Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պրազիլի Ազգային Խումբին Լուծումը Անչելոթթի՞ն Էր» Ռոնալտօ Կը Բացատրէ

March 28, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պրազիլի ազգային խումբի պատմական յառաջապահ Ռոնալտօ Նազարիօ բացատրեց, թէ Քարլօ Անչելոթթին պատրաստ էր գլխաւորելու Պրազիլի ազգային խումբը, բայց Ռէալ Մատրիտ թոյլ չտուաւ անոր հեռանալ:

Ռոնալտօ նշեց, որ 2023-ին, երբ Թիթէ հեռացաւ Պրազիլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնէն, Պրազիլի ֆետերասիոնը որոշեց սպասել Անչելոթթիի պայմանագիրի աւարտին, որ կը նախատեսուէր մինչեւ 2024-ի յունիս:

Սակայն 2023-ի դեկտեմբերին, Անչելոթթի մէկ տարիով երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը` մինչեւ 2026-ի ամառ, ինչ որ անոր հաւանական տեղափոխութիւնը Պրազիլ չիրականացուց:

«Ես անձամբ մասնակցեցայ բանակցութիւններուն եւ աջակցած էի անոր թեկնածութեան: Ան իրապէս կը ցանկար գլխաւորել Պրազիլի ազգային խումբը, բայց վերջնական որոշումը Ռէալին էր, եւ ակումբը թոյլ չտուաւ, որ ան հեռանայ», ըսաւ Ռոնալտօ:

Անդրադառնալով Պրազիլի ազգային խումբի ներկայ վիճակին` Ռոնալտօ յայտնեց, թէ Պրազիլի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ներքին քաղաքական խնդիրները բացառաբար կ՛ազդեն խումբին ընդհանուր մթնոլորտին վրայ` խոչընդոտելով լաւ արդիւնքներու հասնիլը: Ան ընդգծեց նաեւ, որ ինչպէս այժմու մարզիչ Տորիվալ Ճունիորի ղեկավարութեան տակ գտնուիլը, այնպէս ալ լրատուամիջոցներու կողմէ խաղցողներու նկատմամբ մեծ ակնկալիքները կը խանգարեն խումբին յաջողութեան հասնիլ:

«Հաւաքականը միշտ ճնշումի տակ է, ինչ որ կը դժուարացնէ արդիւնաւէտ աշխատանքը», աւելցուց Ռոնալտօ:

Նախապէս 2002-ի Մոնտիալի Պրազիլի խմբապետ Քաֆու, յայտնած էր, որ կարգ մը մարզիկներ շատ շուտ կը շփանան, մանաւանդ ազդուելով լրատուական միջոցներու աւելորդ գովասանքներէն, որոնց ընդմէջէն անոնք ոեւէ մարզիկ 1 յաջող մրցումէ ետք կը բաղդատեն պատմական մարզիկներու:

«Պրազիլցի ֆութպոլիստներու համար լաւագոյն բանն է խաղալ «Լա լիկա»-ի որեւէ խումբէ, ուր լրատուամիջոցներ չեն խանգարեր մարզիկներուն յառաջդիմութեան: Անգլիական լրատուամիջոցներ մարզիկ մը կը նմանցնեն աշխարհի լաւագոյնին, ուր ֆութպոլիստներուն գլուխները կը հասնին ամպերուն…», ըսած էր Քաֆու, որ կը նկատուի պատմութեան լաւագոյն աջ ծայրի պաշտպաններէն:

 

Նախորդը

Մարատոնայի Նախկին Թիկնապահը Ձերբակալուեցաւ

Յաջորդը

Տէյվիս Ամիսներով Պիտի Բացակայի

RelatedPosts

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)

October 3, 2026
Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսի Մրցում` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 3, 2026
«Սփարք Լիկ».  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս
Մարզական

«Սփարք Լիկ». Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.