Ազգերու լիկայի փլէյ օֆի դարձի մրցումներուն գծով, երէկ Հայաստանի ազգային խումբը 6-1 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ եւ մնաց Գ. կարգի խումբերու շարքին:
Երթին Երեւանի մէջ 3-0 արդիւնքով պարտուած Հայաստան, այդ մրցումին փոխարինած էր յետսապահ Սիկէյ Մուրատեանը, Արտակ Տաշեանը, Գոռ Մանուէլեանը եւ Արթուր Միրանեանը, եւ դաշտ ներկայացուց Կամօ Յովհաննիսեանը, Ստեփան Մկրչեանը, Սոլոմոն Ուտոն եւ Վահան Պիչախչեանը:
Հայաստան համեմատաբար աւելի լաւ էր երկրորդ կիսախաղին, բայց նոր մարզիչ Ճոն Վան՛թ Սիփի զոյգ պարտութիւններով շատ դժուար ձեւով սկսաւ Հայաստանի հետ իր մարզիչի պաշտօնը` պահելով 9 կոլ իր առաջին երկու մրցումներուն:
Հայաստանի միակ կոլը նշանակեց միջնապահ Էտկար Սեւիկեան տապըլ քիքի նման հարուածով մը` օգտուելով Վահան Պիչախչեանի փոխանցումէն:
Յոյսով, որ յառաջիկայ մրցումներուն եւ Լուքաս Զելարայեանի ու Հրանդ – Լէոն Ռանոսի վերադարձով աւելի լաւ մրցումներ եւ արդիւնքներ կ՛ունենանք:


