2024-ին տեղի ունեցած էր ՖԻՏԷ-ի աշխարհի ախոյեանութեան աւարտական մրցումը, որուն ընթացքին հնդիկ Կուքեշ Տի. (Տիմարաճու) կրցած էր դառնալ աշխարհի ամէնէն երիտասարդ ախոյեանը (18 տարեկան)` պարտութեան մատնելէ ետք 2023-ի ախոյեան Տինկ Լիրենը (Չինաստան)` 7,5-6,5 արդիւնքով:
Այս տարի Կուքեշ Տի. իր դէմ ունի Ասիոյ թիւ 1 Ճավոխիր Սինտարովը (Ուզպեքիստան), որ ամիսով մեծ է Կուքեշ Տի.էն:
Ժընեւի մէջ տեղի ունեցող ճակատումներու այս շարքը պիտի երկարի մինչեւ 12 դեկտեմբեր:
Առաջին երեք ճակատումները վերջ գտան հաւասարութեամբ: Հնդիկ վարպետը ընդհանուր դասաւորման թիւ 26-րդ վարպետն է 2710 կէտերով, մինչ ուզպեք Սինտարով թիւ 4 դիրքը կը գրաւէ 2782 կէտով:
Նշենք, որ ախոյեանին դէմ մրցելու համար տեղի ունեցած էին զտումի մրցումներ, որոնց մասնակցած էին Հիքարու Նաքամուրա (Միացեալ Նահանգներ, թիւ 2), Ֆապիանօ Քարուանա (Միացեալ Նահանգներ, թիւ 3), Ուէյ Եի (Չինաստան, թիւ 7), Անիշ Կիրի (Նետերլանտներ, թիւ 8), Փրակնանանտա Ռամեշպապու (Հնդկաստան, թիւ 14), Մաթիաս Պլուպաում (Գերմանիա, թիւ 33) եւ Անտրէ Էսիփենքօ (Ռուսիա, թիւ 34): Այս վարպետները Սինտարովի հետ միասին մրցած էին, եւ Սինտարով կրցած էր 14 կարելի կէտերէն 10-ն ապահվել ու հասնիլ աւարտական:
Աւարտական մրցումը կը շահի եւ ախոյեան կը դառնայ այն վարպետը, որ կը հասնի 7,5 կէտերու` նկատի ունենալով, որ 14 ճակատումներ տեղի պիտի ունենան:


