«Ըլլալ մարդ` կը նշանակէ զգալ, որ քար մը
դնելով քարի մը վրայ` կը կառուցենք աշխարհը»
ԱՆԹՈՒԱՆ ՏԸ ՍԵՆԹ ԷԿԶԻՒՓԵՐԻ, ֆրանսացի գրող, Ի. դար
Դարու կէսը մեր զաւակներու եւ թոռներու անմիջականի ժամն է, հեռու չէ: Իրաւ ղեկավարութիւնը կրաւորականութեամբ չի սպասեր դէպքերու ընթացքին, այլ տեղ եւ այլոց կողմէ կատարուած ընտրանքներու վճիռին: Ինք կը նախատեսէ եւ կը գործէ: Մեր ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), հանդիսատեսի դիրքով պիտի սպասե՞ն, որ քառորդ դար ետք մոլորակի տասը միլիառին մէջ յայտնուինք որպէս չնչին կոտորակ: Ի՞նչ պիտի ըլլան ինքնուրոյն ՀԱՅ ԱԶԳ-ը եւ անոր ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ը, այսօրուան կրճատ հանրապետութիւնը, Արցախը եւ բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստանը:
Անհատական բարօրութեան հետապնդումէն անդին, ոչ միայն բանիւ, այլ գործով իմաստ եւ բովանդակութիւն կու տա՞նք ազգի հարազատութեամբ եւ ինքնուրոյնութեամբ գոյապահպանման` փոխանակ աճեցնելու սփիւռք(ներ)ը, այսինքն կը կասեցնե՞նք մանրուելու ընթացքը:
Աւելի պարզ. ո՞ւր պիտի ըլլանք եւ` որպէս ի՞նչ, շարունակութի՞ւն, թէ՞ այլանուններու խայտաբղէտութիւն, եւ հաւատացողներ պիտի ըլլա՞ն, միամտօրէն պիտի հաւատա՞նք, թէ հայ ենք, ազգ ենք:
Ինչպէ՞ս պիտի պահուի, պիտի պահենք, դեռ մնացած քիչը, հայրենիքը, ի՞նչ անունով, ո՞ւր, շարունակութիւն պիտի ըլլա՞նք, ի՞նչ պիտի ընենք եւ ինչպէ՞ս, որպէսզի մնացած քիչն ալ չկոտորակուի եւ, հուսկ, չանհետանայ: Յափշտակուածին եւ կողոպտուածին կրկին ինչպէ՞ս տէր պիտի ըլլանք, որպէսզի ազգը իր համրանքով եւ ինքնուրոյն որակով աճի եւ հզօրանայ պատմութեան բեմէն չհեռանալու, համար, չըլլալու համար ծագումով այս կամ այն:
Կը խօսինք, կը գործենք, ղեկավարութիւն կը խաղանք այնպէս, որ կարծէք սփիւռք(ներ)ը կրնայ յաւերժ տեւել` որպէս ազգի հատուած, երբ ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ ան ընկերաքաղաքական տեսանկիւնէ ժամանակաւոր կացութիւն է: Ի՞նչ պիտի ըլլայ ժամանակաւորին յաջորդ ժամանակը: Քաղքենիացման աղէտը կ’առաջնորդէ ազգային ինքնախաբէութեան: Այսինքն կը պահենք փշրանք եւ յիշողութիւն, ուրեմն կանք եւ պիտի մնանք այսօր եւ վաղը, ինչպէս երէկ: Մտահան պէտք չէ ընել այն իրողութիւնը, որ ՍՓԻՒՌՔ-ը հայրենիք չէ, ազգ չէ, ասդին աւազի վրայ շինուած տուներու նմանող համայնքներու խճանկար է, նոյնիսկ եթէ տէր ենք` տուներու, տարբեր աշխարհներու մէջ շնորհուած այլազան քաղաքացիական իրաւունքներու, անհատական ազատութիւններու եւ ինքնահաստատման կարելիութիւններու, դրամի, դիրքի, յաջողութեան, փառքի:
Հայ քաղաքական միտքը, հանրապետութիւն եւ սփիւռք, ազգապահպան առաջնորդող հեռանկար պէտք է ունենան եւ յաջողին գերանցել` պարտութիւն, մրցակցութիւն, անհասկացողութիւն, հեռացում եւ հեռաւորութիւն, մէկ եւ նոյն նպատակով առաջնորդուին: Այդ իմաստութիւնը չունինք, չունինք հիմնական եւ անվիճելի այն սկզբունքը, որ ԱԶԳԸ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻ, ո՛չ այս կամ այն խմբաւորումը, որ` բոլորս ալ պատասխանատու ենք` առանց յաւելեալ ինքնաշնորհուած իրաւունքներու, եւ հասկնանք, որ առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու` ազգովին կը գտնուինք ՀԱՅ ԱԶԳ կոչուած տատանող նոյն նաւուն վրայ:
Սփիւռքի անորոշուող ինքնութեամբ զանգուածներու` որպէս հայ եւ հայութիւն վերապրումը, նաեւ` հանրապետութեան պահպանման ուղիղ ճանապարհը, հայ ժողովուրդի հողային հարցի լուծումն է, տարածքի տիրութիւնը, բնակեցումը, հայրենահանուածներու, կամաւոր գաղթականութիւններու եւ անոնց ժառանգներու հոն վերադարձը: Այս իրաւ քաղաքական պարզ իմաստութեան որդեգրումը մեր ժողովուրդի պարտութիւններու, հայրենահանման, կրած ցեղասպանութեան եւ յար շարունակուող տարտղնումին դէմ ղեկավարութիւնները նոյն ուղղութեամբ նայելու քաղաքական վարժութեան պէտք է առաջնորդէ, առաջնորդած ըլլար, հայու քաղաքական ՓՐԱՔՍԻՍ, կառուցողական պայքար, որ ընդհանուր տեսութեան մը մէջ պէտք է յանգի ճշմարիտ միացման` այդ չշփոթելով մասնակի, սովորական եւ ձեւական համագործակցութիւններու հետ, որոնք էսթեպլիշմընթային իրարանցումներ են, չես գիտեր` ո՞ր անվաղորդայն նպատակին ծառայելու համար, եւ կը միտին աննպատակ գերակայութիւններ հաստատելու: Ներկայի բազմանուն պառակտուածութեան ընթացքը կը տանի փակուղի: Ղեկավարութիւնը անմիջականէն անդին նայող համապարփակ տեսիլք պէտք է ունենայ, ինչ կը վերաբերի ազգին, ո՛չ այս կամ այն համայնքին, խումբին, այսինքն ունենայ ԱԶԳԻ ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ԵՒ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ որպէս հեռանկար, կողմնացոյց:
Մեր ժողովուրդի լինելութիւնը խարխափումներու եւ զարտուղութիւններու խրձիկ է: Ամէն ոք կը կարծէ իրաւունք ունենալ, գտնուիլ ճիշդ ուղիի վրայ: Հետեւանքը այն է, որ տեւաբար կը փորձենք շուարումները քննադատել, կը կարծենք ճիշդ կողմնորոշուիլ եւ կը վերսկսինք` յար եւ միշտ հպատակելով իրարմէ հիմնովին տարբեր ենթակայական ընտրանքներու: Եթէ այնքան ճիշդ ուղիներ կան, ինչպէ՞ս ընտրութիւն պիտի կատարուի: Ո՞վ որո՛ւ պիտի հետեւի: Ո՞վ կրնայ յաւակնիլ, որ ինք է միակ ճիշդը: Այսպէ՞ս պիտի շարունակուի նաեւ մինչեւ կորուստը անկախութեան եւ հայրենիքի այն բեկորին, որ մնացած է: Ազգին եւ անոր հարազատ ինքնութեան չառնչուող թաղային հեղինակութիւններ կը խօսին մարգարէներու պէս, չես գիտեր` ո՛ր արկածով այս կամ այն դիրքի վրայ գտնուածներ, որոնք ո՛չ ազգի պատմութիւն գիտեն, յաճախ նաեւ հոգեմտաւոր ժառանգութեամբ հաղորդուելու համար լեզու չեն գիտեր, անով ստացուած մտածողութիւն չունին, եւ իրենք իրենց կ’արտօնեն բարձրագոչ յայտարարել, որ ազգը կամ համայնքը, եկեղեցիին պէտք չունին, իրենք են ճիշդը, կրնան տեսակաւոր ասդիէն անդիէն որսացուած յառաջդիմական համարուած կարգախօսներ կրկնել, լեզու, մշակոյթ, դպրոց երկրորդական համարել, ըսել, որ կարելի է զանոնք ծալել եւ անոնց վրան նստիլ, կամ` անհանգիստ չըլլալու համար պոռչտալ, որ թաղէն անդին նայող ազգակերտ ծրագիրներ պարզապէս սուրի հարուած են ջուրի մակերեսին տրուած…
Իրարու դէմ պայքարիլը առաջնահերթ համարած ենք եւ այդպէս կը շարունակենք ծառայելու համար մեր եսին եւ փառասիրութեան, որոնք իմաստութեան հիմնաւորումներ չեն ունեցած, եւ յանգած են աթոռապաշտութեան, որ ախտ է, որուն վրայ գումարուած է ընտանեպաշտութիւնը, այլեւս աւանդութիւն դարձած ԽԾԲ-ն, հայր, որդի, կին, հարս ու փեսայ, խնամի, դրացի, դասընկեր… Շարքը կարելի է երկարել եւ ծայրը չգտնել: Այսպէս ենք Հայաստան եւ գերաճող սփիւռքներ: Պէտք չէ արհամարհել նաեւ` քսակի ընձեռած իրաւունքը, տեղայնութիւնները, երեւանցիի գերադասութիւնը գիւմրեցիին, փարիսեցիին մարսէյցիին… կարելի է բազմապատկել բաղդատութիւնները` մինչեւ Մոսկուա, Վլատիվոսթոք եւ Փըրթ…
Այսպէս եղած ենք հազար հինգ հարիւր տարի առաջ, եւ այդպէս գործած են հայ նախարարական տուները` միշտ թագ ցանկալով, որ նախընթացն է հայկական հին-նոր ջոջականութեան: Աղմկարարութիւնը ժողովրդականութեան հետ շփոթած ենք, մեր փոքր ածուին մէջ աթոռ մը ունենալու համար արժէքներ ոտնակոխած ենք:
Գրաբարով ըսուած` «մի՛ բարձընտիր լինել ի կոչունս» պատգամը չենք լսած եւ չենք լսեր: Օր մը, նորահարուստ մը ըսաւ, որ եթէ զինք միութեան վարչութեան մէջ առնեն, միութեան բոլոր ծախսերը կը ստանձնէ: Դիրքի եւ աթոռի ցանկութիւն… Ուրիշներ ղեկավարի դիրքին արժանի ըլլալու համար կը ցանկան բեմ բարձրանալ, ուրիշի գրածով բարբառիլ, հայերէն կամ տարբեր լեզուով քաղաքական ճառ արտասանել, բանաստեղծի մասին դասախօսել: Ատենապետի կամ նախագահի իրաւասութիւն նուաճելու համար թաղային հեղինակութիւն մը ինքզինք գերադաս կը համարէ պատմագէտ ակադեմիկոսէն եւ վճիռներ կը կայացնէ… Եւ համայնք, ազգ, պետութիւն կը վճարեն վնասակար սնափառութիւններու գինը: Ինչո՞ւ կը զարմանանք, երբ «ռուսական պուպրիկ»-ներու նմանող, միշտ հին եւ միշտ նոր պատկերներու պէս, փակուղիներու առջեւ կը գտնուինք եւ կը նահանջենք:
Աղմկարարութիւնը ժողովրդավարութեան եւ ժողովրդականութեան հետ շփոթած ենք, մեր փոքր ածուին մէջ աթոռ մը ունենալու համար արժէքներ ոտնակոխած ենք: Ղեկավարի աթոռի ցանկութիւն…
Այս հոգեբանական ախտերը ինչպէ՞ս փոխարինել վերականգնումի յանձնառութեամբ, որ կը պահանջէ հեռանկար, ծրագրում եւ աշխատանք, որոնք բացակայ են մեր ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային կեանքին մէջ:
Այսօր ո՞վ եւ ո՞ւր կը խօսի բռնագրաւեալ Հայաստանի մասին, այս հարցը ո՞ւր օրակարգ է: Վերջնական կերպով հրաժարա՞ծ ենք մեր նախահայրերու ժառանգութենէն: Վերականգնումի համար ղեկավարութիւնները ամբողջականի տեսիլք պէտք է ունենան եւ իրենց օրինակով այդ տեսիլքը ներշնչեն` մեծին եւ պզտիկին, հեռաւորին եւ մօտաւորին: Գործեն եւ զանգուածները մասնակից դարձնեն ԳՈՐԾ-ին, որ մեծ յեղափոխականի խօսքով միակ կենդանին է ընկերային եւ քաղաքական կեանքի մէջ: Իրաւ ազգային ղեկավարութիւնը բարձրամակարդակ գիտակցութեամբ պէտք է յանդգնի յայտարարել, որ բանիւ եւ գործով տէր է ազգի հող-հայրենիքին եւ անոր հոգեմտաւոր ժառանգութեան: Այդ ժառանգութիւնը կրպակի այս կամ այն անկիւնը դրուած եւ մոռցուելու դատապարտուած մգլոտած ապրանք չէ, հայրենիք եւ ինքնութիւն է, որուն տէր կանգնելու եւ տէր դառնալու իրաւունքէն հրաժարիլ` վատութիւն է, նոյնիսկ եթէ բիրտ գործնապաշտութիւնը այդ անկարելի կը համարէ:
Այս տեսիլքի իրականացման համար տարտղնուող եւ սպառողական ընկերութեան հոսանքին մէջ տարուող ինքնամոռաց զանգուածներուն պէտք է ներշնչել տիրոջ գիտակցութիւն, որուն համար անհրաժեշտ է նախ վերականգնել ազգային աշխարհահայեցողութիւն կրող առաջանորդութիւն, որպէսզի ունենանք մեր իւրայատուկ լեզուամտածողութիւնը, չմտածենք եւ չգործենք ամերիկացիի, ֆրանսացիի, կամ յոյնի պէս: Օր մը երէց մը իմաստուն դատում մը ըրաւ սփիւռքի բազմամարդ շրջանի մը օտարախօս դարձածներու մասին եւ ըսաւ. «Ասոնք օտար հայասէրներ են»:
Պարզ խօսելով` հարազատ ղեկավարութիւնը յանուն ազգին կը յայտարարէ, որ տէր է ԱԶԳԻ բռնագրաւուած հայրենիքին, որ` այդ նպատակի իրականացման հետապնդումը օրացուցային ժամանակին չի հպատակիր եւ յարատեւ պայքարի կոչով հրապարակ կու գայ: Իրենց պարտականութեան գիտակից ղեկավարութիւնները, իրենց կողքին ունենալով հայ եւ իրաւ հայկական լեզուամտածողութիւն ունեցող մտաւորականութիւնը, պիտի տանին պայքարի ԽՕՍՔ-ը իւրաքանչիւր հայու յարկին տակ: Իսկ Հայաստանի եւ սփիւռքի հայ դպրոցը, հայկական լրատուամիջոցը, բեմը եւ խորանը, բանաստեղծը եւ արուեստագէտը, փոխան օտարացման եւ այլասերման մէջ յաջողութիւն հետապնդելու, իրենց կարելիութիւնները պիտի ծառայեցնեն ԱԶԳ-ի իրաւունքի համար մղուող պայքարին` խօսքը, գրիչը, գիտութիւնը դարձնելով իրաւունքի հաստատման զինանոց, որպէսզի հայութիւնը չդատապարտուի ըլլալու պատմութեան մանրուք: Այս վաղուան չսպասող հաւաքական եւ անհատական պատասխանատուութիւն է չպարտուելու եւ չանհետանալու համար: Առանց գերադասի եւ ստորադասի, տարբերութիւններ մշակելու` ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ՞ՆՔ ԱԶԳԻ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԻՐԱՒ ՄԻԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ: Հարցում էր, որուն պէտք է պատասխանել` առանց կապկելու Հին Յունաստանի սոփեստները եւ հետեւիլ վերականգնումի պատնէշին քար մը աւելցնելու ֆրանսացի գրողի յանձնառու իմաստութեան` միշտ մտածելով, որ վաղը միշտ ուշ է: Մի՞թէ Կոմփիւկիոս պէտք է ըլլալ այս հասկնալու համար:
12 յունուար 2025, Փարիզ