Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը Ահազանգեց Սուրիոյ Մէջ Ապրող Հայերուն Դիմագրաւած Կեանքի Եւ Ժառանգութեան Սպառնալիքներուն

March 15, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող վերջին դէպքերուն, նաեւ կոչ ուղղելով միջազգային հանրութեան, պետութիւններուն, կրօնական ու մարդասիրական կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն` անյապաղ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու Սուրիոյ բոլոր քրիստոնեաներուն պաշտպանութեան եւ պահպանութեան վրայ:

Ստորեւ` այդ յայտարարութիւնը:

«Երբ ականատես կը դառնանք Սուրիոյ մէջ շարունակուող խժդժութիւններուն եւ աւերիչ հակամարտութիւններուն, մեր սիրտերը կը լեցուին խոր վիշտով եւ մտահագութեամբ` բոլոր տառապողներուն համար: Մասնաւորապէս մեզ կը յուզէ ծանր վիճակը մեր հայ քրիստոնեայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք սերունդներով ապրած են այդ հողին վրայ, ուր ապաստանած են 1915-ի սարսափելի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք: Սուրիա եղած է վերապրածներու եւ անոնց ժառանգորդներուն տունը, որոնց ներկայութիւնը հոն քրիստոնեայ հայու տոկունութեան եւ հաւատքի վկայութիւնն է:

«Այսօր Սուրիոյ մէջ գտնուող բոլոր քրիստոնեայ համայնքներուն անվտանգութիւնը եւ ապահովութիւնը դարձեալ վտանգուած է բռնութեան եւ քաոսին պատճառով. Դժբախտաբար անոնք կը պատուհասեն տարածաշրջանը: Մենք մեր բողոքի ձայնը կը բարձրացնենք ոչ միայն բոլոր անմեղ կեանքերու պաշտպանութեան, այլ յատկապէս այն հայերուն համար, որոնք 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը տեսած ժողովուրդի կենդանի վկաներն են: Անոնք պարզապէս ցեղային խումբ մը կամ հաւատացեալներու համայնք մը չեն, անոնք գոյատեւումի, հաստատակամութեան եւ արժանապատուութեան համար շարունակուող պայքարի սուրբ վկաներն են` ի դէմս ցեղասպանական հալածանքներու:

«Սուրիոյ մէջ գտնուող հայերը, որոնցմէ շատերը կը բնակին Հալէպի, Դամասկոսի եւ այլ քաղաքներու մէջ, արդէն շատ բաներ տեսած են: Անոնք վերակառուցած են իրենց կեանքը Ցեղասպանութենէն ետք, ստեղծած են կենսունակ համայնքներ եւ առատօրէն նպաստած են Սուրիոյ ընկերային, մշակութային եւ հոգեւոր կառուցուածքին: Սակայն անոնք այժմ կանգնած են իրենց կեանքին եւ ժառանգութեան սպառնացող վտանգին առջեւ: Անոնց եկեղեցիները, դպրոցները եւ տուները յայտնուած են շարունակուող քաղաքացիական պատերազմի կրակին տակ եւ դարձեալ տեղահանումի վախ կայ:

«Կոչ կ՛ընենք միջազգային հանրութեան, պետութիւններուն, կրօնական կազմակերպութիւններուն, մարդասիրական մարմիններուն եւ անհատներուն` անյապաղ իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու ՍՈՒՐԻՈՅ ԲՈԼՈՐ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒՆ պաշտպանութեան եւ պահպանման վրայ: Այս համայնքները պարզապէս ազգային փոքրամասնութիւններ չեն, այլ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան կենսական մասն են. ներկայութիւն մը, որ գոյատեւած է դարեր: Սուրիոյ մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն ապահովութիւնը պէտք չէ անտեսուի կամ նկատի առնուի իբրեւ երկրորդական հարց` տարածաշրջանի քաղաքական տեղաշարժերու խորապատկերին մէջ:

«Թող Աստուած օրհնէ հայ ժողովուրդը եւ Սուրիոյ բոլոր քրիստոնեայ համայնքները, եւ թող Անոր ողորմութիւնը խաղաղութիւն եւ պաշտպանութիւն բերէ բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին Սուրիոյ մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս: Կ՛աղօթենք այն օրուան համար, երբ փոքրամասնութիւն կազմող բոլոր քրիստոնեաները, անկախ իրենց դաւանանքէն, կը կարենան ապրիլ իրենց համայնքներուն մէջ ներդաշնակ եւ ապահով` առանց կրօնական հալածանքներու»:

Նախորդը

Ինչպէ՞ս Կ՛իմաստաւորենք Բեկումնային ԱԲ-ը (AI) Սփիւռքահայ Արժեհամակարգին Մէջ

Յաջորդը

Խոստովանութիւն (Մեծ Պահքի Առիթով)

RelatedPosts

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
Ապրուած Օրեր.    ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԱ. Եգիպտոսի Գոյները Եւ Ճոնին

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.