Ամէն առաւօտ կը հանդիպինք իրարու,
Դուն` հեւքի մէջ, կ՛աճապարես դէպի դպրոց,
Իսկ ես` հանդարտ, զգուշ կ՛ուղղուիմ վարժանոց:
Երէկ նորէն հանդիպեցանք,
Բարեւեցինք շատ արագ ու բաժնուեցանք:
Ամէն հանդիպումիս կ՛ուզեմ ընդհատել ճամբադ,
Ի զուր է ճիգս-վազքի մէջ ես, աշխուժ, եռանդուն,
Ծրագիր ու գործ կերտելու:
Որքա՜ն կ՛ուզեմ հեւքդ հատել, բացատրել`
Վաղը արագ կը հասնի, ընկե՛ր,
Աճապարելու պէտք չունիս այդքան:
Բայց քայլերդ երբ ամուր, ձայնդ վճիտ,
Կ՛աւետեն լոյսը բարի,
Եւ ես կը մնամ ետ` անվճիռ:
Եւ կը բացուի հորիզոնը երազներուդ,
Տենչը ապագայի, իղձը յաղթանակի:
Կամաց, ընկե՛ր, ըսեմ քեզի`
Քանի՜ն երազ նուիրական պիտի կորչին առյաւէտ:
Չմտածես այդ մասին, սիրելի՛ս,
Իրականն է միայն մնայուն:
Երանի տամ գաղտնիքը ապագայի,
Պահես անդորրը հոգիիդ:
Տարբեր էր այսօր հանդիպումը մեր,
Ես ու դուն` խաղաղ,
Սուրճին հետ մտերիմ,
Կ’երկնէինք անցեալը կրկին:
Բայց ահով ժամանակէն`
Հեռացար սուրճէն հեւագին:
Փոխուած ես դուն` կը վճռեմ:
Փորձ մը վերջին` կասեցնեմ վազքդ տենդագին:
Ուժ ու կորով են պէտք հողմերուն դիմաց:
Փայլատակող լոյսը աչքերուդ
Կու տայ թեւեր` վճռագին:
Պատմութիւն մը կայ հոն` քաջ,
Յաղթահարութեամբ կերտուած:
Դուն կ՛ուզես հեռանալ արագ,
Ես բռնած եմ ձեռքդ ամուր:
Ես, դուն` միեւնոյնը,
Անցեալն ենք հատած` ներկայով վստահ: