Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քալլաս. «Ռուս Պաշտօնակիցներու Իրենց Հետ Հանդիպումէն Ետք Ամերիկացի Պաշտօնատարներու Վարմունքը Փոխուեցաւ»

March 4, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քայա Քալլաս դժգոհեցաւ Ռիատի մէջ ռուս պաշտօնակիցներու հետ իրենց հանդիպումէն ետք ամերիկացի պաշտօնատարներու վարմունքի փոփոխութենէն: «Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտնած է` մեկնաբանելով ՄԱԿ-ի մէջ Ուքրանիոյ վերաբերեալ վերջին որոշումին քուէարկութիւնը:

«Միացեալ Նահանգները որոշումին նկատմամբ իրենց դիրքորոշումը անսպասելի կերպով փոխեցին», ըսաւ Քալլաս:

«Նախագահ Տանըլտ Թրամփի նոր վարչակազմին հետ Ուքրանիոյ աջակցութեան վերաբերեալ որոշում բանաձեւեցինք, սակայն, երբ ամերիկացի պաշտօնատարները ռուսերուն հետ հանդիպում ունեցան, ատկէ ետք բան մը պատահեցաւ, որովհետեւ վարմունքը փոխուեցաւ», աւելցուց ան:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը դժգոհեցաւ, որ «Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններուն միջեւ Ռուսիոյ վրայ պատժամիջոցներու ճնշումին վերաբերեալ համաձայնութեան պահպանումը չափազանց դժուար դարձաւ»:

Միւս կողմէ, պաշտօնատարներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են. «Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթ Փենթակոնին հրամայեց դադրեցնել Ռուսիոյ վրայ համացանցային յարձակումները»:

 

 

Նախորդը

Զարիֆ Դարձեալ Հրաժարեցաւ

Յաջորդը

Քրեմլին. «Պէտք Է Զելենսքիին Ստիպել Խաղաղութիւն Հաստատելու»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.