Այսօր յետմիջօրէի ժամը 4:45-ին, Մըզհերի «Աղբալեան ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ պիտի հիւրընկալէ Անթունիէն, տղոց ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով:
ՀՄԸՄ իր նախկին 7 մրցումներուն 3 յաղթանակ արձանագրած է, իսկ Անթունիէ` 2 յաղթանակ:
Յոյսով, որ մեր տղաքը քիչ մը աւելի «ախորժակով» կը խաղան մեր համակիրներուն ներկայութեամբ եւ կ՛արձանագրեն 4-րդ յաղթանակը:
Անթունիէ Հուփսին եւ Սանթրալին կրցաւ յաղթել, մինչ ՀՄԸՄ Էն. Էս. Էյ.-ին, Անդրանիկին եւ Սանթրալին կրցած է յաղթել: