Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճի տարրական բաժնի եւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 17 յունիսի երեկոյեան, «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ:
Հանդէսին ընդհանուր բնաբանը հայկական տօներն ու աւանդութիւններն էին: Յայտագիրը սկսաւ Հայաստանի, Արցախի եւ քոլեճի քայլերգներով, որոնք մեկնաբանուեցան աշակերտներուն կողմէ` ղեկավարութեամբ Գայեանէ Մարկոսեանի:
Մանկապարտէզի եւ տարրական դասարաններու փոքրիկ աշակերտները համարձակութեամբ ու խանդավառութեամբ` բեմականացած ձեւով ներկայացուցին հայկական տօներն ու աւանդութիւնները` Նոր տարիէն, Տեառնընդառաջ, Բարեկենդան, Ծաղկազարդ, Զատիկ, Համբարձում, Վարդավառ, հասնելով Աստուածածնայ տօնին եւ խաղողօրհնէքին: Աշակերտները խօսքերով, երգերով ու պարերով կենդանացուցին այս աւանդութիւնները` արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափերուն: Բեմականացման ընթացքին պարբերաբար կը ցուցադրուէին նաեւ կարճ տեսերիզներ` ներկայացուած տօնին մասին:
Հանդէսին մասնակցող աշակերտները չմոռցան նաեւ հայրենիք Լիբանանը, որուն նուիրեցին աշխուժ պարեր եւ երգեր:
Յայտագրին ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ քոլեճի 40-ամեակին նուիրուած կալա-ընթրիքին մասին տեսերիզ մը:
Փոքրիկ աշակերտները բացառիկ ճկունութեամբ եւ ճարտարութեամբ ներկայացուցին չափական պարի եւ երգերու շարան մը, որ հիացում պատճառեց ներկաներուն: Այս բաժնին յաջորդեց մանկապարտէզի աշակերտներուն ապագայի երազներուն մասին տեսերիզ մը, ուր իւրաքանչիւր փոքրիկ կ՛ըսէր, թէ ի՛նչ կ՛ուզէ ըլլալ, երբ մեծնայ:
Շրջանաւարտ դասարանի աշակերտներուն վերջին պարէն ետք բեմ բարձրացաւ մանկապարտիզպանուհի Զապէլ Փաջանեանը, որ շնորհաւորեց աւարտական դասարանի աշակերտներն ու անոնց ծնողները. ապա ան խօսքը տուաւ քոլեճի տնօրէն Անի Բագրատունիի, որ դիտել տուաւ, թէ ըսելիք բան չմնաց դիտելէ ետք փոքրիկները, որովհետեւ անոնք ամէն ինչ ըսին իրենց խօսքերուն, երգերուն եւ պարերուն ընդմէջէն: Ան շնորհաւորեց մանկապարտիզպանուհին եւ ուսուցիչները, որոնք յաջողած են այսպիսի աշակերտներ պատրաստել: Ապա Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ծաղկեփունջեր նուիրեցին մանկապարտէզի բոլոր ուսուցիչներուն: Նկատի ունենալով, որ հանդէսին մօտիկ թուականի կը զուգադիպէր Հայրերու օրը, բոլոր աշակերտները մէկական ծաղիկ նուիրեցին իրենց հայրերուն:
Յայտագրի վերջին բաժինով Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ստացան դպրոցական կեանքի իրենց առաջին վկայականը: Վկայական ստացող աշակերտներուն հետ բեմ բարձրացան նաեւ քոլեճի շրջանաւարտ անոնց ծնողները:
Հանդէսը փակուեցաւ Աբրահամ աբղ. Ճուլֆայեանի ներկաներուն ուղղուած խօսքով եւ «Պահպանիչ»-ով: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները, վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցիչները: Իր խօսքին մէջ ան շեշտեց կարեւորութիւնը հայ դպրոցին, որուն հիմը դրած է Մեսրոպ Մաշտոց:
2024-2025 տարեշրջանի Ծաղիկ դասարանի շրջանաւարտներ.
Չիւրիւքեան Սեւակ, Գսաճըգեան Սանտրա, Թաուք Սէր-Ռիթա, Թաշճեան Վէմ, Զղոնտի Լիամ, Զղոնտի Էյտըն, Թովմասեան Քէյ, Ագըլ Լին, Ճեւահիրճեան Սառա, Գնտոյեան Սարել: