ՖԻՖԱ-ն վերջերս քիչ մը շատ վաճառականութեան մասին կը մտածէ, քան մարզանքի:
Վերջերս քննարկումներ կ՛ըլլան, թէ ՖԻՖԱ-ն 2026-ի մոնտիալի կիսախաղին կը մտածէ «Սուփըր Պոլ»-ի (ամերիկեան ֆութպոլի) նման երաժշտական «շօ» մը կատարել: Սակայն ամէն կողմէ գանգատներ սկսած են:
Փորձ մը եղած էր 2024-ի «Քոփ Ամերիքա»-ի կիսախաղին, երբ 15 վայրկեանի փոխարէն 25 վայրկեան տեւած էր «շօ»-ն, բան մը, որ բողոք յառաջացուցած էր մարզիկներուն մօտ:
ՖԻՖԱ-ն կ՛ուզէ անպայման եկամուտի նոր աղբիւրներ կամ ձեւեր գտնել, բայց նոյն պահուն ֆութպոլի օրէնքները խախտելու չափ ան չի կրնար փոփոխութիւններ կատարել:
2030-ի Մոնտիալին համար վերջերս առաջարկներ կային, որ մասնակցող խումբերուն թիւը 48-էն 64-ի բարձրանան, մանաւանդ որ պիտի նշուի Մոնտիալի պատմութեան 100-ամեակը:
Նոյն ձեւի առաջարկ մը ներկայացուցած էր պատուիրակը Ուրուկուէյի, այն երկիրը, ուր տեղի ունեցած էր առաջին Մոնտիալը 1930-ին:
Ճիաննի Ինֆանթինօ` ՖԻՖԱ-ի նախագահը, յայտնած է, որ այս նախաձեռնութիւնը վերլուծում կը պահանջէ: Սակայն մեծ հաւանականութիւն կայ, որ խորհուրդի միւս անդամները կը մերժեն այս գաղափարը:
2026-ի Մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, ուր մասնակցող խումբերուն թիւը 48-ի կը հասնի: