Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խոստովանութիւն (Մեծ Պահքի Առիթով)

Մարտ 15, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

«Եթէ խոստովանինք մեր մեղքերը, վստահ եղէք, որ Աստուած, որ արդար է, պիտի ներէ մեր մեղքերը»

 (Ա. Յովհ.. 1. 9):

 

Պլեզ Փասքալ` ԺԷ. դարու ֆրանսացի նշանաւոր իմաստասէրը, իր գործերէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Աշխարհի մէջ երկու տեսակ մարդիկ կան` արդար մարդիկ, որոնք կը հաւատան, որ մեղաւոր են, եւ` մեղաւոր մարդիկ, որոնք կը հաւատան որ արդար են»:

Մարդոց մեծամասնութիւնը այս երկրորդ դասակարգին կը պատկանի: Շատ մարդիկ կը հաւատան, որ իրենք արդար են, քանի որ Տասնաբանեայի պատուիրանները կը պահեն, բարոյական գիտակցութիւն ունին բարին եւ չարը զանազանելու եւ իրենց կարողութեան չափով կը յարին բարիին: Անոնք կը մոռնան, կամ կ՛աշխատին մտահան ընել Պօղոս առաքեալի վկայութիւնը` «Բոլոր մարդիկ մեղանչեցին» (Հռով. 3. 23): Յովհաննէս առաքեալն ալ կը հաստատէ այս ճշմարտութիւնը, երբ կը գրէ. «Եթէ ըսենք` մեղք չունինք, մենք մեզ կը խաբենք» … եւ եթէ «մեղք չգործեցինք» ըսենք, ստախօս կը հանենք զԱստուած» (Ա. Յովհ. 1. 8, 10):

Աստուծոյ հետ հաշտուելու եւ Քրիստոսի միջոցով Անոր բերած փրկութեան արժանանալու նախապայմանն է մեղքերու խոստովանութիւնը: Բայց ի՞նչ է ճշմարիտ եւ լիիրաւ խոստովանութիւնը: Խոստովանութիւններու տեսակները կան: «Ես մեղանչեցի» ըսելը բաւական չէ լիիրաւ խոստովանութեան համար: Օրինակներով խօսինք.

Ա.- Կան խոստովանութիւններ, որոնք շահախոյզ (expedient) են: Երբեմն մարդիկ, երբ ճարահատ դառնան, «մեղայ» կ՛ըսեն շահադիտական նպատակներով: «Կ՛ընդունինք, որ մեղաւոր ենք» կ՛ըսեն, որպէսզի փախուստ տան աւելի խիստ դատավճիռէ: Դատարաններու մէջ երբեմն քրէական յանցագործութիւն կատարած ոճրագործներ լալով «մեղայ» կ՛ըսեն, բայց իրականութեան մէջ լուրջ զղջումի հոգի չունին: «Մեղաւոր եմ» կ՛ըսեն, որպէսզի դատաւորներու եւ դատական ատեանի բարեացակամութիւնը շահին:

Եգիպտոսի փարաւոնը երբ մերժեց արձակել իսրայէլացիները, Աստուած իրերայաջորդ պատուհասներ ղրկեց Եգիպտոսի: Փարաւոն շուտով կանչեց Մովսէսն ու Ահարոնը եւ ըսաւ անոնց. «Ձեր Տէր Աստուծոյն ու ձեզի դէմ մեղանչեցի» (Ելից 10. 16): Որոշապէս ասիկա կեղծ խոստովանութիւն մըն էր:

Բ.-  Կան խստովանութիւններ, որոնք ակներեւ են, մանաւանդ երբ մեղապարտը իր յանցանքն ու մեղքը գործած ատեն բռնուած է: «Այո՛, մեղաւոր եմ» ըսելը բնական է, որովհետեւ ոճիրը անհերքելի է: Մեղապարտը ուրիշ հնարք չունի, եթէ ոչ` ըսել «մեղք գործեցի»: Հին ուխտի մէջ Աքարի խոստովանութիւնը ասոր մէկ օրինակն է: Հակառակ Աստուծոյ պատուէրին` աւարի ընթացքին գողութիւն կ՛ընէ եւ կը բռնուի. Յեսուին առջեւ Աքար կը խոստովանի` ըսելով. «Յիրաւի ես Իսրայէլի Տէր Աստուծոյն դէմ մեղք գործեցի» (Յեսուայ 7. 20): Գործուած ոճիրը անհերքելի եւ անուրանալի էր, զայն ընդունիլը բաւական չէր` առանց ապաշխարութեան գործընթացին:

Գ.-  Կան խոստովանութիւններ ալ, որոնք մարդոց գործած մեղքերն ու յանցանքները կ՛աշխատին չքմեղացնել եւ զանոնք ուրիշին վրայ բեռցնել: Ասոր դասական օրինակներէն մին Ադամի անհնազանդութեան մեղքն է Եդեմի պարտէզին մէջ: Երբ Աստուած հարցուց իրեն. «Արդեօք կերա՞ր այն ծառէն, որուն համար քեզի պատուիրեցի, որ անկէ չուտես:» Ադամ ըսաւ. «Այն կինը, որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ա՛ն ինծի տուաւ ծառէն, ու ես կերայ» (Ծննդոց 3. 11-12):

Դ.- Կան ուրիշ խոստովանութիւններ ալ, որոնք կը բխին ամօթի, յուսահատութեան, խղճահարութեան եւ ցաւի զգացումներէն, բայց ոչինչ կը փոխեն խոստովանող մարդուն կեանքէն: Ասոր պերճախօս օրինակը կը տեսնենք Իսկարիովտացի Յուդայի անձին մէջ, որ երեսուն կտոր արծաթով մատնեց իր Տէրը. ապա զղջալով` գոչեց. «Մեղք գործեցի արդար մէկը մատնելուս համար» (Մատթ. 27. 4):

Չի բաւեր միայն «մեղայ» կամ «մեղք գործեցի» ըսելը: Ատիկա ճշմարիտ խոստովանութիւն մը չէ: Ճշմարիտ, լիիրաւ խոստովանութիւն մը ոչ միայն մեղքի ճանաչումը կ՛ընէ, այլ կոտրած սրտով` մեղքեր ներող Փրկիչին կը դիմէ իր գործած մեղքին ներումին համար: Ճշմարիտ խոստովանութիւնը ապաշխարութեան նախադուռն է, ուրկէ մեղաւոր մարդը կը մտնէ եւ իր մեղքերը Քրիստոսի շնորհած գահին առջեւ կը դնէ ու իր կեանքի ընթացքը կը փոխէ եւ լիովին կը յանձնուի իր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի:

Ճշմարիտ եւ լիիրաւ խոստովանութեան շատ օրինակներ կան Աստուածաշունչ մատեանին մէջ: Յիշենք անոնցմէ երկու յատկանշական օրինակներէն մին` Հին ուխտէն, եւ միւսը` Նոր կտակարանէն: Առաջինը` Դաւիթ թագաւորի կեանքէն: Դաւիթ Հին Իսրայէլի մեծագոյն թագաւորն էր, մէկը, որուն համար Ս. Գիրքը կ՛ըսէ. «Տիրոջ սրտին համեմատ մարդ մը» (Ա. Թագ. 13. 14), այսուհանդերձ, այս մարդը իր մարմնի ցանկութեան պատճառով սպաննել տուաւ Ուրիան, որպէսզի անոր կնոջ` Բերսաբէի հետ ամուսնանայ: Երբ Նաթան մարգարէն Դաւիթի ծածկաբար գործած ոճիրը քաջաբար յայտնեց, Դաւիթ Նաթանին ըսաւ` «Տիրոջ դէմ մեղք գործեցի» (Բ. Թագ. 12.13): Բայց այդ խոստովանութենէն զատ` զղջումով եւ ապաշխարութեան անկեղծ հոգիով ի խորոց սրտի աղերսեց Աստուծոյ. «Քեզի՛, Քեզի դէմ մեղանչեցի եւ քու աչքերուդ առջեւ չարութիւն ըրի… իմ անօրէնութիւնս ջնջէ եւ իմ ներսիդիս ուղիղ հոգի նորոգէ» (Սաղմոս. 51. 4, 10):

Ճշմարիտ եւ լիիրաւ ուրիշ գեղեցիկ օրինակ մըն է  Նոր կտակարանին մէջ Յիսուսի պատմած անառակ որդիին  առակը, որ արձանագրուած է Ղուկասու Աւետարանի 15-րդ գլխուն մէջ: Անառակ որդին իր հօրենական ժառանգութիւնը առնելէ ետք, մսխեց զայն` շուայտ կեանք մը վարելով: Բարոյապէս սնանկացած մարդը, երբ նիւթապէս այնքան մը սնանկացաւ, որ խոզերուն կերած եղջիւրներէն իր փորը կը լեցնէր, «ինքզինքին գալով»` իր հօրը տունը վերադարձաւ եւ խոստովանեցաւ իր մեղքը` ըսելով. «Հա՛յր, մեղանչեցի երկնքի դէմ ու քու առջեւդ եւ արժանի չեմ քու որդիդ ըսուելու» (Ղուկ. 15. 21): Իր հայրը զինք ընդունեց գրկաբաց, որովհետեւ հայրը գիտէր, որ անոր խոստովանութիւնը ճշմարիտ էր, զինք առաջնորդած էր իր հօրը տունը գալու: Ճշմարիտ խոստովանութիւնը սկիզբն է ապաշխարութեան:

 

 

Նախորդը

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը Ահազանգեց Սուրիոյ Մէջ Ապրող Հայերուն Դիմագրաւած Կեանքի Եւ Ժառանգութեան Սպառնալիքներուն

Յաջորդը

Օրուան Հարցերը. Խաղաղութեան «Տասնաբանեայ» (Կամ` Միակողմանի Նոր Զիջումի Ու Ինքնակործանման Ծրագիր)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?