակառակ անոր որ Պոթաֆոկօ աւելի ճնշեց երկարաձգումին:
Յաջորդ մրցումին Չելսի մարաթոն մրցումէ մը ետք պարտութեան մատնեց Պենֆիքան` 4-1 արդիւնքով:
Մրցումը սկսաւ, բայց… չորսուկէս ժամ ետք վերջ գտաւ: Չարլոթի անկայուն կլիման օրուան հերոսն էր: Մրցումը բնական կ՛ընթանար, եւ խումբերը երկուստեք կը վտանգէին իրար բերդերը: 64-րդ վայրկեանին Ռիս Ճէյմս նշանակեց Չելսիի առաջին կոլը:
Մօտ 86-րդ վայրկեանին սլովենիացի իրաւարար Սլասքօ Վինչիչ սուլեց մրցումի դադարը, երբ լուր ստացաւ, թէ կայ կլիմայական մեծ փոփոխութիւն, որ կրնայ վտանգել բոլոր մարզիկները: 3 ժամի չափ դադար առնելէ ետք, ծիածանը երեւցաւ, իսկ մրցումը շարունակուեցաւ:
95-րդ վայրկեանին Օթամենտի գլխու հարուածով գնդակը կը ղրկէր դէպի Չելսիի բերդը, երբ դպաւ Չելսիի մարզիկներէն մէկուն ձեռքին: Անվիճելի փենալթին (ՎԱՐի վրայ հաստատուելէ ետք) կոլի վերածեց Անխել Տի Մարիա:
Երկարաձգումը հազիւ սկսած, յառաջապահ Ճիանլուքա Փրեսթիանի իր 2-րդ դեղին քարտը ստանալով վտարուեցաւ դաշտէն, բան մը, որ ազդեց Պենֆիքայի վրայ:
Նքունքու, Նեթօ եւ Տուզպըրի-հոլ նշանակեցին 3 յաջորդական կոլեր, եւ Չելսի հասաւ քառորդ աւարտական` Փալմէյրասի դէմ:
Այսօր, Ինթեր Միլան ժամը 22:00-ին պիտի մրցի Ֆլումինենսէի դէմ, իսկ առաւօտեան ժամը 4:00-ին Մանչեսթըր Սիթի` Հիլալի դէմ: Վաղը ժամը 22:00-ին Ռէալ Մատրիտ կը մրցի Եուվենթուսի դէմ, իսկ առաւօտեան ժամը 4:00-ին Տորթմունտ` Մոնթերէի դէմ: