Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովուրդը Սովի Մատնեցէք՝ Նպատակէն Շեղեցէք – Պատժամիջոցներուն Դաժան Տրամաբանութիւնը

Յունիս 30, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

«Յաճախ Արեւմուտքին կողմէ կիրարկուող իբր թէ երկիրներուն քաղաքական փոփոխութիւններ պարտադրելու գործիք` պատժամիջոցները չկրցան հասնիլ իրենց նպատակներուն» (1):

Այս է խորագիրն ու ենթախորագիրը լիպիացի ակադեմիկոս, մրցանակակիր լրագրող եւ վերլուծաբան Մուսթաֆա Ֆեթուրիի 19 մայիս 2025-ի «Ռաշա Թուտէյ»-ի յօդուածին, որ ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ, իմ կողմէս կարգ մը նշումներով` աստղանշանով եւ *շեղագիր: Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի ուսումնասիրութեան, Միացեալ Նահանգները աշխարհի տարածքին ցարդ  15 հազար 373 պատժամիջոցներ հաստատած են (2) *:

«Պատժամիջոցները միջազգային դիւանագիտութեան մէջ նախընտրելի գործիք դարձած են, որոնք կը կիրարկուին պատերազմէ խուսափելու համար, կամ` երբ պատերազմը քաղաքականապէս անախորժ է: Տեսականօրէն պատժամիջոցները կոչուած են ճնշում բանեցնելու երկիրներու վրայ, որպէսզի անոնք փոխեն իրենց քաղաքական ընթացքը, կամ` ստիպելու անոնց, կատարել որոշ վէճերու մէջ արեւմտեան պետութիւններու պահանջները: ՄԱԿ-ի 2023-ի զեկոյցին համաձայն, Միացեալ Նահանգները, Անգլիան, Եւրոպական Միութիւնը եւ Քանատան պատժամիջոցներու «բեղմնաւոր» գործածողներ են, ներառեալ` դրամատնային պատժամիջոցները, որոնք կ՛ազդեն թիրախ երկրին ամբողջ բնակչութեան վրայ»:

Վկայ Լիբանանը, ուր սեպտեմբեր 2019-ի Արեւմուտքին սարքած «յեղափոխութենէն» ի վեր սղաճը հասաւ 4 հազար 467 տոկոսի` լիբանանեան դրամը տոլարին դիմաց արժեզրկուելով շուրջ 60 պատիկ*:

«Սակայն պատժամիջոցները, յատկապէս անոնք, որոնք ուղղուած են ամբողջ տնտեսութիւններուն վրայ, բազմիցս չեն կրցած քաղաքական փոփոխութիւններ պարտադրել: Փոխարէնը` անոնք յաճախ աւերիչ հետեւանքներ ունեցած են պարզ ժողովուրդին վրայ` անվնաս թողելով քաղաքական վերնախաւը: Անոնք պարզապէս կը վերածուին ամբողջ բնակչութեան դէմ հաւաքական պատիժի:

«Պատմութիւնը լեցուն է օրինակներով, երբ պատժամիջոցները շատ աւելի պատժած են բնակչութիւնը, քան` կառավարութիւնները: Աֆղանիստանէն եւ Իրաքէն մինչեւ Լիպիա, Իրան եւ Հիւսիսային Քորէա` պատժամիջոցները հիմնական հարց կը յառաջացնեն. ինչպէ՞ս  ՄԱԿ-ը, որ հիմնուած է խաղաղութեան եւ մարդկային արժանապատուութիւնը պահպանելու համար, կ՛արդարացնէ միջոցներ, որոնք յաճախ հաւաքական տառապանք կը պատճառեն: ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան նախաբանը կ՛ըսէ. «ՄԱԿ-ը պէտք է «միջազգային միջոցներ գործադրէ բոլոր ժողովուրդներու տնտեսական եւ ընկերային յառաջընթացը խթանելու համար»: Միեւնոյն ժամանակ նոյն փաստաթուղթին 41-րդ յօդուածը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին (ՄԱԿԱԽ) կու տայ պատժամիջոցներ կիրարկելու կատարեալ լիազօրութիւն, ներառեալ` նամակատնային ծառայութեան նման հաղորդակցութիւններու «ընդհատում»:

«Պատժամիջոցներու մոլեռանդ կողմնակիցները, բաւական խաբուսիկ կերպով, եզր մը գտած են` նուազագոյնի հասցնելու անոնց կործանարար մարդկային վնասը: Անոնք կը նկարագրեն` իբրեւ «խելացի» կամ «նպատակային», այսինքն կը թիրախաւորեն միայն քաղաքական դասը եւ վերնախաւը, մինչ նուազագոյն ազդեցութիւն կ՛ունենան բնակչութեան լայն շրջանակներուն վրայ: Սակայն իրականութեան մէջ այդպէս չէ: Պատժամիջոցները, խելացի, կամ` այլ կերպ, կը ներառեն` ունեցուածքի սառեցում, ճամբորդութեան արգելքներ, տնտեսական պոյքոթներ, դիւանագիտական մեկուսացումներ եւ պատժիչ միջոցներով սպառնալիքներ:

«Ռուսիա – Պատժամիջոցները` ուքրանական հակամարտութեան լոյսին տակ:

«Նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ տարբեր ուսումնասիրութիւններու համաձայն, Ռուսիան կը գտնուի պատժամիջոցներու աւելի քան 28.000 պարագայի տակ, որոնք սահմանուած են ուքրանական հակամարտութեան սրումէն ետք: ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի անոր վեթոյի իրաւունքին շնորհիւ` ՄԱԿ-ի կողմէ ո՛չ մէկը կիրարկուեցաւ: Փոխարէնը` ԱՄՆ-ը, ԵՄ-ը եւ Անգլիան միացան` ոչ միայն իրենց սեփական պատժամիջոցները կիրարկելու, այլեւ այլ երկիրներու սպառնալով նոյնը ընել` ճնշելու համար: Գաղափարը այն էր, որ ռուսական տնտեսութիւնը խեղդուի, որպէսզի ստիպեն Մոսկուան` ընդունիլ ուքրանական հակամարտութիւնը արեւմտեան պայմաններով աւարտել: Նախագահ Փութինը իրաւացիօրէն կը կարծէ, որ գլխաւոր նպատակն է ռազմավարականօրէն տկարացնել Ռուսիան երկարաժամկէտ տնտեսական հետեւանքներով:

«Որոշ պատժամիջոցներ տարօրինակ են եւ զաւեշտական: Ահա` քանի մը օրինակներ. ռուսական կատուներուն արգիլուած է` մասնակցիլ միջազգային մրցումներու… Ամերիկայէն արտածումը արգիլուած է` պոչաւոր դաշնամուրներու, թամբերու, ծամելու ծխախոտի, ծխախոտի եւ ծխախոտի աւելցուքի, ամերիկեան փրփրող գինիներու եւ Տիզնիի «Կարմիր դառնալով» մանկական ժապաւէնի արտահանումը: Թէ ինչպէ՞ս այս արգելքները կ՛օգնեն Ուքրանիոյ, հանելուկ մըն է:

«Աւելի լուրջ եւ անամօթաբար հակասական` ի յայտ եկած արեւմտեան «արժէքներու» լոյսին տակ, «Ռաշա Թուտէյ»-ի եւ եւրոմիութեան մէջ ռուսական բոլոր լրատուամիջոցներուն դէմ արգելքն է: Ես Փարիզի կրպակներուն մէջ կը տեսնէի տպագիր ռուսական «Իզվեսթիա» օրաթերթը, բայց` ոչ 2022-էն ետք: Մինչ ԵՄ-ը երբեք դադարեցուցած չէ աշխարհին խօսքի ազատութեան մասին քարոզ կարդալը: ԵՄ-ի մէջ մարդիկ չեն կրնար տեսնել կամ լսել ռուսական որեւէ նորութիւն, որ անոնց լուրերը միակողմանի կը դարձնէ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան մասին:

«Թէեւ որոշ բնագաւառներու պատժամիջոցները, ինչպիսիք են փոխադրութիւնը եւ ելեկտրոնային վճարումները, ազդած են սովորական մարդոց կեանքին վրայ, պատժամիջոցներու դրութիւնը ընդհանուր առմամբ ցարդ տուած չէ այն արդիւնքը, որ իսկապէս կը ցանկային, այսինքն` Փութինի տապալումը եւ Ռուսիոյ տնտեսութեան ընդհանուր տկարացումը»: *Ընդհակառակը, Ռուսիան տարուէ տարի տնտեսական աճ կ՛արձանագրէ, 2023-2024-ին` 4 տոկոս աճ, որեւէ արեւմտեան երկիր այդքան աճ չունի, հաւաքական Եւրոպան 1,1 տոկոս, իսկ եւրոյի միջավայրը` 0,9 տոկոս*:

«Լիպիան եւ Լոքըրպիի պատժամիջոցները:

«Լիպիան ընդհանուր բնակչութեան հանդէպ աւերիչ` ամբողջական պատժամիջոցներու օրինակ մըն է: Ի տարբերութիւն Ռուսիոյ` Լիպիան ՄԱԿ-ի ԱԽ-ին մէջ վեթոյի իրաւունք ունեցող անդամ չէ, որ կը նշանակէ, թէ գրեթէ բոլոր պատժամիջոցները սահմանուած են ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի համապատասխան բանաձեւերու միջոցով` պարտադիր դարձնելով ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր երկիրներուն համար:

«1988-ին Լիպիան մեղադրեցին Սկովտիոյ վրայով ամերիկեան «Փան Ամերիքըն» թռիչք թիւ 103 օդանաւի պայթումը կազմակերպելուն մէջ, որուն պատճառով զոհուեցան օդանաւի բոլոր 259 ճամբորդները, նաեւ` գետնին վրայ 11 անձեր:

«ԱՄՆ-ը եւ Բրիտանիան ՄԱԿ-ի ԱԽ-ին պարտադրեցին իրենց կամքը` պատժամիջոցներ կիրարկելու Լիպիոյ դէմ, ներառեալ` Լիպիայէն եւ դէպի Լիպիա օդային ճամբորդութեան ամբողջական դադրեցում, արտերկիր գտնուող լիպիական հարստութեան սառեցում եւ բազմաթիւ ապրանքներու` գիտական, փոխնորդ մասերու, դեղերու եւ սնունդի որոշ տեսակներու առեւտրական արգելք:

«Նպատակն էր ստիպել Լիպիան` յանձնելու պայթումին մէջ մեղադրուող իր երկու քաղաքացիները եւ առաջին հերթին` տապալել Քազզաֆիի կառավարութիւնը: Լիպիոյ ամբողջ բնակչութիւնը ապրեցաւ այդ խիստ պատժամիջոցներուն տակ 1992-էն մինչեւ 2003, երբ փոխզիջումի միջոցով կասկածեալները պիտի դատուէին չէզոք վայրի մէջ ստեղծուած սկովտիական դատարանի մը մէջ: Տարօրինակ պատժամիջոցներէն մէկն ալ հետեւեալն էր. Մալթայի համալսարանի փոխանակման ուսանողը կրնար քրէական պատիժի ենթարկուիլ, եթէ համալսարանի միակ ճաշարանէն, որ կը պատկանէր ԱՄՆ-ի կողմէ պատժամիջոցներու տակ գտնուող լիպիական ընկերութեան մը, որեւէ բան գնէր…

«Իրաք` մարդասիրական աղէտ:

«Մարդոց նկատմամբ առօրեայ պատժամիջոցներու, մարդկային զոհերու ամենավատ օրինակը Իրաքն է: Իրաքը առաջին անգամ պատիժի ենթարկուեցաւ 1990-ի օգոստոսին, Քուէյթ ներխուժելէն ետք: Սակայն այդ պատժամիջոցները չկրցան ստիպել, որ ան հեռանայ Քուէյթէն, ինչպէս նաեւ չյանգեցուցին նախագահ Սատտամ Հուսէյնի պաշտօնանկութեան: 2003-ին ԱՄՆ-ը եւ Բրիտանիան մեղադրեցին Իրաքը զանգուածային ոչնչացման զէնքեր ունենալու մէջ եւ ներխուժեցին այդ երկիր` առանց ՄԱԿ-ի արտօնութեան: Ներխուժումին նախապատրաստումը կը ներառէր արդէն գոյութիւն ունեցող կոշտ պատժամիջոցներու ընդլայնումը եւ ուժեղացումը` աւելցնելով տարօրինակ իրեր, ինչպիսիք են` կպչուն թուղթը, ալիւմինիոմէ փայլաթերթը, բարդերը, գիրքերը, հեծանիւները,  մոմեր, հաշուիչներ, տեսախցիկներ, գորգեր, ամանեղէն, ակնոցներ եւ հովահարներ:

«Սատտամ Հուսէյնը եւ իր կառավարութիւնը տոկացին պատժամիջոցներուն 1990-էն մինչեւ 2003-ի յարձակումը, սակայն, այսպէս կոչուած, «խելացի» պատիժները ցեղասպանութեան համազօր էին երկրին բնակչութեան համար: Օրինակ, ըստ ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի, 5 տարեկանէն վար 500 հազար մանուկներ մահացան պատժամիջոցներուն պատճառով: Այլ աղբիւրներ կը գնահատեն շուրջ 570 հազար զոհ:

ՄԱԿ-ի մէջ Պոլիվիոյ դեսպան` Սաշա Լորենթի 2017-ին Ապահովութեան խորհուրդին ցոյց կու տայ այս նոյն սրահին մէջ 2003-ին Քոլին Փաուըլի սուտ վկայութիւն կատարող նկարը` ձեռքին բռնած իրաքեան քիմիական զէնքի նմուշի մը կեղծ սրուակը:

«Ընդհանուր առմամբ եւ 2003-ի յարձակումէն ետք, պատժամիջոցներն էին մէկուկէս միլիոն իրաքցիներուն մահուան գլխաւոր պատճառը, մինչ վերապրողները տառապեցան երկարաժամկէտ հետեւանքներով, սնունդի պակասին պատճառով: Այսուհանդերձ, Իրաքի մէջ ոչ մէկ զանգուածային ոչնչացման զէնք յայտնաբերուեցաւ: Ամերիկայի այն ժամանակուան արտաքին գործոց նախարար Մատլեն Օլպրայթ (անհաւատալիօրէն, հրէշաբար*) 1996-ին բացատրեց, որ իրաքցիներուն մարդկային զոհերուն գինը արժե՛ց («the human price paid by the Iraqis was «worth it»):

Տե՛ս «ՄԱԿ-ը թատերաբեմ` իր իսկ ուխտին կրկնուող ոտնակոխման. «Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, որ Ամերիկան կը ստէ պատերազմներ արդարացնելու համար» (4), 13 ապրիլ 2017-ի յօդուածս:

*Հետագային Քոլին Փաուըլ, քանիցս զղջալով, խոստովանած է այդ մեծ սխալը` յայտնելով, որ 2003 թուականի իր ելոյթը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ` «Իմ կեանքիս ամէնէն ստորին արարքն էր»: «Եթէ գիտնայինք, որ հետախուզական տեղեկութիւնները սխալ էին, Իրաքի վրայ չէինք յարձակիր: Բայց (Ամերիկայի) հետախուզական բոլոր 16 ծառայութիւնները վստահեցուցին, որ տեղեկութիւնները ճշգրիտ էին», ըսաւ ան հեռատեսիլի «Էն.Պի.Սի.» կայանի 6 սեպտեմբեր 2016-ի «Մամուլի հետ հանդիպում» յայտագիրին (5): 16 ստախօս հետախուզական ծառայութիւններ…*:

«Աֆղանիստան – պատժամիջոցներ, որոնք երբե՛ք չվերացան:

«Համապարփակ պատժամիջոցներու մէկ այլ կործանարար օրինակ կարելի է գտնել Աֆղանիստանի մէջ` 1990-ականներէն սկսեալ, երբ առաջին անգամ տիրեցին թալիպանները: Պատժամիջոցներուն մեծ մասը այն ժամանակ սահմանուած էր ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի կողմէ, ներառեալ` 1267 (1999) բանաձեւը, որ կ՛արգիլէր օդային ճամբորդութիւնը եւ դրամի արտաքին պահեստի` ունեցուածքի սառեցում:

«Երբ թալիպանները ջախջախեցին ՕԹԱՆ-ի եւ ԱՄՆ-ի կողմէ մարզուած ուժերը, օգոստոս 2021-ին այդ պատժամիջոցները չեղեալ համարեցին, սակայն վերստին կեղծ անուանումով «խելացի/նպատակային» պատժամիջոցներ պարտադրեցին, որոնք իբր թէ ուղղուած էին թալիպան պաշտօնեաներուն, սակայն կ՛ազդեն ընդհանուր բնակչութեան վրայ: 2022-ին Ճօ Պայտընի վարչակարգը բառացիօրէն 7 միլիառ տոլար գողցաւ Աֆղանիստանի Կեդրոնական դրամատունէն:

«Այսօր գրեթէ բոլոր տեսակի արտաքին օգնութիւնները, որոնք երկրին հաւանականօրէն հասանելի պէտք է ըլլան, կա՛մ չեն հասնիր, կա՛մ միայն փոքր ծաւալներով կ՛անցնին պատժամիջոցներուն պատճառով, այդպիսով գրեթէ չի բաւարարեր պատերազմէն աւերուած բնակչութեան կարիքները: Ի վերջոյ, պատժամիջոցները չկրցան տապալել թալիպանները, կամ ստիպել զանոնք որպէսզի փոխեն իրենց քաղաքականութիւնը:

«Իսրայէլի կողմէ Կազայի ամբողջական պաշարումը:

«Շատ մը երկիրներ նաեւ համապարփակ պատժամիջոցներ կը կիրարկեն այլոց նկատմամբ` ԱՄՆ-ի հետ միասին, որ վերջին 50 տարուան ընթացքին պատժամիջոցներ կիրարկելու առաջատարն է: Իսրայէլը` ԱՄՆ-ի դաշնակիցը, պատժամիջոցներ կը կիրարկէ Կազայի ընդհանուր բնակչութեան դէմ, շատ մը պարագաներու` իրական շրջափակումով, որ պատերազմական ոճիր է:

«2006-էն Իսրայէլը լիակատար պաշարման ենթարկած է պաղեստինեան Կազան: Նոյնիսկ մինչեւ այժմու պատերազմի բռնկումը Իսրայէլը կը ստուգէր իւրաքանչիւր բեռ, որ կը մտնէր տարածք: Արգիլուած իրերուն մէջ են` կարի մեքենաները, խաղալիքները, տուրմը եւ համեմները: Իսրայէլը կ՛ըսէ, որ նման ապրանքները կ՛արգիլէ անվտանգութեան նկատառումներով:

«Հոկտեմբեր 2023-ին սկսած պատերազմէն ետք Իսրայէլ պարտադրեց Կազայի ամբողջական շրջափակումը` արգիլելով վառելանիւթը, ելեկտրականութիւնը, դեղորայքը, ջուրը, սնունդը եւ բոլոր տեսակի ելեկտրոնային իրերն ու մեքենաները:

«Կազայի լիակատար պաշարման Իսրայէլի կոշտ քաղաքականութիւնը եղած է առնուազն երեք դատական գործի առարկայ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին եւ Միջազգային քրէական դատարանին մէջ, որոնք թէ՛ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն եւ թէ՛ ալ նախկին պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթը կը մեղադրեն պատերազմի ոճիրներու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու մէջ:

«ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի կողմէ կիրարկուող որեւէ պատժամիջոցի համար միշտ յղում կը կատարուի ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան 41-րդ յօդուածին: Անվտանգութեան խորհուրդը իրաւունք ունի պատժամիջոցներ կիրարկել` տեսականօրէն պատերազմէ խուսափելու եւ կամ խաղաղութիւն պահպանելու համար: Սակայն համապարփակ պատժամիջոցները բարոյական լուրջ հարցեր կ՛առաջացնեն: Քննադատները նման պատժամիջոցները կը համարեն հաւաքական պատիժ, եւ շատերը նոյնիսկ կը նկարագրեն իբրեւ զանգուածային ոչնչացման զէնք, որ նման է ռումբի պայթումի, որ շատ արագ կը սպաննէ հազարաւոր մարդիկ, մինչ պատժամիջոցները պարզապէս դանդաղօրէն կը սպաննեն զանոնք:

«Պատմական արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ պատժամիջոցները չկրցան հասնիլ իրենց քաղաքական նպատակներուն` միաժամանակ լրջօրէն վնասելով խաղաղ բնակչութեան: Պատժամիջոցները նաեւ կը ներկայացնեն Արեւմուտքին կողմէ իշխելու մէկ այլ երեսը, քանի որ շատ պարագաներուն արեւմտեան երկիրներն են, մասնաւորապէս` ԱՄՆ-ը, որոնք կը չարաշահեն զանոնք իբրեւ արտաքին քաղաքականութեան լծակ»: Վերջ:

Հեղինակը նախ մոռցած է Կազայի բնակչութեան ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին 60 հազարէ աւելի խաղաղ բնակիչներ: Երկրորդ` Իրանի պատժամիջոցները: Նշեմ, որ Իրանի 2013-ի նախագահ Ահմատինաժատը հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ամերիկային` պատժամիջոցներուն համար, որոնք պատճառ դարձան խթանելու տեղական արտադրութիւնները: Ցարդ պատժամիջոցներու ենթակայ Իրանը դարձաւ ինքնաբաւ եւ շրջանային հզօր պետութիւն: Արեւմուտքն է, որ տուժեց` կորսնցնելով 90 միլիոնէ աւելի հաշուող իրանցի յաճախորդներ եւ միւս կողմէ ալ` 144 միլիոն ռուս յաճախորդներ…

24 մայիս 2025

Haroutchekijian.wordpress.com

*Լուսաբանութիւնները, ընդգծումներն ու լուսանկարը իմ կողմէս:

  1. https://www.rt.com/africa/617829-why-sanctions-do-not-work/
  2. https://www.washingtonpost.com/business/interactive/2024/us-sanction-countries-work/
  3. https://blog.blominvestbank.com/48204/inflation-in-lebanon-during-the-crisis/
  4. https://www.aztagdaily.com/archives/345367
  5. http://www.nbcnews.com/meet-the-press/colin-powell-invasion-iraq-badly-flawed-n422566
Նախորդը

Լեզու, Մի՜ Դաւաճաներ Գրողին

Յաջորդը

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Հարիւրամեայ Ատենագրութիւնը Ուղեցոյց Եւ Առաջնորդ» (Հեղինակ` Երուանդ Հ. Քասունի)

RelatedPosts

Հաւատքի Մարդը  (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)
Անդրադարձ

Հաւատքի Մարդը (Յարութ Չէքիճեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Սեպտեմբեր 27, 2025
Շարունակուող Տերեւաթափ  (Համօ Վարդանեանի Քաղցր Յիշատակին)
Անդրադարձ

Շարունակուող Տերեւաթափ (Համօ Վարդանեանի Քաղցր Յիշատակին)

Սեպտեմբեր 27, 2025
Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ
Անդրադարձ

Սուրբ Գէորգը Հայ Ժողովուրդի Կեանքին Մէջ

Սեպտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?