Արժանթինի մէջ Տիեկօ Մարատոնայի մահուան պատճառով ձերբակալուած է անոր նախկին թիկնապահ Խուլիօ Քորրէան:
Նախապէս իբրեւ վկայ հանդէս եկած Քորրէա մեղադրուած է սուտ ցուցմունք տալու համար:
Արժանթինի մէջ անցեալ շաբաթ սկսած էր դատավարութիւնը Տիեկօ Մարատոնայի մահուան համար մեղադրուած 5 բժիշկներու եւ երեք հիւանդապահուհիներու` անփութութեամբ եւ անզգուշութեամբ սպանութեան յանցանքով:
Քորրէա պնդած է, որ ուղղակի կապի մէջ չէ մտած Մարատոնայի բժիշկներուն հետ, սակայն յայտնաբերուած են իր եւ բժիշկի մը միջեւ նամակագրութեան ապացոյցներ:
Դատաւորներու մեծամասնութիւնը հաստատած է անոր (Քորրէայի) ձերբակալութիւնը, հակառակ անոր որ դատարանի նախագահը դէմ էր` նկատի ունենալով, որ փախուստի վտանգ չկար:
Մարատոնա մահացած էր 2020-ի նոյեմբերին, 60 տարեկան հասակին, սրտի կաթուածի պատճառով:
Քորրէա 2015-էն եղած է անոր թիկնապահը եւ մահուան օրը փորձած է զայն վերակենդանացնել:
Տիեկօ Մարատոնայի զաւակը` Տիեկօ Մարատոնա Ճունիոր յայտարարած է, որ իր հօր մահուան մեղաւորները բժիշկներն են:
«Ամէնէն ցաւալին այն է, որ զայն սպաննեցին: Այդ ակնյայտ է: Անոնք պատշաճօրէն չբուժեցին զայն եւ ոչինչ ըրին զինք փրկելու համար: Եթէ ամէն ինչ ճիշդ ընէին, ան կրնար այժմ մեզի հետ ըլլալ հոս», ըսաւ Տիեկօ Մարատոնա Ճունիոր:


