Վաղը, ժամը 18:00-ին, Անսարի դաշտին վրայ, Լիբանանի Դ. դասակարգի Պէյրութի շրջանի ախոյեանութեան 5-րդ շաբթուան մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը շատ կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք Աթլեթիքոյի դէմ:
Աւարտականի բնոյթ ունեցող այս մրցումին, ՀՄԸՄ անպայման պէտք է յաղթէ` յոյս ունենալու համար Գ. դասակարգ բարձրանալու, մանաւանդ որ Աթլեթիքօ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը, եւ յաղթանակի պարագային ՀՄԸՄ կրնայ գրաւել առաջին դիրքը:
Ա. դիրքին համար պայքարող այլ խումբ մը` Սանհարիպ, պիտի մրցի Սապիլի դէմ, կիրակի օր:


