Իտալիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի պատանիներու (մինչեւ 15 տարեկաններու) Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչ Արամ Սարգսեան 9-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք իր թուրք մրցակիցին, դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Ոսկի մետալակիր Սարգսեան 68 քկ կշիռի մրցումներուն կը մրցէր: 41 քկ կշիռի մրցումներուն Վահան Գրիգորեան, իսկ 48 քկ կշիռի մրցումներուն Փաւել Նազարեան դարձան արծաթէ մետալակիրներ:
Վարդան Սահակեան (44 քկ) եւ Գեղամ Եղիազարեան (52 քկ) շահեցան պրոնզէ մետալներ:
Խմբային մրցումներուն Հայաստանի հաւաքականը երկրորդ դիրքը գրաւեց: