Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Անթունիէ – ՀՄԸՄ` 107-84

May 30, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի օր, ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը այս տարեշրջանի իր 9-րդ պարտութիւնը կրեց, երբ 107-84 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Անթունիէի դէմ, այս վերջինիս դաշտին վրայ:

ՀՄԸՄ-ի տղաքը ըստ երեւոյթին տակաւին կը տօնէին Հուփսի դէմ յաղթանակը: Ճիշդ է, որ Կերի Չիւիչեան վերադարձած էր, սակայն Կապրիէլ Աճէմեան մրցումը սկսելէն ետք է, որ դաշտ հասած էր…

ՀՄԸՄ-ի տղաքը անցեալ մրցումին բաց յարձակողական մրցում մը ունեցած էին Հուփսի դէմ եւ այս մրցումին ալ փորձեցին նոյն ձեւով խաղալ, բայց Կապրիէլի բացակայութիւնը ծանր ազդեց մանաւանդ մրցումի սկիզբը:

Անթունիէ շատ արագ կէտեր նշանակեց` առիթները օգտագործելով եւ ՀՄԸՄ-ի տղաքը անակնկալի բերելով, այնպէս որ նոյնիսկ եթէ իրենք զիրենք գտնէին (մեր տղաքը), Անթունիէն արդէն հանգիստ առաւելութիւն մը ձեռք ձգած էր:

Այդպէս ալ եղաւ, եւ մինչեւ 20 կէտի ալ հասաւ առաւելութիւնը առաջին մասին (35-15): Բ. մասին ՀՄԸՄ համեմատաբար իր հաւասարակշռութիւնը գտաւ, եւ Անթունիէ 25-18 առաւելութիւն մը ունեցաւ` տարբերութիւնը 11 կէտի իջեցնելով մինչեւ կիսախաղ (53-42):

Բ. կիսախաղի սկիզբը ՀՄԸՄ 7-ի նուազեցուց տարբերութիւնը, բայց Անթունիէ կը վերագտնէր ինքզինք: Վերջին մասին, Անթունիէ աւելի զօրացուց իր յարձակումները, մինչ ՀՄԸՄ-ի բոլոր փորձերը ապարդիւն էին, եւ միայն 18 կէտ կրցան նշանակել մեր տղաքը Անթունիէի 32-ին դիմաց:

Անցեալ մրցումի 3 կէտի յաջողութիւնը չկար, միեւնոյն ժամանակ բաւական լաւ ձեւով պաշտպանողի պակաս ալ կար…

Հուփսի դէմ 40 տոկոս յաջողութեամբ նշանակելէ ետք 3 կէտնոց կողովներ, Անթունիէի դէմ 15 տոկոս էր յաջողութիւնը միայն: 5 յաջող 3 կէտնոց կէտեր` 32-ի փորձերէն: Անթունիէ 13 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց (33 փորձերէն), եւ այդ էր խումբերուն տարբերութիւնը:

Քեւըն Մըրֆի, որ իր վերջին ելոյթը ունեցաւ Անթունիէի հետ, 31 կէտ նշանակեց (7 յաջող 3 կէտնոց կողով), մինչ Քերուին Ռոչ 29 կէտ եւ 10 ռիպաունտ աւելցուց, իսկ Մայքըլ Ուաթքինզ 21 կէտ եւ 18 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

ՀՄԸՄ-ի օտարներ Ճորտըն Սթիվընզ (31 կէտ) եւ Թայլըր Պէյ (19 կէտ եւ 13 ռիպաունտ) բնական ելոյթ ունեցան, սակայն Լենտըրզ Նոլլի 11 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց միայն իր երկրորդ մրցումին:

Փիթըր Տեքերմենճեան 11 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Պասէլ Հարֆուշ 9 կէտ եւ Կերի Չիւիչեան 2 կէտ նշանակեցին:

Այս ձեւով Անթունիէ գրաւեց 5-րդ դիրքը, եւ 1 մրցումի տարբերութիւն կայ ՀՄԸՄ-ի (4-րդ) հետ:

Վաղը շատ կարեւոր է Շանվիլի դէմ մրցումը մեր դաշտին` Մըզհերի մէջ, ուր համակիրներուն հետ միասին պէտք է պայքարիլ 40 վայրկեան` անպայման յաղթելու նպատակով:

Մրցումը տեղի պիտի ունենայ ժամը 18:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ:

Նախորդը

Լեռնալիբանանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Թաատոտ Ռիատի

Յաջորդը

Թրամփը` Ալիեւին. «Ժամանակն Է Ստանձնել Խաղաղութիւն Հաստատելու Պարտաւորութիւնը Եւ Սկսելու Բարգաւաճման Նոր Դարաշրջանը»

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ
Մարզական

Պասքեթպոլ. Այսօր` Էն.Էս.Էյ.-ՀՄԸՄ

February 2, 2026
«Էմ.Էմ.Էյ.»  Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Մարզական

«Էմ.Էմ.Էյ.» Հայ Մարտիկներ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

February 2, 2026
Ֆութսալ.  Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ
Մարզական

Ֆութսալ. Եուրոյի Գծով Հայաստանի Պատմական Մրցաշարքը Վերջ Գտաւ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.