Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչպէ՞ս Կ՛իմաստաւորենք Բեկումնային ԱԲ-ը (AI) Սփիւռքահայ Արժեհամակարգին Մէջ

Մարտ 11, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Ամէն յանձնառու սփիւռքահայ այս խորագիրը կրնայ բանաձեւել այսպէս` «Ի՞նչը, ո՞ւր, ե՞րբ եւ յատկապէս` որո՞նք պիտի իմաստաւորեն AI-ը (Artificial Inteligence)` արհեստական բանականութիւնը (այսուհետեւ` ԱԲ յապաւումով) սփիւռքահայ կառոյցներու արժեհամակարգին եւ մեր հաւաքական իրականութեան մէջ:

Այս հարցական վերնագիրը ուղղուած է քաղաքական, ուսումնակրթական, դաստիարակչական, մշակութային եւ այլ պաշտօնական, գործառու դիրքերու վրայ եղողներուն, ինչպէս նաեւ ուղղուած է հոգեւորականներուն, աւելի ճիշդ` եկեղեցական արդարամիտ ղեկավարութիւններուն:

Պարզ է, որ այս հարցադրումը կը միտի դիտարկել ներկայ թուայնացած գերարհեստագիտութեան թաւալումը եւ ժամանակակից հայ իրականութիւններու առնչութիւնները, հանգամանքները եւ նոյնիսկ ակնկալուած վերակենսաւորումները, անշուշտ` թափանցիկ, դատարկ լոզունգներու պարունակէն դուրս ու հռետորաբանական ինքնախաբէութենէ եւ կրաւորականութենէ հեռու:

Վերնագիր մը, որ այնքան համահունչ աղերս ունի 2003 թուականէն սկսեալ Արամ Ա.  վեհափառի հռչակագիրներու հեռատես սովորոյթին, անշեղ աւանդին` իւրաքանչիւր տարի նուիրելու հայ կեանքին առնչուած արժէքի մը, մտահոգութեան մը, թելադրիչ խորհուրդի մը, ինչպէս` 2025-ին հռչակուած «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման» խորհուրդը, որ հայու մարդաբանութեան բաղադրիչներէն է, ազգային տոհմիկ եւ աննիւթական ժառանգութեան արժէքները պահպանելու կոչնակ է:

Նախորդ հռչակագիրները, 2025 տարուան հռչակագիրն ալ գործադրելի կրնան ըլլալ, եթէ ագուցուած ըլլան գործնական ծրագրի մը ռազմավարութեամբ ու իրագործելի նախագիծով մը, որ համահունչ է մեր ներկայ հրամայականներուն [1], [2]:

Տասնամեակ մը առաջ ԱԲ-ն մասին խօսիլը խորթ ու երեւակայական կը համարուէր, ցնորական (fantastic) եւ կամ գիտաերեւակայածին (science fiction) հնարք մը, երբեմն` փիլիսոփայական, գերբնական պատկերացումով, տարօրինակ ու անիրագործելի զրոյց մը: Այո՛, ԱԲ-ը պատրանքի հնչեղութիւն ունէր, երբ ամերիկացի գիտնական Ճոն Մաքքարթի իր գիտական խմբակին հետ ԱԲ հասկացողութիւնը ներկայացուց 1956 թուականի գիտաժողովի մը: Սակայն այսօր երեւակայական ցնորքը դարձած է իրագործելի իրականութիւն: Փորձենք հակիճ համապատկերով մը ԱԲ-ը պարզաբանել ներկայի մեր իրականութեան մէջ:

ԱԲ Արհեստագիտութիւնը` Ժամանակի զարկերակը

Միջազգային ժամանակակից` գիտական, հասարակական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ ընտրանի հարթակներ իրենց էջերը լա՜յն բացած են ԱԲ վերնագիրներ հիւրընկալելու: ԱԲ-ի նուիրուած զանազան մակարդակի եւ ոլորտներու խորհրդաժողովներ, սեմինարներ, դասընթացքներ զիրար կը խճողեն, որոնք նպատակ ունին յաւելեալ մասնագիտական գիտելիքներով ընդարձակելու, գործնականացնելու, նորամուտ ԱԲ արհեստագիտութիւնը: Թարմացած նորութիւններով բացատրելու անոր կիրարկումը, պատշաճեցումը տարբեր ենթակառոյցներու հետ: Մանաւանդ` այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ ելեկտրոնային սպասարկումները, ենթադրեալ կամ անգոյական (virtual) [2] առցանց ծառայութիւնները, հեռավար գործառնութիւնները եւ անոնց կողքին` թուային արհեստագիտութիւնը եւ ԱԲ կը դառնան աւելի համատարած ու օգտագործելի:

Մեր կեանքի ամէնօրեայ իրականութեան զուգահեռ` մենք գիտակցաբար կամ անտեղեակ ձեւով առնչուած ենք ու մեծ խանդավառութեամբ կ՛օգտագործենք ԱԲ-ն տարբեր կիրարկումներն ու աննախադէպ հնարաւորութիւնները զանազան ոլորտներու մէջ, ըլլան` գիտութիւն, առողջապահութիւն, ապահովագրութիւն, կենցաղ, սպասարկման այլ ոլորտներ, մէկ խօսքով` ամէնուր, հոն, ուր հիմնական պահանջ կայ մեծաքանակ տուեալներու հաւաքագրումի, վերլուծութեան եւ ուսումնասիրութեան ու որոշումներ կայացնելու ծրագիրներ:

Անհերքելի է, որ ԱԲ-ն խորապէս թափանցած է ու կը շարունակէ իր ազդու ներգործութիւնը ունենալ անհատական թէ հանրային կեանքի զանազան մարզերուն մէջ: ԱԲ-ն ամէնուր է մեր կեանքի մէջ, ըլլան անոնք` ծառայողական բնագաւառներ, սպառողական պահանջներու, դրամատնային, առեւտրական ձեռնարկութիւններու, աշխատանքի շուկայի, մամուլի, փոխադրութեան միջոցներու, արդիւնաբերութեան, իրաւագիտութեան, մատակարարման շղթաներու վերակացութեան (Logistic), գիտութեան, բժշկութեան, ռազմարհեստագիտութեան, բազմաբնոյթ գովազդներու եւ մասնաւորապէս գերիշխող ներգործութիւնը` ուսումնակրթական համակարգերու մէջ եւ այլն:

Վերջին տասնամեակին որոշ պետութիւններու մրցակցութիւնը ցուցանիշ մըն է այս վկայութեան, որ կը յատկանշուի գլխաւորապէս ԱԲ-ը ծրագիրներու տրամադրուած արտասովոր ներդրումներով, յատկապէս` «Քորոնա» ժահրէն ետք, մասնաւորաբար` 2022 թուականի երկրորդ վեցամսեակէն ետք: Ներդրումները կը գերազանցեն քանի մը տասնեակ, նոյնիսկ հարիւրաւոր միլիառ տոլարներու վիթխարի գումարները: Օրինակներ յիշելու համար` ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր նախագահական աթոռը ստանձնելէ մէկ օր ետք` 21 յունուար 2025-ին յայտնեց, որ յառաջատար երեք ընկերութիւններ` ճափոնական հսկայ «SoftBank» եւ ամերիկեան «OpenAI» եւ «Oracle», պիտի կազմեն «Stargate» կոչուած հսկայ միացեալ ծրագիր մը` ԱԲ-ը արհեստագիտութեան ենթակառոյցներու զարգացման նուիրուած 500 միլիառ տոլար ներդրումի նախագիծով:

Հասկնալի է, 10 եւ 11 փետրուարին Փարիզի մէջ «AI Action Summit» տեղի ունեցող ԱԲ-ի միջազգային երրորդ գագաթնաժողովի հեռանկարը: Վեհաժողով մը, որուն ներկայ գտնուած են շուրջ 80 երկիրներու ղեկավարներ, մօտ հազար մասնակիցներ` ԱԲ-ի եւ թուային արհեստագիտութեանց համաշխարհային հսկաներու ներկայացուցիչներ, գիտնականներ եւ այլն: Այս գագաթնաժողովը հիմնականօրէն Եւրոպայի համար մրցակցելու նոր ուղի մը գտնելու փորձ է, արժանի չափանիշ մը` ԱՄՆ-ու եւ Չինաստանի գերակշռող մրցակցութեան հետ:

Սոյն վեհաժողովի ծիրէն ներս կարելի է յիշել ԵՄ-ի պատմութեան մէջ գերյաւակնոտ 200 միլիառ եւրոյի «InvestAI» հիմնադրամի հսկայական միացեալ ներդրումը, որ պիտի տրամադրուի եւրոպական գերզարգացած չորս հիմնարար ԱԲ-ի ենթակառոյցներու կազմութեան, որպէսզի ԱԲ-ի յաջորդ սերունդի արհեստագիտութեան նախօրինակներ (Model) մշակուին, ինչպէս յայտնած է Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լէյենը:

«InvestAI» հիմնադրամին համար ԵՄ-ը պիտի տրամադրէ 50 միլիառ եւրոյի գումար մը, իսկ մնացեալ 150 միլիառ եւրոն պիտի տրամադրուի ԱԲ-ի մասնագիտացած եւրոպական ընկերութիւններու տիտաններուն կողմէ` ԱԲ արհեստագիտութեան զարգացման համար: Նոյն գագաթնաժողովի զուգահեռ` կարելի է յիշել Ֆրանսայի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու աջակցութեամբ ԱԲ ոլորտի մէջ 109 միլիառ եւրոյի ներդրումի  համաձայնութիւնը: Այս գումարը յատկապէս նուիրուած է Ֆրանսայի տուեալներու առաջատար զանազան կեդրոնները հզօրացնելու ծրագրին: Տուեալներու կեդրոնները սատարելու ուղղութեամբ կարելի է յիշել, որ ֆրանսական ուժանիւթի արտադրութիւնը ընդհանրապէս կը բանի կենսոլորտի պահպանման նպաստող, նուազագոյն արտարկումի (emissions) հիւլէական ուժանիւթի ելեկտրակայաններու շնորհիւ:

Դժուար է կռահել ԱԲ-ի յատկացուած ներդրումներու յայտարարուած վերնագիրներուն տակ իրականացուելիք նպատակներու հեռահար դիտաւորութիւնները: Իսկական առաջադրութիւնները կը մնան խորհրդաւոր եւ երբեմն` անհասանելի ու թաքուն:

Պարտք է յիշել, որ 26 փետրուար 2025-ին  Հայաստանի Գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու զարգացման խորհուրդի նիստին նախանշուած են 5 հիմնական ուղղութիւններ` ԱԲ, Ռոպոթաշինութիւն,  օդատիեզերականութիւն (aerospace), մայքրոելեկտրոնային (Microelectronic), կիսահաղորդիչներու (semiconductor) եւ  քուանթային (Quantum) արհեստագիտութիւններու զարգացնելու մասին, քննարկուած են նաեւ այդ արհեստագիտութիւններու ուղղութեամբ  հիմնադրամ ստեղծելու ծրագիրներ:

Դէպի 5-րդ գերարդիւնաբերական դարաշրջան

Մարդկային քաղաքակրթութիւնը ակնթարթային արագութեամբ բնորոշուող դարաշրջումի մը շեմին է` ԱԲ բեկումնային արհեստագիտութեան աննախադէպ պատմական զարգացումներու երթով, որ կ՛ուղղուի դէպի թուայնացած մտածելակերպով, հոգիով ու գործելու ոճաբանութեամբ «թուայնացած» հասարակութիւն մը յառաջացնելու, կենսագործելու:

Իրականութիւն մը, որմէ երբեք վախնալու կամ տնտնալու իրաւունքը չունինք, եթէ վերհասու գիտակցութեամբ օգտագործենք թուային, բանականութեան եւ դատողութեան  հիմքերով հնարուած արհեստագիտութիւններու գործնական, արագ եւ դիւրամատոյց գերհնարքները: Օգտաշատ այդ հնարաւորութիւնները վայելելու նպատակով մարդ կրնայ հարց տալ` ինչո՞ւ այդքան կանուխ ծնած ենք:

Պէտք է ԱԲ-ը շրջադիտել իբրեւ գիտական արտասովոր նուաճումներու պիտանի գործիք` թուային ոլորտի մէջ աճող բազմօգուտ մատուցումներով, յանուն ընդհանուր բարօրութեան, որոնք միշտ պէտք է ստուգումի եւ քննարկումի ենթարկուած ըլլան: ԱԲ-ը, մարդ էակին գործունէութիւնները կատարելագործելու հեռահար նպատակին զուգահեռ, օժանդակելու ծրագիր մըն է, ստեղծարար լուծումներ տնօրինելու, տրամադրելու, պատրաստելու միջոց մը, հնարաւորութիւններ ընձեռելու իմաստուն խորհրդատու հարթակ մը, մոռացութեան ժանգերուն չենթարկուող, անսահման մեծ յիշողութիւն ունեցող, երկարաժամկէտ բազում օժանդակութիւններ ապահովող  ընդունարան մը, սպասարկող գործիքակազմ մը, որ պիտի օգնէ ու ծառայէ մարդկային բանական ներուժի ձգտումներուն, եւ ոչ` անոր մրցակցութեան:

Արդի թուային բազմապիսի արհեստագիտութիւններու նախատեսող ծրագիրները թեւակոխած են արտադրական ոլորտի 4-րդ արդիւնաբերական յեղափոխութեան  (4-th Industrial Revolution) փուլը, որ կեդրոնացած է տեղեկատուական եւ հեռահաղորդակցական արհեստագիտութեան ենթակառոյցի վրայ:

Սաղմնային գիտամշակման եւ փորձարկումներու փուլէն անցնելով լայն ու անվերապահ յաւակնոտութեամբ, ներկայիս կ՛ուղղուի դէպի 5-րդ գերարդիւնաբերական արհեստագիտութեան դարշրջան:

Պէտք է հաստատել, որ ԱԲ-ը բազմահնար գիտական բարեմասնութիւններու արգասիքները կրնան իրենց նպատակին ծառայել միայն այն պարագային, եթէ ունենան ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ (Ethics), առաջնորդուած ըլլան կանոնակարգով, պաշտպանուած եւ հիմնաւորուած` չափանիշներու դիտաւորութեամբ, ռազմավարութեամբ ու երաշխիքներով, այլապէս կրնան յառաջանալ` մտահոգիչ խոցելիութիւններ, անսպասելի սուր մարտահրաւէրներ, կեղծումներ, չարափոխութիւններ, մտայղացքներու հեղինակային իրաւունքի ճանաչման ու ապահովագրական վտանգներ եւ այլն:

(Շար. 1)

[1] https://www.aztagdaily.com/archives/560632 

[2] https://www.aztagdaily.com/archives/560853 

Տեղադրուած գեղարուեստական նկարները պատրաստուած են` հեղինակին առաջադրանքներով եւ ԱԲ-ն օժանդակութեամբ :

Նախորդը

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Հայկազեան Համալսարանը 250.000 Տոլարի Նուիրատուութիւն Կը Ստանայ Ժ. Պարգեւ Մ. Գասարճեան Բարեսիրական Հիմնադրամէն

Յաջորդը

Պատանիին Էջը. Ուսուցչաց Տօնին Առիթով

RelatedPosts

Շուշիով Կրնա՛նք Վերապրիլ  (9 Մայիս)
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

Մայիս 17, 2025
Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ

Մայիս 17, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Հայերը Կը Կարծեն, Թէ Միայն Իրենք Անմիաբան Են, Սակայն Իրականութիւնը Այդպէս Չէ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?