Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած վէճը ցոյց տուած է, թէ որքա՛ն բարդ պիտի ըլլայ ուքրանական տագնապի լուծման հոլովոյթը: Այս մասին յայտնեց Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով` պատասխանելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հարցումին:
«Զելենսքիի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ վէճը աննախադէպ է», նշեց Փեսքով:
«Քիեւի վարչակարգն ու Զելենսքին խաղաղութիւն չեն ուզեր, այլ կ՛ուզեն պատերազմի շարունակութիւնը», ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղարը` աւելցնելով. «Պէտք է Զելենսքիին ստիպել խաղաղութիւն հաստատելու»: