ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ
Մեքենայական ուսուցումը, ԱԲ-ն ալկորիթմերով
ԱԲ-ը, կը բանի հսկայական տուեալներու (big data) գիտավերլուծութեամբ, բանականութեան (intellect) ինքնավար գերիմաստուն հրամաններու շարքով, հրամանաշարով, ալկորիթմերով (Algorithm) [3] ռոպոթաշէն համակարգերով, ամպային հաշուարկներու (cloud computing), բանացանցի կամ իրերու ներցանցի (Internet of Things -IoT), սայպըր-ֆիզիքական (cyber-physical systems) սարքերու բարդ գերհոլովոյթներով:
Ընթացակարգ մը, որ առ այժմ հիմնուած է ընդհանրապէս զգացականէն հեռու, բանականութեամբ բանող հրահանգներու հունաւոր, հաւաքածոյի մը տրամաբանական յաջորդականութեան շնորհիւ, որ կը միտի գերարագութեամբ լուծել, պատասխանել կամ արդիւնաւէտ արդիւնքներով թելադրանք մը, հարց մը, ծրագիր մը կատարել եւ կամ ծրագիրներ մշակելու նպատակին, բայց միշտ ալ պէտք է ըլլայ մարդկային բանականութեան վերահսկողութեան եւ վերատեսութեան ենթակայ:
Պէտք է նկատել, ԱԲ-ն ներգործող արագ թափի հետեւանքները, պարտաւորեցնող անհրաժեշտութիւն է նորարար (Innovation) մօտեցումներով եւ ԱԲ-մբ գործող կառոյցներու ուսումնասիրուած ճշգրտութեամբ վերահսկելու, հարկաւոր պաշտպանուած ըլլալու կարեւորութիւնը, որոնք գիտա-արհեստավարժ հմտութիւններու կառավարման ենթակառոյցներու օժանդակութեամբ կը բանին:
Առհասարակ ինչպէս բոլոր համակարգերը, կրթական համակարգն ալ իր բոլոր յարակից նախնական թէ բարձրագոյն ուսումնական համակարգերու ենթակառոյցներով պատրաստ պէտք է ըլլան ԱԲ-ը ընկալելու, համընթաց վերափոխութեան եւ ճանապարհային քարտէզ ունենալու, թուային բոլոր նորամուծութիւնները, նորարարութիւնները պարփակելու: Գերհիմնական հարց է զանազան յարձակումներու դէմ թուայնացած համակարգերու անվտանգութիւնը, նոյնպէս պէտք է պատսպարուին ու երաշխաւորուին տուեալներու գաղտնագրումի (Encryption) անվտանգութիւնը, սայպըրանվտանգութիւնը (cyber attack) եւ այլն:
ԱԲ-ն եզրաբանութիւններու հայերէն իմաստային հասկացողութիւնը
Բանականութեամբ բանող եւ ընդհանրապէս նորարար եւ կայծակնային արագութեամբ արհեստագիտութեանց զարգացումին դիմաց պէտք է ընդունինք, որ արեւմտահայերէնը` ժամանակի արհեստագիտութիւններու հետ քայլ պահելու ճկունութենէն կը տառապի, ոչ միայն թուայնացած գիտութիւններու լեզուական նոր բառապաշարի սահմանումներու նշանակութիւնները գտնելու, այլ նաեւ լեզուի իմաստային ընկալումը, միտումները բացայայտելու թուլութիւն մը ունի, նոր ու ճշգրիտ բառամթերք ստեղծելու, տրամադրելու անբաւարարութիւն ունին հայերէն բառարանները, հոմանիշներ հայթայթելու տագնապ մը կը զգացուի, եւ տեղ մը ակամայ կը պարտաւորուինք այդ բառերու գլխաւորաբար անգլերէն սահմանումները օգտագործելու, արտայայտելու հիմնական միտքը, հաւաստի բուն նշանակութիւնը, իմաստը: Այսօր այնքան կենսական պահանջք է թուային եւ ԱԲ-ն գիտութիւններու հետ առնչուած հայերէն մասնագիտական բառացուցակի (Glossary) մը, բառգրքոյկի մը:
ԱԲ-ն օգտագործուած եզրաբանութենէն (Terminology), օրինակ մը տալու համար` փորձենք սահմանել Deep learning, Artificial Neural Networks (ANN) կամ այնքան պարզ Machine learning (ML)-ը, որ «մեքենայական ուսուցում» բառակապակցութեամբ կարելի է սահմանել, (այս պարագային մեքենան` ֆիզիքական սարքն է, իսկ այդ մեքենան բանեցնող ծրագիրը ԱԲ-նն է): Իրականութեան մէջ անգլերէնով ML-ը այնքան պարզ կը թուի, բայց գիտական բարդ ու խառնածին սահմանում մըն է, որուն գործընթացը հիմնուած է, ու կը ներառէ երեք բաղադրիչներ: ML-ը ԱԲ-ն ենթաոլորտն է, կեդրոնացած է հսկայական տուեալներով հաւաքածոներու եւ ալկորիթմերու օգտագործման վրայ, որ հնարաւորութիւն կու տայ մեքենաներուն, սարքերուն այս պարագային ռոպոթներուն` հարցումներ կամ խնդիրներ ուսումնասիրել ապա առաջադրանքներ կատարել, արդիւնքներ կանխատեսել, ունակ ու աւելի արդիւնաւէտ տարբերակներով տնօրինելու, ձեւանմուշներ կամ նախօրինակներ (Model) ստեղծելու նպատակով: Մեքենայական ուսուցումը ԱԲ-ն ընդարձակ մէկ բաժինն է, որ կ՛ուսումնասիրէ ալկորիթմերու կառուցման եղանակները, մեթոտները: (ML)-ը կարելի է համարել որպէս ԱԲ-ն խնդիրներու լուծման գործնական ալկորիթմ:
Տեղին է նշել, որ ԱԲ-ը գոյութիւն կրնայ ունենալ առանց ֆիզիքական սարքի` ռոպոթի, կամ միայն թուային ԱԲ-ն համակարգով: Ռոպոթի եւ ԱԲ-ն հասկացութիւնը հոմանիշներ չեն, ԱԲ-ը ծրագիրն է, որուն դրսեւորումը բանականութիւնն է, իսկ ռոպոթը ֆիզիքական տարրն է, որ կիրականացնէ ԱԲ-մբ կայացած կամ սահմանուած ծրագիրները, որոշումները, հրամանները:
Ականաւոր լեզուաբան, հայագէտ Գէորգ Ջահուկեան տեղ մը յիշած է` տարեկան մօտաւորապէս 10.000 նոր բառեր կը ծնին: Իսկ հանրածանօթ բազմավաստակ լեզուագէտ տոքթոր Արմենակ Եղիայեան այս ուղղութեամբ կը հաւաստէ.
– «ժամանակին հետ քայլ պահող բառամթերք գտնելը մեր դժուարագոյն հարցերէն մէկն է, որ արեւելահայերը շատ յաճախ կը լուծեն…օտար բառը առնելով նոյնութեամբ: Իսկ նոր բառեր կը ծնին ու կը ծնին. Միւս կողմէ` այդ բառերը հնարող օտարները հանճարներ չեն, անոնք ալ կը մեկնին իրենց լեզուին մէջ գտնուող պարզ բառերէն եւ կ’անուանեն նոր հասկացութիւնը, ինչպէս` Machine Learning-ն է, որ կազմուած է անգլերէն ամենասովորական բառերով: Արդ, սկսելու համար` հայերէնն ալ կրնայ հետեւիլ այդ փոխատու լեզուի օրինակին` իր սեփական պարզ բառերով անուանելով նոր հասկացութիւնը, հայերէն բառին կից փակագիծի մէջ մէկ-երկու անգամ դնելով օտար բառը օտար տառերով, մինչեւ որ ընթերցողները հետզհետէ հաւասարութիւն դնեն օտար բառին ու հայերէնին միջեւ. Չմոռնանք, բառերը ունին կամ կ’ունենան այն նշանակութիւնը, որ մենք` խօսողներս, կը դնենք անոնց մէջ: Եւ… սպասել. Մինչեւ, որ օր մըն ալ տաղանդաւոր հայ մը աւելի յարմար բառ մը առաջարկէ մեր գործածածին փոխարէն»:
Կարելի է հարց տալ, պիտի գա՞յ այն օրը երբ ԱԲ-ը պիտի կարողանայ մեր բոլոր նախատեսուած լեզուական թուլութիւններուն, սահմանափակումներուն, մանաւանդ լեզուի իմաստային ընկալումին ու հոմանիշներուն, բառապաշարի կառոյցին, շարահիւսութեան եւ յարակից լեզուական այլ հարցեր լուծելու համար ունենայ իր նշանակալից դերն ու ներդրումը, ծրագրուած ալկորիթմերու շնորհիւ:
Երազային չէ երբ ԱԲ-ն ծրագրուած ալկորիթմերը, կը կարողանան գտնել այն կարելիութիւնները պահպանելու ու փրկելու անհետացման վտանգի տակ գտնուող հազարաւոր լեզուներ, մշակութային ժառանգութիւններու բաղադրիչներ: Մանաւանդ, որ լեզուաբաններ ու մարդկային մշակոյթի պատմաբաններ, մարդաբաններ (Anthropologists) կ՛ընկալեն ու կը գնահատեն լեզուներու եւ մշակոյթներու նկատմամբ ԱԲ-ն գիտական խորունկ հասողութիւնն ու ներուժը:
Մարդ-ռոպոթ բռնցքամա՞րտ թէ՞ համագործակցութիւն
Դարերու պատմութիւն ունի մարդ-մեքենայ-արհեստագիտութիւն երրեակ կապակցութիւնը, մեքենայի արարչակերտը` մարդ էակը ձգտած է մարմնացնելու մտախոհուն մեքենաներ ստեղծելու իր բաղձանքը: Մեքենաներ որոնք նմանակելու են մարդկային բանականութեան գործնամիտ բարեմասնութեան: Երազանք մը, որ այսօր ԱԲ-մբ բանող ռոպոթներով իրականացած է, ու կը շարունակէ իր հաստատակամ ուղեւորութիւնը: ԱԲ-ն բազմակողմանի ծաւալուն հոլովոյթը կը կարողանայ նոր մասնագիտութիւններ ստեղծել, փորձագիտական խումբեր, նորահնար ստեղծագործական ոլորտներ, կազմեր, կառոյցներ հնարաւորել, որոնք գոյութիւն ունենալու կարելիութիւնը չունէին մօտիկ անցեալին առանց թուային եւ ԱԲ-մբ նորարար, բազմազան մրցունակութեամբ յատկանշուող հնարաւորութիւններուն:
Կարելի է նախատեսել, որ շատ մօտիկ ապագային պիտի պահանջուին բարձր գիտա-արհեստավարժ որակաւորումով պատրաստուած հմուտ անձեր, կազմեր: Թուային հասարակութեան աճը, պիտի կարողանայ ստեղծել նոր որակի աշխատատեղեր:
Անխուսափելի է թուային վճարումներու եւ ինքնասպասարկման բազմաոլորտ արհեստագիտութեան աճը, արագ գահավէժով մը պատմութեան անդունդին մէջ կրնան անհետանալ որոշ աշխատատեղեր, արհեստներ, վտանգուած են աշխատանքային եւ ծառայողական ասպարէզներ, ինչպէս օրինակ` գանձապահութիւն, հաշուապահութիւն, վարչական գործավարութիւն, գործադիր քարտուղարութիւն, որոշ գեղարուեստական ոլորտներ ինչպէս` գծանկարչութեան գեղարուեստներ, եւ այլն:
Թուային արհեստագիտութեան, ԱԲ-ն ծաւալուն օգտագործման զուգահեռ, վերարտադրող (generative) ԱԲ-ն բազմաշնորհ հնարաւորութիւններու միջոցաւ վտանգուած են նաեւ ուրիշ բարձր որակաւորում ունեցող մասնագիտութիւններու որոշ ճիւղեր, գիտա-արհեստական ակադեմական աշխտակիցներ, ճարտարարուեստի բնագաւառի` ճարտարարուեստական կրթութիւն ստացած մասնագէտներ, իրաւաբաններ, բժիշկներ, ռատիոլոկներ, դասախօսներ եւ այլն:
(Շար. 2)
Տեղադրուած գեղարուեստական նկարները պատրաստուած են` հեղինակին առաջադրանքներով եւ ԱԲ-ն օժանդակութեամբ :
———-