– ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Եասին Ժապեր քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնեց. «Հրաշքներ պիտի չկատարենք, սակայն բարեկարգումի գնացքը ճիշդ ուղիի վրայ ճամբայ ելաւ, եւ ոչ ոք կրնայ մեզ կանգնեցնել»:
– ՊԵՏԱԿԱՆ հեղինակութիւններ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնած են. «Լիբանանեան բանակը Լիթանիէն հարաւ գտնուող շրջանին մէջ իր դերը լիարժէքօրէն կը կատարէ` գործադրելով զինադադարը եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը, նոյնն է պարագան Միջազգային խաղաղապահ ուժերուն (ՖԻՆԻՒԼ), որոնք իրենց վստահուած առաքելութիւնը կը կատարեն, ուստի կարելի է հաստատել, որ պետութիւնը շրջանին մէջ իր իշխանութիւնը կը տարածէ, բացի այն կէտերէն, որոնք տակաւին իսրայէլեան բռնագրաւումի տակ են»:
«Լիթանիէն հիւսիս Հըզպալլայի զէնքի հարցը կարիքը ունի հանդարտ լուծումի: Կուսակցութենէն այդ առնչութեամբ դրական ազդանշաններ կան, եւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը նախանձախնդիր է այդ թղթածրարին նկատմամբ իմաստուն կերպով վարուելու` հեռու մնալով վէճերէն, որոնց ոմանք կը դիմեն», նշեցին հեղինակութիւնները:
– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ «Էմ.Թի.Վի.»-ին յայտնեց. «Հըզպալլայի զէնքը յանձնելու որոշումը որդեգրուած է Միքաթիի կառավարութեան կողմէ, ուստի կարիք չկայ զէնքի յանձնման շուրջ որեւէ երկխօսութեան, որովհետեւ պարզապէս ժամանակի կորուստ է»:
– ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են. «Ամերիկացիները Ծոցի շրջանէն պետութիւններու, որոնց շարքին Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ յայտնեցին, որ անհրաժեշտ է ներկայ փուլին Լիբանանին ելեւմտական որեւէ աջակցութիւն չտրամադրել` սպասելով Իրանի հետ զարգացումներուն, եւ ամերիկեան տնտեսական, քաղաքական ու ապահովական պայմանները գործադրելու լիբանանցիներու քայլերուն»:
Օրաթերթի աղբիւրներուն համաձայն, «այս չյայտարարուած վեթոն մաս կը կազմէ առաւելագոյն քաղաքական ճնշումին, մինչեւ իրագործումը նպատակներուն, որոնք են վերացումը Լիբանանին Իսրայէլի հետ տագնապին վերջ տուող լուծումի պարտադրումին դիմաց որեւէ արգելքի, մասնաւորաբար Հըզպալլայի զէնքին, Լիբանանին վրայ հետեւանքները ինչ որ ալ ըլլան, եւ որդեգրելով Պէյրութի նկատմամբ իսրայէլեան դիրքորոշումը»:
«Այս որոշումը միայն Լիբանանին չի վերաբերիր, այլ նաեւ կը ներառէ Սուրիան, որմէ ամերիկացիները կը պահանջեն կատարել իրենց յստակօրէն յայտարարած պահանջներու ցուցակը», աւելցուցած է աղբիւրը:
Արաբական դիւանագիտական աղբիւր մը «Նաշրա» կայքին ճամբով հերքեց Լիբանանին չաջակցելու մասին Ուաշինկթընի պահանջը եւ նշեց. «Բարեկարգումներու վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը տարիներէ ի վեր չէ փոխուած»:
– ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են. «Ամերիկացի պատուիրակ Մորկըն Օրթէյկըսի հետ հանդիպում ունեցած կողմերն ու անձնաւորութիւնները անկէ իրենց լսած խօսքերէն հասկցան, թէ Պէյրութի միջազգային օդակայանին պարագային տեղի ունեցածին նման Պէյրութի նաւահանգիստին վրայ եւս վերահսկողութիւն հաստատելու որոշում գոյութիւն ունի»:
– ԼԻԲԱՆԱՆԻ պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ 2025 թուականի առաջին երեք ամսուան ընթացքին 1 միլիոն, 254 հազար 550 ճամբորդներ օգտագործած են Պէյրութի միջազգային օդակայանը:


