Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դպրեվանքեան Ոգին. Տեսուչին «Պատշգամէն»

Յունիս 30, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԱՐՈՅՐ Ծ. ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Տեսուչ դպրեվանուց

Դպրեվանեան կեանքը տեսուչի դիտանկիւնէն դիտելը բոլորովին տարբեր եւ իւրայատուկ պատկեր կը պարզէ: Դիտանկիւն մը, ուրկէ դպրեվանեան կեանքը կը պարզուի աւելի ընդարձակ եւ խորունկ պատկերի մը ընդմէջէն: Մտածեցի այդ «պատշգամէն» երեւցող համայնապատկերէն քանի մը երեւոյթ առանձնացնել եւ զանոնք բաժնել ընթերցողներու հետ:

Տարուէ տարի աւարտականներ դուրս կու գան դպրեվանքի ծառայութեան դարպասէն: Որքա՜ն հետաքրքրական է այս մէկը, երբ կ՛անդրադառնաս, որ իւրաքանչիւր աւարտող աշակերտի «ոդիսական»-ին ծանօթ ես: Այլ խօսքով, գիտես, թէ տարիներ առաջ անոնք ինչպիսի՛ աշակերտներ էին, ինչպիսի չարաճճիութիւններու տէր, ինչպիսի գանգատներ բերած են իրենց մասին տեսչարան` իրենց հսկիչին կամ ուսուցիչին կողմէ, եւ ահա հիմա արդէն երիտասարդ, վկայականը իրենց ձեռքին` պիտի լծուին եկեղեցւոյ եւ ազգի ծառայութեան վեհ առաքելութեան: Քանի՜ անգամ անոնք պատճառ դարձած են, որ ուսուցիչները ափսոսանք արտայայտեն իրենց մասին, եւ ահա այսօր նոյն ուսուցիչները դրուատիքով եւ մեծ յոյսերով կը նային անոնց: Աւելի՛ն. անոնք նաեւ` իբրեւ յոյս, կ՛երթան ժողովուրդի կեանքը ծաղկեցնելու: Քանի՜ անգամ յանդիմանութիւն տալու կացութեան մէջ դրած են քեզ, նեղուած են քեզմէ, եւ սակայն այսօր այդ յանդիմանութիւնը` իբրեւ գոհարեղէն եւ յիշատակ, իրենց հետ կ՛ուզեն տանիլ:

Շրջանաւարտներէն անկախ` միւս աշակերտները, որոնք դպրեվանքի վերամուտին ի՜նչ խանդավառութեամբ իրենց տուներէն եկած են, տարուան ընթացքին անհամբեր կը դառնան  արձակուրդի երթալու: Քանի՜ անգամ ուզած են ձգել ամէն բան եւ տուն երթալ: Սակայն հիմա, երբ հասած է պահը արձակուրդի երթալու, չեն ուզեր բաժնուիլ իրենց ընկերներէն եւ դպրեվանքի կեանքէն: Վերջին «ցտեսութիւն»-ը կ՛ըսեն իրենց աւարտական մեծ եղբայրներուն, մինչ նոյն ակնթարթին արդէն իսկ իրենց աւարտելու երազը կը հիւսեն: Այդ երազը հեռու կը թուի իրենցմէ, սակայն չեն գիտեր, որ այդ «հեռուն» կարճ տեւողութեան մը համազօր է յաճախ:

Իբրեւ տեսուչ` կը տեսնես կրթական ճանապարհորդութեան մը աւարտը, իսկ միւս կողմէ` խոստմնալից սկիզբ մը: Այնպէս` ինչպէս կեանքի մէջ, ամէն վայրկեան թէ՛ ծնունդ եւ թէ՛ մահ տեղի կ՛ունենայ, ահա նոյն սկիզբն ու աւարտը իրարու կը հանդիպին մեր աչքերուն առջեւ: Կը յուսաս ու կ՛աղօթես, որ ամէն մարդ ապահով եւ անփորձանք իր կեանքը շարունակէ կերտել: Կը մաղթես, որ անոնք եկեղեցւոյ եւ ազգի պատմութեան մէջ գրիչներ ըլլան, որոնք իրենց գործով կը գրեն բազմաթիւ պատմութիւններ: Կը մաղթես, որ անոնք դպրեվանքի սէրը` իբրեւ ուժականութեան աղբիւր եւ ներշնչարան, իրենց հետ տանին ամէն տեղ: Կը ցանկաս, որ հպարտանան, որ «վերստին ծնած են» դպրեվանքի սուրբ արգանդին մէջ եւ կերտուած են իբրեւ եկեղեցւոյ եւ ազգի նուիրեալներ: Ես ալ, իմ կարգիս, այս մաղթանքներն ու աղօթքները ծալած ծրարի մը պէս սրտիս անկիւնը կը դնեմ, որպէսզի օր մը անիկա բացուի ու մարմին առնէ եւ բոլորիս յոյս ներշնչէ: Եւ այս բոլորը` միայն մեր սիրելի ծնողքին` Մայր Եկեղեցիին եւ անգին ժողովուրդին փառքին համար:

Սկիզբն ու աւարտը կեանքի գեղեցկագոյն պահերը կրնան ըլլալ, բայց անոնց միջեւ ճանապարհը տեսլական, համբերութիւն, աշխատանք եւ նուիրում կ՛ենթադրէ: Պէտք է վստահիլ այդ ժամանակամիջոցի բարի ընթացքին` հաւատալով, որ Աստուած իր խորհրդաւոր ձեւով, ուսուցիչ-հսկիչ-տեսուչի ճամբով կը գործէ, որպէսզի իւրաքանչիւր աշակերտ` իբրեւ ապագայ մարդուժ, ազգին ընծայ դառնայ: Պէտք է հաւատալ մեր պատանիներուն եւ երիտասարդներուն: Ամէն մարդ արժանի է այդ յոյսին, որովհետեւ, վստահաբար, Աստուած իւրաքանչիւրս կանչած է նպատակի մը համար… Այդ նպատակն է, որ կեանք ու իմաստ կու տայ թէ՛ քեզի եւ թէ՛ մանաւանդ շրջապատիդ:

Մինչեւ այն ատեն որ դպրեվանքը` իբրեւ կենսաղբիւր, կը կանգնի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սրտին մէջ, աւարտողներու ու  նոր արձանագրուող սաներու քանակը թող չնուազի…

 

 

Նախորդը

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Հարիւրամեայ Ատենագրութիւնը Ուղեցոյց Եւ Առաջնորդ» (Հեղինակ` Երուանդ Հ. Քասունի)

Յաջորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» Մանկապարտէզի Ամավերջի Հանդէս

RelatedPosts

Հաւատքի Մարդը  (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Հաւատքի Մարդը (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Սեպտեմբեր 27, 2025
Շարունակուող Տերեւաթափ  (Համօ Վարդանեանի Քաղցր Յիշատակին)
Անդրադարձ

Շարունակուող Տերեւաթափ (Համօ Վարդանեանի Քաղցր Յիշատակին)

Սեպտեմբեր 27, 2025
Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ
Անդրադարձ

Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?