Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ֆութսալի Եուրօ 2026-ի զտումի մրցումներու գծով Դանիոյ մէջ 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց տեղւոյն ազգային խումբը:
Մրցումի առաջին 10 վայրկեանները լաւ պաշտպանելէ ետք, Դանիա 14-րդ վայրկեանին կոլ մը ստացաւ, երբ Նիքիթա Խրոմիխի հարուածը մուտք գործեց Դանիոյ բերդին մէջ:
Երկրորդ կիսախաղին, Գարեգին Մաշումեան կրկնապատկեց հաշիւը 23-րդ վայրկեանին: Քիչ ետք արդէն 0-3 էր արդիւնքը` շնորհիւ Վլատիմիր Սանոսեանի: Դանիա իր միակ կոլը նշանակեց 25-րդ վայրկեանին:
Այս յաղթանակէն ետք, Հայաստան առաջին դիրքին վրայ մնաց 13 կէտերով: Ղազախստան 1-0 կէտերով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը, մինչ Ալպանիա եւ Դանիա 3-ական կէտեր ունին:
Այսօր, Երեւանի մէջ Հայաստան կը հիւրընկալէ Ղազախստանը: