Երէկ Լըպրոն Ճէյմսի պազըր պեթըրը օգնեց Լէյքըրզին, որ 120-119 արդիւնքով յաղթէ Ինտիանա Փէյսըրզին, վերջինիս դաշտին վրայ, Ինտիանափոլիսի մէջ:
Լըպրոն 4-րդ եւ վերջին մասին 10 կէտեր նշանակեց հազիւ պահելով իր մրցանիշը` 1283 մրցումներ 10 կէտերէ աւելի նշանակելով:
Ան իր 6 փորձերէն ոչ մէկ կէտ նշանակած էր 3 կէտի սահմանէն առաջին երեք մասերուն եւ մրցումը աւարտեց 13 կէտով:
Լուքա Տոնչիչ 34 կէտ նշանակեց, մինչ Օսթըն Ռիվզ (24 կէտ), Ռուի Հաշիմուրա (14 կէտ) եւ Ճեքսըն Հէյզ (13 կէտ) եղան Լէյքըրզի մնացեալ լաւագոյն մարզիկները:
Ինտիանայի առաւելագոյն կէտերը նշանակեց պահեստի մարզիկ Պենետիքթ Մաթուրին (23 կէտ), մինչ 6 այլ մարզիկներ 10-է աւելի կէտեր նշանակեցին, ուր Թայրիս Հելիպըրթըն 16 կէտ եւ 18 էսիսթ կատարեց: Մայլզ Թըրնըր 16 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Սերպ սենթըր Նիքոլա Եոքիչ գրեթէ 2 շաբաթ հեռու մնալէ ետք վերադարձաւ եւ կատարեց տարեշրջանի իր 30-րդ թրիփըլ տապըլը:
Եոքիչ 39 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ կատարեց եւ Տենվըր Քոլորատոյի մէջ 127-117 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Միլուոքի Պաքսը:
Պրուք Լոփես 26 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Պաքսի, որմէ կը բացակայէին վիրաւորներ Եաննիս Անթեթոքումփօ, Տեմիըն Լիլըրտ եւ Պոպի Փորթիս:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 114-119
Նիւ Եորք Նիքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 113-126
Ինտիանա Փէյսըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 119-120
Պրուքլին Նեթց – Հիուսթըն Ռոքեթց 86-116
Տենվըր Նակեթց – Միլուոքի Պաքս 127-117
Ֆինիքս Սանզ – Պոսթըն Սելթիքս 102-132


