Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ յայտարարած է, որ Մինսքը պատրաստ է բանակցութիւններ կազմակերպելու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի միջեւ: Ան այս մասին յայտարարած է ամերիկացի պլոկըր Մարիօ Նաուֆալի հետ զրոյցի ընթացքին:
«Եկէ՛ք, հոս կը նստինք, հանգիստ, առանց աղմուկի, առանց պոռալու, կը համաձայնինք: Ուստի, փոխանցեցէ՛ք Թրամփին. ես Փութինի եւ Զելենսքիի հետ զինք այստեղ կը սպասեմ, մենք կը նստինք եւ հանգիստ համաձայնութեան կու գանք: Եթէ կ՛ուզէք համաձայնութեան գալ», նշած է Լուքաշենքօ:
Ան միեւնոյն ժամանակ մերժած է Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ միջնորդի դերը: Պիելոռուսիոյ նախագահին համաձայն, ինք «կ՛ատէ» միջնորդութիւնը, որովհետեւ ատիկա կը նշանակէ երկու կողմերուն միջեւ դիրքորոշում որդեգրել` առանց հոլովոյթին վրայ ազդելու իրական կարելիութեան:
Լուքաշենքօ նաեւ յայտնած է, թէ Զելենսքի պարտութիւն պիտի կրէ Ուքրանիոյ նախագահական ընտրութեան, եթէ յառաջիկային անիկա տեղի ունենայ, որովհետեւ անոր ժողովրդականութիւնը շատ ցած է:
Ան նշեց, որ Զելենսքին «տուաւ շարք մը խոստումներ, որոնցմէ կարեւորագոյնը տագնապը աւարտելն էր, սակայն իրականութեան մէջ կացութիւնը վատթարացուց: Զելենսքի Ուքրանիոյ մէջ տագնապը աննախադէպ մակարդակի հասցուց»:
Լուքաշենքօ նաեւ յայտնեց, որ Զելենսքի իր անփորձութեան պատճառով շարք մը սխալներ գործեց եւ կրնար անոնցմէ խուսափիլ, եթէ չաճապարէր եւ փորձագէտներու յորդորներուն մտիկ ընէր:
Քրեմլին երէկ յայտարարեց. «Մեզի համար Մինսքը Ուքրանիոյ հարցով բանակցութիւններու համար լաւագոյն վայրն է»:


