Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Հարիւրամեայ Ատենագրութիւնը Ուղեցոյց Եւ Առաջնորդ» (Հեղինակ` Երուանդ Հ. Քասունի)

Յունիս 30, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Յաճախ կը պատահի, որ սեփական գրադարանիդ ակնարկ մը նետս եւ իսկոյն ամօթխածի զգացումը պատէ քեզ, որովհետեւ տարիներու ընթացքին հաւաքուած եւ իրենց պատշաճ տեղը գտած հարիւրաւոր գիրքեր տակաւին կը սպասեն հոգեկան հպումի մը, մտային յափշտակութեան:

Ճիշդ է, որ բազում գիրքեր արժանացած են ընթերցման, գնահատանքի ու  գէթ մարդկային վերաբերումի, բայց եւ այնպէս միւս կողմէ ալ մատեաններու ստուար թիւ մը ակնապիշ կը դիտէ սեփականատիրոջ անտարբերի մօտեցումը` յուսալով, որ օր մը իր կարգին պիտի արժանանայ քովընտի բարեկամներուն ճակատագիրին` ընթերցման հաճոյքին:

Վերոնշեալ տողերը ցուցանիշ են ահաւոր իրականութեան մը, որ կը վերաբերի գիրք-ընթերցող յարաբերութեան տակաւ շիջումին, անախորժ վիճակի ստեղծման եւ հոգեմտաւոր արժէքներու հանդէպ հետաքրքրութեան նուազումին:

Այս 21-րդ դարու մեծագոյն սպառնալիքներէն մէկն է, որուն դիմակայումը, կարծես, դարձած է լոկ ձեւականութիւն, քարոզաբոյր խօսք եւ ժամանակավրէպ մտածում` նկատի առած արդի օրերու արհեստագիտութեան սրընթաց զարգացումն ու աներեւակայելի յառաջընթացը, որուն իբրեւ հետեւանք ալ` կեանքի փոփոխութիւն:

Ահա նման մտորումներու գիրկին յանձնուեցայ, երբ մէկ շունչով կարդացի հեղինակին իսկ ձեռամբ մակագրուած խորագիրին մէջ նշուած գիրքը, զոր ստացած էի քանի մը շաբաթ առաջ, երբ գողտրիկ այցելութիւն մը տուած էի «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, սապէս մեր սիրելի աշխատակիցներուն, խմբագիրներուն եւ պաշտօնէութեան հալն ու քէֆը հարցնելու:

Անկեղծ ըսած, յայտնեմ, որ գիրքին խորագիրը քիչ մը տարօրինակ թուեցաւ, այլապէս ալ կրօնաբոյր զգացողութիւն մը պատճառեց: Այդուհանդերձ, հեղինակին ու անոր գրիչին հանդէպ մեր ունեցած պատկառանքը` ձեւով մը խայծ եղաւ գէթ արագ ակնարկ մը նետելու բովանդակութեան եւ մօտէն հաղորդակցելու անոր հետ:

Փաստօրէն, ընթերցումի քանի մը էջին յաջորդեց ամբողջ գիրքը կարդալու պապակը, որովհետեւ «ատենագրութենէ» մը ընթացք առած մտորումներու շքերթը լայն աշխարհ մը բացած էր հեղինակին դիմաց` լոյսին բերելու այնպիսի ճշմարտութիւն մը, որ դժուար թէ ոեւէ հայ չընդունի կամ ուրանայ:

Իսկ ո՞րն է այդ չարչրկուած ճշմարտութիւնը, որ ազգային մեր պարունակին կը վերաբերի, հայոց ճակատագիրին, գոյապայքարին, առօրեայ կեանքին, այլապէս ալ` մեր հաւաքական խեղճութեան, միամտութեան, խաղքութեան:

Հեղինակը, պատմաբանասէրի իր բարեխիղճ առանձնայատկութեան դիմելով` լոյսին բերած է,  «1922-ին Կ. Պոլսոյ մէջ կայացած Հայ աւետարանական եկեղեցիներու համաժողովին ատենագրութիւն»-ը, ուր արծարծուած նիւթերը էապէս կ՛առնչուին ազգին ու անոր անմիջական ճակատագիրին:

Հեղինակին զարմացնողը եղած է այն, որ հարիւր տարուան հեռաւորութիւն ունեցող գոյավիճակ մը տակաւին կը յամենայ եւ պատուհաս է դարձեր ազգի գլխին:

Չորս էջանի «Փոխան յառաջաբանի»-ն մէջ (կցեալ կը հրատարակենք առանձին) Երուանդ Հ. Քասունի ամփոփած է գիրքին միտք բանին ու զայն շաղախած մտաւորականի իր սեւեռակէտին, մտահոգ ներաշխարհին ու տեսլականին:

Այլ խօսքով` հեղինակի մտահոգութեան առանցքը եթէ երբեք հայութիւնն է առհասարակ, իր պատմական թէ արդի կացութեամբ, միւս կողմէ ան յանդուգն քայլով մը հաւաքական սեղանին կը բերէ հայաշխարհը յուզող բազում հարցերը, այլապէս ալ ազգի բաղադրիչ շերտերը` համայնք, յարանուանութիւն, կազմակերպութիւն եւ այլն, զանոնք կը հրաւիրէ առաւել իմաստաւորելու հայ կեանքը, շունչ ու ոգի փոխանցելու նորահաս սերունդին, ու մանաւանդ` հայ քաղաքական մտքին զգաստութեան կոչ կ՛ուղղէ` տէր կանգնելու Հայ դատին, պահանջատիրութեան, սփիւռքին, հայրենիքին:

Ի դէպ, Քասունի խորապէս արժեւորելէ ետք համաժողով հասկացութիւնը, դիպուկ հարցադրում կը կատարէ. «Ո՞ւր է համասփիւռքեան վարկ ու վստահութիւն վայելող համաժողովը, որ քաջութիւնը ունենար հայ սփիւռքի գոյատեւման պայքարի հարցերն ու տագնապները սեղան բերելու, եւ խոհուն առաջնորդութեամբ նախաձեռնելու` զանոնք յաղթահարող ռազմավարութիւն մը մշակելու»:

Իբրեւ տագնապող, բարեպաշտ եւ հաւատացեալ մտաւորական, էապէս եւ առանց վարանումի կ՛անդրադառնայ Հայ եկեղեցւոյ կացութեան, ոչ իբրեւ կառոյց կամ կազմակերպչական միաւոր, այլ` եկեղեցւոյ գմբէթին տակ համախմբուող ժողովուրդ, որ կռնակ է դարձուցեր անոր եւ չ՛ուզեր տեսնել 1700-ամեայ ծառայութիւնը:

Քիչ անդին, յախուռն քայլով մը, հեղինակը կը քննադատէ ներյարանուանական գոյավիճակն անգամ, երբ կը տեսնէ յամեցող թերութիւններ, բացթողումներ, ինչպէս նաեւ` ինքնագիտակցութենէ պարպուելու երեւոյթներ:

Երուանդ Հ. Քասունի, ըլլալով հայ աւետարանական, ուժգնօրէն կը ջատագովէ հայ եկեղեցիներու միութիւնն ու եղբայրասիրութիւնը: Սապէս կենդանի օրինակներ լոյսին բերելով, թէ ատենին` 1915-ի Ցեղասպանութենէն քիչ առաջ կամ ետք, հայութիւնը ականատես եղած է միջեկեղեցական ուսանելի վերաբերումի, փոխադարձ սիրոյ ու յարգանքի: Ան «համաժողով»-ի ատենագրութենէն լոյսին կը բերէ այնպիսի օրինակ, որ միայն պատիւ կը բերէ ազգին, երբ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ սպասաւորը կը քարոզէ Հայ աւետարանական եկեղեցիէն ներս եւ փոխադարձաբար, պատուելին իր պատգամը կը փոխանցէ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ խորանէն:

Հատորին մէջ լուսամիտ կրօնապետերու յարացոյցը տալով` Քասունի փորձ կը կատարէ պատմութեան դասերը վերակենդանացնելու, որպէսզի ներկայ օրերու նորահաս կուսակրօնը, ղեկավարը, ուսուցիչը, գրողը, արուեստագէտը ընդունակ ըլլայ ըմբռնելու ազգային արժեհամակարգը եւ ատով տէր կանգնի իր կոչումին:

Արդար է ըսել, որ Երուանդ Հ. Քասունիի հոգեմտաւոր աշխարհին սիւներն են հայ դպրոցը, մամուլը, եկեղեցին, կիրակնօրեայ դպրոցը, լեզուն, պատմութիւնը, մշակոյթն ու դաստիարակութիւնը: Ան ընդգծելէ ետք գէթ լիբանանահայութեան մօտիկ անցեալը, կ՛ափսոսայ, թէ որքա՜ն նահանջ արձանագրուած է ամէնուրեք:

Մատնանշումներ, վերագրումներ եւ յստակ հարցադրումներ կատարելէ ետք, Ե. Քասունի չի տատամսիր ըսելով, թէ հայ կեանքը իր բազում բնագաւառներով ունի հարցումներ, արդ, ո՞վ պիտի պատասխանէ անոնց, որպէսզի հայ անհատն ու կեանքը վերաշխուժ սլացք մը ունենայ:

Այս առումով, հեղինակը, տիպար հայեցակէտ մը կ՛արձանագրէ, յայտնելով, որ անհրաժեշտ է` «Աստուածաբանութիւնը զուգուրդել հայագիտութեան»:

Ան ընթերցողին կը յանձնէ գրաւիչ օրինակ մը, անշուշտ, Հայ աւետ. երբեմնի համաժողովի ատենագրութենէ թելադրուած, որ կը վերաբերի հայաշունչ հոգեւոր մշակի պատրաստութեան:  Փաստօրէն, օտար կրօնաւորներու մասին սերտողութեան առընթեր, պէտք է նաեւ «Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ պատմութիւնը, վարդապետութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ ոգին ցոլացնող հնադարեան աւանդութիւններ» փոխանցել:

Շատ հետաքրքրական զուգորդումով մը, Քասունի կ՛անդրադառնայ Հայ աւետ. համայնք-միսիոնար գործակցութեան եւ որդեգրուած քաղաքական դիրքորոշումին եւ այլն, ու արդարօրէն շեշտը կը դնէ, որ` «Հայ աւետ. համայնքին ու ամբողջ հայութեան կիզակէտային խնդիր է հայկական հարցն ու Հայ դատը»:

Ըսել ուզուածը այն է, որ Հայ աւետ. համայնքը, իր ծնունդէն եւ կազմաւորումէն սկսեալ, միշտ ալ սպասարկողը եղած է ազգային արժեհամակարգին` տէր կանգնելով սեփական լեզուին, պատմութեան, մշակոյթին:

Հեղինակը խոհեմ եւ աչալուրջ մօտեցումով մը սպիտակ թուղթին կը յանձնէ մեզ հաւաքաբար տագնապեցնող միտքը` վիճակագրութիւն հասկացութիւնը, որ, ցաւ ի սիրտ, հայութեան հոգեմտաւոր աշխարհին մէջ իր տեղն ու դերը չէ ունեցած:

Իրօք, վիճակագրութիւն, որ ունի գիտական հիմք եւ արհեստավարժի մօտեցում` յանուն հայ կեանքի առաւել պայծառացման եւ յառաջդիմութեան: Իսկ հեղինակին այն հարցադրումը, թէ ինչո՞ւ կը բացակայի ան հայ կեանքէն, մեր կարգին, անվարան կրնանք ընդգծել, որ երբ չկայ հաստատութենական մտածողութիւն, գիտականութիւն եւ համարձակութիւն, աւելի՛ն, երբ առկայ է հաւաքական վախի զգացողութիւնը` առերեսուելու տարբեր տեսակի իրողութեան հետ, երբ խայտառակութեան խիպը մեզ կը հալածէ ու չենք ստեղծած դիմակայութեան ռազմավարութիւն, ահա՛, պատճառը նման աշխատանքի բացակայութեան:

Հատորին մէջ, կ՛ընթերցենք հեղինակի սա դիպուկ հաստատագրումը.-

«Խոստովանինք, Հայ սփիւռքը համագործակցութեան տարածք ընդունելով` եկեղեցական, կրթական, ուսումնական, մշակութային ու քաղաքական աշխատանքի բազմատեսակ ծրագիր կարելի է մշակել եւ իրագործել, եթէ քսակներու բերանը բացուին: Մարդուժը չի պակսիր, բայց եւ ժամանակն է հասկնալու եւ ընդունելու, թէ ներկայ դարուն, կամաւորներու նուիրուածութեամբ մակարդակ պահանջող արհեստավարժ գործ կարելի չէ իրականացնել, եւ ոչ ալ Ազգային դատ հետապնդել»:

Արդ,

Չափազանցած չենք ըլլար, եթէ երբեք յայտնենք, որ 166 էջանի հատորը, իր բովանդակած պատմաբանասիրական, մատենագիտական թէ կենսագրական տուեալներու առատութեամբ, ուսուցողական արժանիք ունի` առաւել տէր կանգնելու ազգային ինքնութեան, պատկանելիութեան եւ ազգային պետականութեան:

Արդար է ընդգծել, որ հեղինակը` հայկականութեամբ լիացած ու սերունդներ դաստիարակած վերջին մոհիկաններէն մէկը, իր գիտական միտքով, ստեղծագործ գրիչով եւ եզակի հաւատամքով տակաւին կը շարունակէ իր երթը, տէր կանգնելով իր սրբազան կոչումին` հայ իրաւ գրողի առանձնայատկութեան:

Ե. Քասունի, սթափումի ահազանգը հնչեցնելով, կ՛ըսէ. «Սեփական ժողովուրդի պատմութիւնը անտեսել, կը նշանակէ ուրանալ ազգային պատկանելիութիւնն ու ժառանգուած մշակոյթի ու դիմագիծի տիրութիւնը»:

Աւարտին,

Սփիւռքի եւ մանաւանդ լիբանանահայ հոգեմտաւոր բեմահարթակին վրայ իր ուրոյն տեղն ու դերը ունեցած Երուանդ Հ. Քասունի, որուն բեղուն գրիչը ցարդ կը շարունակէ ստեղծագործել յանուն հայ գրականութեան եւ պատմագրութեան առաւել զարգացման, ճանաչումին, տարածման եւ յստակեցման, շատերու կողքին, ուղեցոյց եւ առաջնորդ է, իր քննական-քննադատական ու պրպտողի միտքով, բոցաշունչ պոռթկումով եւ եզակի հաւատքով: Բարի երթ:

Փոխան Յառաջաբանի

(«Հարիւրամեայ Ատենագրութիւնը Ուղեցոյց Եւ Առաջնորդ» Գիրքին)

Մամուլին յանձնուած այս աշխատասիրութեան նախաձեռնութիւնը թելադրուած է հայ ժողովուրդի, եւ ուրեմն` Հայ աւետարանական համայնքի ե՛ւ ժամանակագրական ե՛ւ պատմական առումով ճակատագրական մէկ պահու ինքնութեան եւ ինքնաճանաչման վկայագրութենէն, որ եթէ աշխատանքային` մէկ քանի օրերու սահմանափակում ունի, էութեամբ` օրուան պարտադրած բազմերես հարց ու տագնապի բեռ կը կրէ, ու յարութիւն առածի խանդով, հայու հաւատքով ազգային կեանքին կառչած` դարը իրեն սահմանագիծ, վաղուան գոյութեան պայքարին կը պատրաստուի:

Լոյսին եկող աշխատասիրութեան առաջին նպատակն է` 5-10 յուլիս 1922-ին Կ. Պոլսոյ մէջ կայացած «Հայ աւետ. եկեղեցիներու համաժողովի» ատենագրութեան երկրորդ հրապարակումը(1), որուն ընթերցումը կը հաստատէ անոր պատմական կարեւորութիւնը եւ մերօրեայ այժմէութիւնը:

Տարին 1922, որ տակաւին կը յուշէր Համաշխարհային [Ա.] պատերազմի աւարտով ու միջազգային դաշնագրով երաշխաւորուած շարունակուող խաղաղութեան օրերու լաւատեսութիւնը, երբ թուրքին կացինով` ցեղասպանուած, կոտորակուած եւ հայրենազուրկ հայը, ապաւինած քրիստոնեայ Եւրոպայի եւ ԱՄ Նահանգներու «ժպիտ»-ին ու «խոստում»-ներուն, կը յուսար իր պատմութեան նոր էջը բանալ: Բայց շաբաթը եկաւ ուրբաթէն առաջ, 1922 տարին աւարտին չհասած, քեմալական բանակները հասան Կ. Պոլիս, եւ… քրիստոնեայ Եւրոպան ու ԱՄ Նահանգները «քրիստոնէաբար» «սիրելով թշնամին», դիմաւորեցին զանոնք:

Ուշագրաւ է Կ. Պոլսոյ մէջ կազմաւորուած համաժողովի խորագիրը` «Ատենագրութիւն Հայ աւետ. եկեղեցիներու համաժողովին»(2): Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս Հայ Աւետ. եկեղեցիներու չորս միութիւն կազմուած էր`

– Բիւթանիոյ աւետարանական միութիւն, 1864 թ.,
– Արեւելեան կամ Խարբերդի աւետ. միութիւն, 1866 թ.,
– Կիլիկիոյ աւետ. միութիւն, 1867 թ.,
– Կեդրոնական աւետ. միութիւն, 1868 թ.(3)

1922 թ. Կ. Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած համաժողովը կը գումարուի Բիւթանիոյ միութեան տարածաշրջանին վրայ, բայց չի սահմանափակուիր Բիւթանիոյ միութեան եկեղեցիներով. համաժողովը ներկայացուցիչներ կը հաշուէ նաեւ այլ միութիւններէ, ինչ որ համաժողովին համամիութենական բնոյթ կու տայ:

Պարզ է, իւրաքանչիւր համագումար ու համաժողով կ՛արժեւորուի մասնակից անդամներուն ուսման մակարդակով, իմացական կարողութեամբ, ստեղծագործական վաստակով, աշխատանքային փորձառութեամբ ու վայելած հեղինակութեամբ: Այս առումով, 1922 թ. Կ. Պոլսոյ մէջ գումարուած համաժողովին մասնակից անդամներու ցուցակը կը բացայայտուի մեծ թիւով խօսք ու կշիռ ունեցող վաստակաշատ ժողովականներով:

Եւ հաստատուած իրողութիւն է, որ համաժողովներն ու համագումարները առաջին հերթին իմաստ ու կարեւորութիւն կը ստանան սեղան բերուած օրակարգով: Ու հոս պիտի յիշենք` անորոշ վաղուան դէմ յանդիման, անխուսափելի գոյութեան պայքարի պատրաստուող ժողովուրդի մը զաւակներուն սեղան բերած օրակարգի մասին է խօսքը, օրակարգ, որ կը վկայէ, թէ ամէն ինչ իմաստութեամբ ու հեռատեսութեամբ ծրագրուած է եւ առաջադրուած:

Համաժողովի իւրաքանչիւր որոշում գոյատեւման պայքարը յաղթական աւարտին հասցնելու համար է: Առանձնապէս ուշագրաւ են համաժողովին ներկայացուած ուղերձները, որոնք վստահուած են նիւթին քաջածանօթ անձերու առաւել հետաքրքրական է եւ այն, որ առաջին հերթին հարցին քննարկումին հրաւիրուած են արծարծուած նիւթին գիտակ քանի մը այլ յարգելի անուններ: Բայց որ համաժողովը իր մթնոլորտով, արծարծած հարցերով ու քուէարկած որոշումներով ուսանելի է եւ այսօր, այն է, որ այդ բոլորը մեր այսօրը կը յիշեցնեն: Սրտամօտ հարց մը, սփիւռքահայ կեանքի մէջ ինչ փոխուած է մէկ դարու ընթացքին: 1922 թ. համաժողովին սեղան բերուած հարցերէն քանին իրենց վերջնական պատասխանն ու լուծումը գտած են այսօր: Ու որպէսզի համոզկեր ըլլանք, համաժողովին ատենագրութիւնը ուղեցոյց եւ առաջնորդ ընդունած, աշխատասիրութեան ներածութիւնը նուիրած ենք համաժողովին առաջադրուած հարցերու քննարկման, հարցեր, որոնք նաեւ մեր հարցերն են այսօր:

Բայց հարցումը. ո՞ւր է համասփիւռքեան վարկ ու վստահութիւն վայելող համաժողովը, որ քաջութիւնը ունենար հայ սփիւռքի գոյատեւման պայքարի հարցերն ու տագնապները սեղան բերելու, եւ խոհուն առաջնորդութեամբ նախաձեռնելու` զանոնք յաղթահարող ռազմավարութիւն մը մշակելու: Ցարդ, դժբախտաբար, ռազմավարութիւն մշակելու անգամ բարձրագոյն հեղինակութեամբ արձակուած կոչերը հանդիպեցան անտարբերութեամբ քուն մտած ականջներու: Ուրեմն ինչ, հայ սփիւռքը կը մնայ դիտողի երջանիկ ինքնախաբէութեան մէջ, ու հայուն յատուկ այլասերութեամբ, Ես-ին եւ անձնասերութեան ստրկացած, կը համակերպի՞ պայքարէն պարտուած դուրս գալու գաղափարին:

Պիտի հարց տալ եւս անգամ մը, կը համակերպի՞նք պարտութեան, ու կը հանդիսանա՞նք համրացած վկաները հայ սփիւռքի մաշումին ու քայքայումին:

Տիրող անխնայ այս իրողութեան դէմ յանդիման, 21-րդ դարու բախտորոշ ու ճակատագրական մեր օրերուն, կը սթափի՞ սփիւռքահայուն միտքն ու մտածողութիւնը, դատողութիւնը, ազգային գիտակցութիւնը իր հաւատքին, մշակոյթին ու պատմութեան հանդէպ, ու կը հրահրէ՞ անոր նուիրումի, ծառայութեան ու զոհողութեան պատրաստակամութիւնը:

21-րդ դ., ինչպէս բոլոր դարերուն, արծաթը տիրապետող խօսք ունի. հայու քսակին բերանը կը բացուի՞ յաղթական ելքի ճանապարհ հարթելու համար:

Իւրաքանչիւր սերունդ հաշուետու է իր ապրած օրերուն համար: Երէկին հասցէագրուած դատապարտութիւնը այսօրը չի փրկեր: Այսօրը ի՛ր տէրը ունի: Զինանոցները պարտուած ներկայութիւն են, եթէ զէնք բարձրացնող բազուկներ չկան:

Սթափումի ահազանգը պէտք է իմաստաւորել միջազգային մակարդակի վրայ Հայ դատի ու պահանջատիրութեան բարձրագոռ քարոզչութեամբ, եւ նոյնքան առաջնահերթ` նորահաս սերունդներուն Հայ դատի ու պահանջատիրութեան զինուորագրութեամբ:

Վաղը` այսօրով կ՛իմաստաւորուի:

Այսօր` գոյատեւման պայքարի ճանապարհը հարթե՞լն է որոշումը, թէ՞ մահաքունի դատավճիռին համակերպումը:

Վաղուան յուսալը համակերպումի որոշում է:

ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ

———–

(1) Գրադարանիս սկզբնաղբիւրներու բաժնին մէջ կը հանգչէր` «Տոմար արձանագրութիւններու բիւթանական միութեան 1909, 1910, 1911, 1913 1922 [տարիներու]  ժողովներու»-ն մէկ կողքի տակ կազմուած հատորը: Տոմարը, լուսապատճէնահանուած 131 ձեռագիր էջերու (20×29 սմ.) մէջ կ՛ընդգրկէ նշեալ հինգ համաժողովներու ատենագրութիւնները: Վերջինը` էջ 111-131, մեր աշխատասիրութեան առարկան է:

Հոս նաեւ ճշդում մը: 1922 թ. Կ. Պոլսոյ մէջ «Համաժողով հայ աւետարանական եկեղեցիներու, յուլիս 5-10, 1922» խորագիրով եւ «(Պաշտօնական ատենագրութիւններ, ուղերձներու ամփոփումներ եւ ազգապետարանի տեղեկագիրներ)» ենթախորագրով` հրատարակուած է գրքոյկ մը (60 էջ), որ կ’ամփոփէ համաժողովի ամբողջ ընթացքը: Ներկայ աշխատասիրութեան մէջ արտատպած ենք համաժողովի մեր մօտ գտնուող ձեռագիր ատենագրութեան վերոնշեալ պատճէնը: Համաժողովին եւ միսիոնարներու հետ խառն ժողովին արտասանուած ութ ուղերձներէն միայն երկուքին` փրոֆ. Միհրան Ճէճիզեանի «Աւետ. եկեղեցիներու կոչումը» եւ փրոֆ. Արմենակ Տէր Յակոբեանի «Հայ աւետ. եկեղեցիներուն դերը հայ ազգային կեանքին մէջ» ամփոփումները հրատարակուած են գրքոյկին մէջ, ինչպէս` իրենց ամբողջութեան մէջ, փրոֆ. Զենոբ Պէզճեանի երկու տեղեկագիրները:

(2) Հոս, հարկ է յիշել որ Հ. [Ա.] պատերազմէն ետք Կիլիկիոյ Հայ աւետ. եկեղեցիներու միութիւնն էր, որ 1919 թ. առաջինը կ՛ըլլար համաժողով գումարելու:

(3) Իւրաքանչիւր միութեան աշխարհագրական տարածաշրջանին եւ անոր անդամ եկեղեցիներուն համար տես` վեր. Տիգրան Խրլոբեան, «Ոսկեմատեան», Ա. հտր., Հալէպ, 1950, էջ 23-26:

Նախորդը

Ժողովուրդը Սովի Մատնեցէք՝ Նպատակէն Շեղեցէք – Պատժամիջոցներուն Դաժան Տրամաբանութիւնը

Յաջորդը

Դպրեվանքեան Ոգին. Տեսուչին «Պատշգամէն»

RelatedPosts

Հաւատքի Մարդը  (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Հաւատքի Մարդը (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Սեպտեմբեր 27, 2025
Շարունակուող Տերեւաթափ  (Համօ Վարդանեանի Քաղցր Յիշատակին)
Անդրադարձ

Շարունակուող Տերեւաթափ (Համօ Վարդանեանի Քաղցր Յիշատակին)

Սեպտեմբեր 27, 2025
Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ
Անդրադարձ

Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?