Անցեալ շաբաթավերջին յետաձգուելէ ետք, վաղը ժամը 16:30-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Թաատոտ Ռիատիի դէմ իր մրցումը պիտի կատարէ Պհամտունի դաշտին վրայ:
Նկատի ունենալով, որ մրցակից Սաֆա Շուէյֆաթ խումբն ալ յոյսերը չէ կորսնցուցած պայքարելու յաջորդ հանգրուանին հասնելու, նոյն ժամուն պիտի կատարուի նաեւ Ուահտէ Շհիմ – Սաֆա Շուէյֆաթ մրցումը:
Արդէն իսկ անցեալ շաբաթ տեղի ունենալիք այս ճակատումները յետաձգուած էին նոյն ժամուն ազատ դաշտ գոյութիւն չունենալու պատճառով: