Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եուրօ 21 Տարեկանէն Վար. Անգլիա Ախոյեան 4-րդ Անգամ Ըլլալով

June 30, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ գիշեր Պրաթիսլաւայի մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու (21 տարեկանէն վար) Եուրոն, ուր Անգլիա պէտք ունեցաւ երկարաձգման յաղթելու Գերմանիոյ` 3-2 արդիւնքով:

5-րդ վայրկեանին Հարվի Էլիոթ, որ Լիվըրփուլի մարզիկներէն է, նշանակեց այս ախոյեանութեան 5-րդ կոլը` 5 մրցումներու ընթացքին, օգտուելով Նամտի Քոլինզի փոխանցումէն:

Անգլիա, որ առաջին հանգրուանին անակնալ պարտութիւն մը կրած էր Գերմանիոյ պահեստի մարզիկներէն (1-2), ինքնավստահ դարձաւ այս կոլէն ետք եւ սկսաւ վտանգել Գերմանիոյ բերդը:

24-րդ վայրկեանին Մանչեսթըր Սիթիի մարզիկ Ճէյմս Մաքաթիի փոխանցումէն ետք, Իփսուիչի յառաջապահ Օմարի Հաչինսըն նշանակեց Անգլիոյ 2-րդ կոլը` անակնկալի բերելով Գերմանիան:

Կիսախաղ չեղած, Մայնցի մարզիկներ Փոլ Նեպել եւ Նելսոն Վայփըր պատրաստեցին Գերմանիոյ առաջին կոլը, զոր նշանակեց Վայփըր: Ասիկա Վայփըրի 4-րդ կոլն էր այս մրցաշարքին, եւ ան նշանակած էր Անգլիոյ դէմ յաղթանակի կոլը, առաջին հանգրուանին:

Բ. կիսախաղին, Նեպել նշանակեց հաւասարութեան կոլը, բայց արդիւնքը մնաց անփոփոխ մինչեւ մրցումին աւարտը:

Դիմուեցաւ երկարաձգման, ուր Գերմանիա ճնշեց ամբողջ 30 վայրկեան, սակայն Անգլիա իր միակ առիթով նշանակեց կոլ մը Ճոնաթան Ռուի շնորհիւ, որ վայրկեան մը առաջ դաշտ ներկայացած էր: Մարսէյի յառաջապահը Թայլըր Մորթընի փոխանցումը զետեղեց Գերմանիոյ բերդին մէջ:

121-րդ վայրկեանին Ֆրայպուրկի միջնապահ Մերլին Ռոլ անակնկալի բերաւ ռմբային հարուածով մը, որ սակայն զսպեց… Անգլիոյ բերդին ձախ սիւնը` վերջ դնելով գերմանացիներուն վերջին յոյսին:

Նախորդը

«Ֆորմիւլա 1». «Մաքլարեն» 1-2 Դիրքերը Կը Գրաւէ Աւստրիոյ Մէջ

Յաջորդը

Ակումբներու Մոնտիալ. Չելսի Դուրս Ձգեց Պենֆիքան. Փալմէյրաս – Պոթաֆոկօ 1-0

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի  Պասքեթպոլի Տարիքային Խումբերու  Վերակազմաւորման  Նուիրուած Ձեռնարկ
Մարզական

ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի Մասնաճիւղի Պասքեթպոլի Տարիքային Խումբերու Վերակազմաւորման Նուիրուած Ձեռնարկ

October 1, 2026
Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց  Եւ Հասաւ Կիսաւարտական
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

October 1, 2026
Ազգերու Լիկա.  Հայաստան Ցաւալի Պարտութիւն Կրեց Մոնթենեկրոյէն
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Սեպտեմբերի Դասաւորումին Մէջ. Հայաստան Մնաց 107-րդ Դիրքին Վրայ

October 1, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.