ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի պատանիներու խումբը (2008-2009 ծնունդ), որ կը մասնակցի Պի. Էֆ. Էյ.ի կազմակերպած մրցաշարքին, երէկ շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց քառորդ աւարտականին հիւրընկալ կազմին` Պի. Էֆ. Էյ.ի դէմ 4-0 արդիւնքով եւ հասաւ կիսաւարտական:
Խումբի մարզիչ Խաչիկ Սերոբեան եւ օգնական Աւագ Պալապանեան շատ լաւ պատրաստուած են տղաքը, որոնք շատ աշխուժ ձեւով կը պայքարին եւ անհամբեր կը սպասեն յաջորդ մրցակիցին ու մրցումին, մինչեւ իսկ բաժակը բարձրացնելու պատրաստ կը թուին ըլլալ: