Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Ճափոնէն (86-82)` ոսկի առիթ մը կորսնցնելով Մոնտիալի տոմսը կանուխէն ապահովելու:
Լիբանան բաւական լաւ կը խաղար եւ 26-22, 51-38, 66-61 արդիւնքով յառաջացած էր առաջին երեք մասերէն ետք, սակայն վերջին մասին 86-82 արդիւնքով պարտութիւն կրեց:
Մրցումի անկիւնադարձային դէպքը աւարտէն 1,19 վայրկեան առաջ էր, երբ Սերժիօ Տարուիշի 3 կէտնոց կողովի փորձը պլոքի ենթարկուեցաւ, այնուհետեւ Ճափոն յառաջացաւ 82-77 արդիւնքով:
Վաղը նոյն դաշտին վրայ («Նուհատ Նաուֆալ») Լիբանան պիտի մրցի Չինաստանի դէմ: Կարեւոր է այս մրցումին յաղթանակ արձանագրել` պահելու համար Մոնտիալ հասնելու յոյսերը:


