ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ
Ի՞նչ դիրքորոշում ունի Հայ եկեղեցին ԱԲ-ի հանդէպ
Արդեօք փորձա՞ծ Էք հարց տալ կամ կարդացա՞ծ էք, թէ ի՛նչ կրնայ պատասխանել ԱԲ-ը, օրինակի համար, հետեւեալ հարցումներուն. «Ի՞նչ արժէք ունի Հայ եկեղեցին հայութեան համար», «Ազգի մը համար աւանդութիւնները կարեւո՞ր են», «Ի՞նչ դեր ունի Հայ եկեղեցին ԱԲ-ի եւ անոր բարոյագիտական զարգացումը ուղղորդելու հարցին մէջ», «Հայ եկեղեցին ինչպէ՞ս պէտք է օգտագործէ ԱԲ-ը` աւելի հասանելի դարձնելու հաւատքի իր ուսուցումը երիտասարդներու լայն խաւերու մէջ», կամ` «Մարդկային կեանքին մէջ խօ՞սքը կարեւոր է, թէ՞ գործը» եւ այլն:
Հայ եկեղեցւոյ եւ ԱԲ-ի հետ առնչուող զանազան հարցականներ, որոնք զգալի տարածք կը գրաւեն մեր մատղաշ սերունդի մտքերուն մէջ, կրնան մեր բոլորին ուղղուիլ հանրային զրոյցներու, երիտասարդական քննարկումներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ կրնան իբրեւ հարցումներ յղուիլ հոգեւոր ծառայութեան կոչուած ոեւէ մէկ հայ հոգեւորականի:
Կը հաւատանք, որ Հայ եկեղեցին չէ խուսափած յառաջադէմ արհեստագիտութիւններու բնաշրջումներէն, մարտահրաւէրներէն, զանոնք ճանչցած է որպէս մարդկային հնարամտութեան մշտափոփոխ ուժընթացի (Dynamics) արգասիքը, որոնք անխուսափելիօրեն կ՛ազդեն եկեղեցի-հայ հաւատցեալներ յարաբերութեանց վրայ:
Սակայն ԱԲ-ի լայնատարած ներթափանցումով եկեղեցւոյ որոշ ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու պատահական պատասխանները կրնան տագնապեցնող դառնալ, ԱԲ-ի եւ թուային արհեստագիտութիւններու հանդէպ հոգեւորականներու անպատրաստուածութենէն, չընտելացած դրսեւորումներէն, թուային արհեստագիտութիւններու նկատմամբ անվարժ, երբեմն անտարբեր, բազմակարծիք ու անտաշ, կարգ մը պարագաներուն ալ ոչ համոզիչ «ԱԲ-ը մեր հարցը չէ» պատասխանէն, կամ` պատահական արտայայտութիւններէն:
ԱԲ-ի նկատմամբ այս մտահոգութիւնները հոգեւորականի անձնական հետաքրքութեան կամ նորարարական արհեստագիտութիւններու իր անհատական օգտագործումին հետ չեն առնչուած, այլ ուղղուած են թուային եւ ԱԲ-ի արհեստագիտութեանց դիմաց դարաւոր մեր հաւատքի ուղեւորութեան, հայ քրիստոնէական համամարդկային ժառանգութեան պահակներուն, հոգեբարոյական արժեքներու պաշտպանութեան կոչուած եկեղեցական առաջնորդութեան, արդարամիտ ու հոգատար պատասխանատուութիւնը ստանցնած ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆՑ` թուային եւ ԱԲ-ի արհեստագիտութեամբ պատշաճելու եւ հմուտ նախապատրաստուածութեամբ վերաբերելու նպատակով:
Հոս կարելի է որոշ հարցեր հնչեցնել.
– Հայ եկեղեցին յատուկ ուշադրութիւն դարձուցա՞ծ է թուային արհեստագիտութիւններու եւ ԱԲ-ի հանդէպ:
– Ի՞նչ կը մտածէ ԱԲ-ի հնարաւորութիւններու եւ սպառնալիքներու մասին, ունի՞ իր առաջադրութիւնը, կողմնորոշումը, գործնական մօտեցումը, նախատեսուած հեռանկարը, նախածրագիրը:
– Հայ եկեղեցին պատրա՞ստ է օգտագործելու ԱԲ-ի հնարաւորութիւնները եւ կամ դիմագրաւելու կանխատեսուած մարտահրաւէրները: Այլ խօսքով, ո՞ւր կը գտնուի Հայ եկեղեցին ԱԲ-ի արհեստագիտութեան` ընկերային ու բարոյական հարցերու նկատմամբ:
– Կազմակերպուած պատրաստուածութիւն ունի՞ յարատեւ ընդարձակուող ԱԲ-ն կողմէ հայ եկեղեցւոյ` կրօնա-հոգեւոր, սուրբգրային ընկալումներու եւ ԱԲ-ի մատուցած եկեղեցական, ծիսական ըմբռնումներու, հարցերու մասին:
– Ահա թէ ինչո՛ւ հրամայական է ԱԲ-ի, թուային արհեստագիտութիւններու վրայ մասնագիտական մօտեցումով լայնատարած լոյս սփռելը:
– Ակնկալելի է, որ Հայ եկեղեցւոյ ծառայողները շրջաթափանց ու արհեստավարժ գիտակցութեամբ, գիտավարժ դատողութեամբ նախատրամադրուած ըլլան պաշտպանելու ԱԲ-ի կողմէ երբեմն խեղաթիւրուած միտումներուն դէմ, որոնք առողջ ու արդար հանգամանքներով չեն արտայայտեր Հայ եկեղեցւոյ մասին ակնկալուած դիրքորոշումները, երբեմն դիտաւորեալ նպատակով պատրաստուած են, ծրագրուած են խեղաթիւրելու, կամ ԱԲ-ով տեղ գտած են Հայ եկեղեցւոյ բարոյագիտական իսկական ու արդար պարունակը չարափոխելու եւ նսեմացնելու դիտումնաւորութեամբ: Ուստի թուային արհեստագիտութիւններու, ԱԲ-ի առարկան պէտք է ներմուծուած ըլլայ իբրեւ դասանիւթ մեր դպրեվանքերու կրթական ծրագրին մէջ` արդի արհեստագիտութիւնները գիտականօրէն ու արհեստավարժ հմտութեամբ, իբրեւ ժամանակակից միջոց օգտագործելու հաւատքի ուսուցուման նպատակին:
– Ուշագրաւ է, որ հայ պատանիներու, երիտասարդներու ստուար մեծամասնութեան մէջ ամէն օր քիչ մը աւելի կը խամրի ոչ միայն հայ գրականութեան, հայ մշակոյթի եւ հաւատքի կայծը, այլեւ ականատես կ՛ըլլանք Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ նոր սերունդի անտարբերութեան, եսակեդրոն կեցուածքին, քիչ մը աւելի կը նօսրանայ հաւատքի, մշակոյթի եւ գոյութենական ժառանգութեան անոնց հետաքրքրութիւնը: Հայ երիտասարդն ալ, ինչպէս` ուրիշներ, քիչ մը աւելի կախեալ է ԱԲ-էն ու ենթարկուած է անոր, ակնառու է նաեւ թուային արհեստագիտութեան գերիշխող ազդեցութիւնը, ԱԲ-ի հանդէպ անոնց տիրապետող ենթակայութիւնը:
– Նոր սերունդը թուային արհեստագիտութիւններէն եւ ԱԲ-ի միջոցով կը փորձէ քաղել իր հետաքրքրութիւններու արագ եւ երբեմն անստոյգ պատասխանները: Աւանդական կամ նորածին հայ սփիւռքներու պարագաներուն, ուր տագնապալի հարց է ինքնավար հայ դպրոց, եկեղեցի ու հայ կեդրոն գտնելը, հոն, ուր սպառնալիքի տակ է ՀԱՅՈՒ ԳՈՅՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ճակատագիրը, ուշաթափած է գլխաւորապէս հայ ինքնութեան լրջագոյն բաղադրիչը` հայոց լեզուն եւ հայու հոգին:
– Այնքան ծանրաբեռնուած ընկերային թէ տնտեսական առօրեայի պայմաններով, սփիւռքի վաղեմի թէ նորակազմ հայ համայնքներու մէջ, նոր սերունդի համար տուեալ երկրի մէջ հայը իր գոյատեւութիւնը պահելու եւ պարկեշտ քաղաքացի ապրելու եւ նոյն ժամանակ իր հայ ինքնութեան հաւատարիմ կառչելու այս իրավիճակը կրկնակի եւ պարտաւորեցուցիչ է, աւելցուած բեռ է հայանալը, տառապանք մըն է հայապահպանութիւնը, քրիստոնեայ հայու ինքնութեան յանձնառութիւնը: Նման պարագաներուն, հոգեւոր առաքելութեան կոչուած հոգեւորականին դերը շատ մեծ է` ոչ միայն իբրեւ կրօնա-հոգեւոր տէր ու ծառայ հայ համայնքին, այլեւ արդի արհեստագիտութեան հանդէպ արհեստավարժ իր հմտութեամբ թուային արհեստագիտութեան ենթակայութեամբ ապրող երիտասարդութեան մօտ կանգուն պահելու հայու հաւատքը, ազգային ու ինքնութեան գիտակցութիւնը, բազմադարեայ աւանդոյթները` ԱԲ-ով պարուրուած մեր դարուն մէջ:
Նախորդ կէտին ագուցուած հիմնական հարց մը եւս
– Հոգեւոր կրթութեան զուգահեռ` սփիւռքագիտութեան առարկան կը դասաւանդուի՞ կրթական յատուկ ծրագրով մեր դպրեվանքերու մէջ: Սփիւռքագիտութիւնը ոչ իբրեւ տեսական` հայու աշխարհագրական ներկայութիւնը կամ վիճակագրական անհրապոյր եւ փոփոխական տուեալներու նախնական գիտելիքներով եւ այլն:
Մատնանշումը կը միտի`
– Գործնամէտ սփիւռքագիտութեան, սփիւռքահայ տագնապներու, լեզուի եւ աւանդոյթներու մարտահրաւէրներուն, գործնական ելքեր, առաջարկներ` որոնելու հայու մարդաբանութեան հեռանկարը [4]: Սփիւռքագիտութիւնը այն գործնական մօտեցումով, թէ ինչպիսի՞ ձեւանմուշներով պէտք է դիմագրաւել, ինչպիսի՞ կազմակերպուածութեան պարունակով, կառոյցով, կազմուածքով եւ պատրաստուածութեան բովանդակութեամբ, ինչպիսի՞ մօտեցումով, գործելակերպով ու մեթոտներով, մանաւանդ լայն գիտելիքներով առնչուելու համար հայ համայնքի պատանիներուն, երիտասարդ սերունդներուն եւ անհատներուն հետ:
– Պէտք է խոստովանիլ, որ վերջին եօթը, ութ տասնամեակներուն սփիւռքագիտութեան վերլուծումներուն համար առատ մելան հոսեցուցին մեր հրաշալի պատմագէտները, իմաստուն վերլուծաբանները, մտաւորականները, բայց այդ բոլորը ՏԵՍԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ծիրէն անդին չէին անցներ: Սփիւռքագիտութիւնը մնաց հրապարակախօսութեամբ եւ տեսաբանութիւններով լեցուն զրոյցներու, տեսակէտներու եւ համագումարներու սաղմին մէջ` իբրեւ ԽՈՐԽՈՐԱՏ մը, այդ ուղղութեամբ նախաձեռնուած ընդհանրապէս առաջին համագումարներու խանդավառութենէն ետք տեսական եզրայանգումներ կը մնային խօսուածները, որոնց կը յաջորդէին սպասումի եւ հիասթափութեան շեշտակի հարցումներ` «Յաջորդը ե՞րբ է», «ի՞նչ են գործնական ելքերը, աշխատանքային ուղեցոյցը» եւ այլն [5]:
– Մենք սփիւռքագիտութիւնը ՉԳԻՏԱԿԱՆԱՑՈՒՑԻՆՔ ԵՒ ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՄԱՍՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՉՎԵՐԱԾԵՑԻՆՔ, գիտականացած լուծումներու ալկորիթմներով չծրագրեցինք, չգործնականացուցինք, նիւթական յատկացումներ չկատարեցինք, պիւտճէներ չտրամադրեցինք: Արդեօ՞ք կեդրոնացանք միայն կարճ ժամկէտ ունեցող նախագիծներու, վիթխարի եւ երբեմն հսկայածաւալ շինարարական ծրագիրներու պարունակին մէջ:
– Այսօր կարելի է հարց տալ ու ցանկալ, թէ ԱԲ-ի արդիւնաւէտ ալկորիթմներու տարբերակներով կը կարողանա՞յ ելքեր, հնարաւորութիւններ, առաջարկներ ու լուծումներ առաջարկել սփիւռքագիտութեան: Ալկորիթմներ, որոնք հիմնաւորուած պիտի ըլլան` մեր մտաւորականներու արտադրած հիասքանչ միտքերու շտեմարաններով, բանական սխրալի վերլուծութիւններու բերքով, իմացականութեամբ լեցուն խոհեմ առաջադրութիւններու մտքի մթերանոցներով, լրջախոհ հրապարակախօսութիւններով եւ ամբողջական վաստակով:
Եզրայանգումի փոխարէն` ի՞նչ եւ ինչպէ՞ս ընել
Կարելի չէ քանի մը նեղ սիւնակներուն մէջ պարզաբանել, բազմաշերտ եւ բազմաբովանդակ ԱԲ-ի անկիւնադարձային իմաստաւորումը մեր հայ իրականութեան մէջ` ըլլայ Հայ եկեղեցի, թէ դպրոց, մամուլ, կրթական, մշակութային եւ այլ համակարգեր: Մեր շեշտը կեդրոնացուցինք վերը ներկայացուած կրթական եւ հոգեւոր հիմնական բաղադրիչներուն վրայ` զանոնք արժեւորելով իբրեւ սփիւռքահայու գոյութենական հիմնական մտքի ու կրթութեան հնոցը եւ հոգիի ու հաւատքի խարիսխը:
Բնական է, որ կարելի է կարկինը շատ աւելի լայն բանալ` քննարկելու համար ԱԲ-ը մեր ամբողջական իրավիճակին մէջ, բայց այս սիւնակները նեղ պիտի դառնային: Ուստի նշանակալից պիտի ըլլայ, եթէ այստեղ ներկայացուածը յաջողի բոլոր հետաքրքրուողներուն համար աւելի ընդարձակուած քննարկումներ կատարելու, իրապաշտ ելքերու առաջադրող սիւնակներով ու հարստացնող կայծերով առաքինի կիզակէտ դառնայ իր խթանիչ մտադրութեամբ:
– ԱԲ-ով կը խորանայ մեր առօրեայ կեանքի ալկորիթմնացումը բոլոր ոլորտներուն մէջ: Այսօր մենք կ՛ապրինք տեղեկատուութեան մրցավազքի գերիշխող ու անկաշկանդ ներկայով, որուն ակամայ կ՛ենթարկուինք բոլորս: Անխուսափելի է թուային արհեստագիտութեան, ԱԲ-ի արհեստագիտութիւններու դերն ու դերակատարութիւնը սփիւռքահայ տարբեր համայնքներու արժեհամակարգէն ներս` նկատի ունենալով հայ երիտասարդ սերունդին մօտ ԱԲ-ի հանդէպ աշխարհընկալումը, հարցականներով հարուստ մտահորիզոնները, որոնք տարբեր ուղեգիծներով կ՛ընթանան, քան` մեր նախատեսած ուղիները, մտածած ու երբեմն ծրագրած նախատեսումները, ուստի յարափոփոխ եւ միաժամանակ յարաբերական են մեր մատղաշ սերունդէն ակնկալուած պատասխանատուութիւններն ու ակնկալելիքները:
– Ժամանակի սուրացող թաւալումի հեւքին մէջ կարելիութիւնը եւ նոյնիսկ իրաւունքը չունինք` մաշեցնող, թուլակամ եւ մանաւանդ բեւեռացնող ու երբեմն դէպի նահանջ առաջնորդող անցեալով ապրելու, ընկրկող անտարբերութեամբ ճահճանալու ու մեկուսացած ինքնաբաւութեամբ մնալու թուային եւ ԱԲ-ի արհեստագիտութեանց դիմաց, մանաւանդ որ ներկայ ԱԲ-ի արհեստագիտութեան կարողութիւնները սրարշաւ յառաջխաղացքի մը գոյավիճակին մէջ են` կ՛ուղղուին դէպի գերկատալերագործում:
– ԱԲ-ի ալկորիթմներու շնորհիւ` հակադրուող երեւակայութիւնն ու բանականութիւնը տեղ մը կը համադրուին: Ծրագրուած ԱԲ-ով երեւակայութեան ստեղծագործող ու սլացք տուող կարողութիւնը իրագործելի ու այժմէական հնարքի կը վերածուի: Նոյն դիտարկումով արժէ այդ ոլորտին մէջ փնտռել` մեր տագնապներու ելքերը, նոր ու լուսատու անցքերն ու լուծումները, հնարամիտ լուսանքներ պեղելու կարելիութիւնը: Իմաստուն մարտավարութիւն է պատշաճիլ ԱԲ-ի արհեստագիտութեան, գիտակցութեամբ զայն իւրացնել, ծառայեցնել օգտաշատ, կշռադատուած եւ հեռատես ազգաշէն ծրագիրներ իրականացնելու համար:
– Այսօր սփիւռքը զառիթափի վրայ է, սփիւռքահայ ենթակառոյցներու արժեհամակարգի ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ վերանորոգումը, վերակազմակերպումն ու վերակենսաւորումը աւելի քան հրատապ հրամայականներ են: Խորթութեան համազօր վերաբերմունք է` ժամանակակից նոր որակ չստեղծելը, տեսլական չունենալը կամ չարտօնելը: Անհրաժեշտ կարիքը ունինք այս բոլորին ուղղութիւն տուող բարոյական` հոգեւոր ու ազգային արժէքներու վերակենսագործման: Կենսական է ԱԲ-ի յարուցած վերափոխումները դիմակայել եւ յաղթահարել ԳԻՏԱԿԱՆԱՑԱԾ եւ շրջախոհ պատրաստուածութեամբ:
– Նախորդ ենթավերնագիրներու մէջ ներկայացուած հիմնական մտածումներուն ու առաջադրանքներուն սլաքներով ու մեր կշռադատուած պատասխաններով պիտի կարողանանք օգնել` ոչ միայն ի՞նչ ընելու, այլեւ ինչպէ՞ս ընելու հարցականներուն:
ԱԲ-ը սփիւռքահայ արժեհամակարգին մէջ իմաստաւորելու համար փորձենք մտածել` ի՞նչ գործնական որոշումներ պէտք է տրուին անմիջապէս, ի՞նչ միջոցներով պիտի լուծուին ելքերու ընտրանքները եւ տարբաղադրումը, եւ մանաւանդ հայ ազգի ԳՈՅԱՏԵՒՈՒԹԵԱՆ գերհրամայականը երաշխաւորելու համար` ի՞նչ արժէքներու առաջնահերթութեամբ պիտի ծրագրուին ու գործադրուին թուային եւ ԱԲ-ի արհեստագիտութիւններով շրջապատուած մեր ներկայ դարուն մէջ:
(Շար. 4 եւ վերջ)
[4] https://www.aztagdaily.com/archives/607781
[5] «Հասկ» Ամսագիր ՀԳ տարի «Օգոստոս 2004», էջ 541-602.
Տեղադրուած գեղարուեստական նկարները պատրաստուած են` հեղինակին առաջադրանքներով եւ ԱԲ-ի օժանդակութեամբ: