Ֆուլքոնթաքթ քարաթէի Հայաստանի հաւաքականի անդամները 2 ոսկիէ եւ 1 պրոնզէ մետալներով վերադարձան Պելճիքայի Անթուերփ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած «Անթուերփ Ֆուլքոնթաքթ Քարաթէ Տայմընտ Քափ-2026» միջազգային ախոյեանութենէն:
Հայաստանի հաւաքականի մարզիչ Սեւակ Գրիգորեան հաւաքականին հետ բարձրացած է պատուոյ հարթակ, ուր առաջին աստիճանին կանգնած է Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի համայնքի ներքին Գետաշէն գիւղի թիւ 1 միջնակարգ դպրոցի 12-րդ դասարանի աշակերտ, 80 քկ կշիռի կարգին մէջ հանդէս եկող Արսէն Աւետիսեան եւ ծնունդով ջաւախեցի Վալիկօ Պօղոսեան: 3-րդ դիրքը գրաւած է մարզիչ Սեւակ Գրիգորեան:
«Մեր հաւաքականը մրցավայր ժամանած է 7 մասնակիցով, որոնցմէ 3-ը տուն վերադարձած են ոսկիէ եւ պրոնզէ մետալներով: Մրցաշարքին մասնակցած են 26 երկիրներէ ներկայացուցիչներ: Հպարտ ենք, որ մեր մարզիկները միջազգային հարթակին վրայ բարձր պահած են Հայաստանի պատիւը: Յաղթանակներուն առիթով պարգեւատրման պահուն հնչեց Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը եւ վեր բարձրացուեցաւ հայակական Եռագոյն դրօշակը: Այս յաղթանակները տարիներու աշխատանքի, նուիրումի եւ քրտնաջան մարզումներու արդիւնք են: Մեր ախոյեանները աշխատասիրութեամբ, նպատակասլացութեամբ եւ յաղթանակի կամքի դրսեւորումով աչքի զարկած են: Համոզուած եմ, որ անոնք նորանոր յաղթանակներով մեզ պիտի ուրախացնեն միջազգային այլ մրցաշարքերու ընթացքին ալ», յայտնեց մարզիչ Սեւակ Գրիգորեան:


