Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Լոնտոնի մէջ Քիեւի դաշնակից պետութիւններու ղեկավարներու հետ վեհաժողովի աւարտէն ետք, ուշ գիշերին լրագրողներու հետ նիստի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ հազուագիւտ մետաղներու համաձայնութիւնը ստորագրելու:
Զելենսքի յայտնեց. «Սեղանի վրայ դրուած համաձայնութիւնը պիտի ստորագրուի, եթէ կողմերը պատրաստ են»:
«Պի.Պի.Սի.» հաղորեց, որ Ուքրանիոյ նախագահը ըսած է. «Մեր քաղաքականութիւնը անցեալին տեղի ունեցածը շարունակելն է, մենք կառուցողական ենք»:
Նշենք, որ կը նախատեսուէր, որ 28 փետրուարին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Զելենսքի ստորագրեն հազուագիւտ մետաղներու շուրջ համաձայնութիւնը, սակայն Սպիտակ տան Օվալաձեւ գրասենեակին մէջ անոնց միջեւ բուռն բանավէճէն ետք, այդ համաձայնութիւնը չէր ստորագրուած: