Հովանաւորութեամբ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ «Ս. Ներսէս Լամբրոնացի» մշակութային միութեան, չորեքշաբթի, 26 փետրուար 2025-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յովհաննէս Պօղոսեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հաւատքի եւ հայապահպանման ուխտ» խորագիրով Վարդանանց տօնի նշում:
Օրուան յայտագիրը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով: Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ միութեան ատենապետ Մարալ Հարպոյեան, որ անդրադարձաւ պատմութեան զանազան փուլերու մղուած պատերազմներուն, ժողովրդային ապստամբութիւններուն` Հայկէն մինչեւ Արցախ եւ, տակաւին, քառասունչորսօրեայ պատերազմը, որ մեր առջեւ յստակօրէն պարզ կը դարձնէ մեր ժողովուրդին ազատ ապրելու տենչը, յամառ կամքով եւ հաւատքով իր ազատութեան ու հայրենի հողին ամուր եւ հաստատ սէրն ու կապուածութիւնը: Ան շեշտեց, որ պատմութեան փոթորիկները չեն կրցած խորտակել, խախտել, քանդել, կործանել հայ ժողովուրդի դիմադրութեան ոգին, ոչ իսկ ճակատագրի դաժան հարուածները յաջողած են ընկճել անոր ձգտումներն ու վերիվայրումները:
Հարպոյեան յիշեց 301 թուականը` Հայաստանի մէջ պետական կրօնի հռչակումը, որ միանգամայն նոր ուղղութիւն եւ զարգացում տուաւ ազգային, քաղաքական եւ մշակութային կեանքին, 405 թուականը` Մեսրոպ Մաշտոցի գիրերու գիւտը, որ Աւետարանի լոյսով շաղախեց ամբողջ հայ մշակոյթը, 451-ը` Հայոց պատմութեան անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցող դէպքը, որ հայ ժողովուրդը արեան մկրտութեամբ իր կեանքին մէջ ընդմիշտ ամրագրեց քրիստոնէութիւնը` անոր տալով ազգային նկարագիր «Վասն Յիսուսի, վասն հայրենեաց» կարգախօսով: Ան ըսաւ, որ Վարդանանք մեզի համար ո՛չ անցեալ են եւ ո՛չ ալ ապագայ, այլ միշտ ներկայ եւ ժամանակակից` ուստի 451-ը մեզմէ հեռու չէ բնաւ, որովհետեւ լուսաւոր կապ մը կայ մեր յիշողութեան ու արեան բջիջներուն մէջ: Հարպոյեան կոչ ուղղեց հայ աշակերտներուն` տէր ըլլալու հայոց լեզուին, պատմութեան ու մշակոյթին, մաղթեց, որ Ղեւոնդեանց ու Վարդանանց ոգին միշտ վառ մնայ բոլոր հայերուն սրտին մէջ:
Ապա ցուցադրուեցաւ Արամ Հեքինեանի հայերէնի թարգմանուած «Վարդանանց պատմութիւնը» տեսերիզը, որմէ ետք լիբանանահայ երգիչ Սերժիօ Ահարոնեան մեկնաբանեց «Հայե՛ր, միացէք» եւ «Զարթի՛ր, լաօ» երգերը:
Օրուան բանախօս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան քաղաքական ժողովի ատենադպիր Սեդա Խտըշեան իր տպաւորիչ, իրապաշտ, զգօն ու առինքնող խօսքը սկսաւ հետեւեալ ձեւով. «Վարդանանքը հաւատքի տօնակատարութեան ազգային օր է: Տասնհինգ դարէ ի վեր կը նշենք եւ ամէն տարի անշեղօրէն կ՛արտայայտենք մեր հիացմունքն ու ակնածանքը այն խորունկ հաւատքին համար, զոր Վարդան եւ վարդանանք ցուցաբերած են 451 թուականին: Այս առթիւ մենք մեզի հարց կու տանք, թէ ինչի՞ կը ծառայեն այս նշումները, եթէ ոչ` ներհայեցողութեան առիթի, չափելու մե՛ր հաւատքի զօրութիւնը` ո՛չ միայն քրիստոնէական արժէքներու իւրացումին, այլ նաեւ` բազմաթիւ ճակատներու վրայ ծառացող մարտահրաւէրներուն, որոնք կը սպառնան մեր կեանքի բազմաթիւ ոլորտներուն, եւ որոնք կը չափեն մեր հաւատքին անխորտակելիութիւնն ու կամքին դիմադրականութիւնը: Հաւա՛տքն ալ, կա՛մքն ալ Վարդան Մամիկոնեանին երկու հզօր ստորոգելիներն էին, որոնք կը բխէին անոր անսակարկելի հայրենասիրութենէն»:
Ան խօսքը շարունակեց նկարագրելով Վարդան Մամիկոնեանը` իբրեւ հայ ազգային եւ մարդկային հաւատքին անկրկնելի տիպար, որուն զոհաբերումով ու արի կեցուածքով ոչ կրցաւ ըսել թշնամիին:
Բանախօսը հարց տուաւ, թէ ի՞նչը այսօր տակաւին մեզի կը շարունակէ ներշնչել Վարդանանց խորհուրդը, պատասխան տալով` ըսաւ. «Թուրքը, սիրելինե՛ր, թշնամին, որ տակաւին իրականութիւն է մեր կեանքին մէջ, աւելի քան` եօթը դարեր ետք, տարբեր ճակատներու վրայ, եւ այսօր ազերին որպէս զինակից ունենալով` կը շարունակէ սպառնալ` մեր հայրենիքին, մեր պատմութեան, մեր մշակոյթին, մեր լեզուին ու մեր գոյութեան: Եւ ահա Վարդանանքի խորհուրդէն կը բխին անժամանցելիօրէն մեր ազգային նպատակներուն կառչելու յանձնառութիւնն ու անսասան պահելու ո՛չ միայն քրիստոնէական հաւատքն ու եկեղեցին, այլ նաեւ գերեվարուած Արարատը տուն բերելու յանձնառութիւնը… Հայոց ցեղասպանութեան 1,5 միլիոն նահատակներուն արեան գինը պահանջելու յանձնառութիւնը… Չյուսահատելու յանձնառութիւնը… Արցախի վերատիրանալու յանձնառութիւնը…»: Շարունակելով` աւելցուց, որ Վարդանանք կը շարունակեն` հասնող սերունդները ոգեւորել ու ներշնչել պայքարի ոգին, հայու անպարտելի ոգին, յաղթանակներու հաւատացող ոգին, մեր գոյութեան յաւերժականութիւնը երաշխաւորող ոգին, թէկուզ տարիներ ետք հասնելու համար Արարատի սրբազան կատարին: Ան Վարդանանց ժամանակաշրջանի կացութիւնը կապեց այսօրուան մեր իրականութեան հետ` դէմ դնել թշնամիին ու անհաւասար պատերազմի մէջ ներքաշուի՞լ, թէ՞ ենթարկուիլ անոր եւ հետզհետէ կորսնցնել` մշակոյթ, ինքնութիւն, հող, հայրենիք, առանց արիւն թափելու` հանգիստ ապրիլ… Կոչ ուղղեց, որ մեր մէջէն հանենք պարտուածի եւ տկարի հոգեբանութիւնը, հաւատանք մեր ուժին, ստեղծագործ աստուածատուր տաղանդին, ազգային միասնականութեան շուրջ ամրացած ինքնավստահ յաղթելու հաւատքով ներշնչուած դառնանք հաւաքական ուժ, սոյն կոչին հաստատ գործելը հիմնաւորեց` տալով պատմութենէն Բագրատունեաց հարստութեան հիմնադրութեան եւ մայիս 28-ի հանրապետութեան կերտման օրինակները: Անդրադարձաւ Վարդանանց պատերազմի շարունակութեան այսօր եւս սփիւռքի մէջ` հայ դպրոցը եւ հայ աշակերտը հայ պահելու ահեղ ճակատամարտը, բջիջայիններու վրայ լատինատառ գործածութեան վտանգին մասին անդրադարձաւ եւ զգաստութեան հրաւիրեց բոլորը, որ տէր կանգնին` մեսրոպեան ոսկեղենիկին, մշակոյթին, պատմութեան, ինքնութեան պահպանման:
Բանախօսութենէն ետք Կարէն Գազանճեան իր անզուգական ձայնով եւ Վերոնա Ռուսիալեան իր դաշնամուրի տաղանդաւոր նուագով ներկայացուցին «Երեւան Էրեբունի» եւ «Հիմի էլ լռենք» երգերը: Մեսրոպեան վարժարանի «Շուշի» պարախումբը, պարուսոյց Աւօ Գարաքէշիշեանի ստեղծագործ բեմադրութեամբ, մարմնաւորեց օրուան խորհուրդը ներկայացնող կենդանի պատկեր-պար, որուն յաջորդեց Աւետիք Իսահակեանի «Ռազմակոչ» բանաստեղծութեան ասմունքը` Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանի տպաւորիչ կատարողութեամբ:
Սրտի խօսք արտասանեց Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեան, որ յիշեց Աստուածաշունչի այն դրուագը, երբ Յիսուս Գեթսեմանի պարտէզին մէջ կ՛աղօթէր, իր աշակերտները կը քնանային, Յիսուս երեք անգամ մօտեցաւ անոնց եւ խնդրեց արթուն մնալ եւ աղօթել, համեմատական մը կատարեց` ըսելով, որ երբ մեր հայրենիքը մեզ կը կանչէ, մենք տակաւին կը քնանանք: Ան նմանցուց մեր հայրենիքը Յիսուսին, որ կը չարչարուի, կը խաչուի, եւ յոյս յայտնեց, որ օր մը այն հասնի հրաշափառ յարութեան: Մէջբերեց Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապի խօսքը, որ կ՛ըսէ. «Եթէ կ՛ուզես աղօթել, հայերէնը աղօթքի լեզուն է», եւ յայտնեց, որ միշտ փառք կու տայ հայ ըլլալուն եւ հայերէն խօսելուն… Ցոյց տուաւ Վարդանի նկարը, որ մէկ ձեռքով խաչը բռնած է, իսկ միւսով` սուր, խաչին խորհրդանիշը հաւատքն է, իսկ հայապահպանումը այդ սուրն է, որ այսօրուան մեր գրիչն է, հայատառ գրիչը, որուն միջոցով պիտի պայքարինք սփիւռքի մէջ մեր ինքնութեան պահպանման համար, երբ հայրենիք չկայ, մեր արմատները ամուր կարելի է պահել միայն հայոց լեզուի, հայերէնի միջոցաւ, նոյնիսկ եթէ հայ ըլլանք եւ հայկականութեան շունչ ոգի ունենանք, բաւարար չի նկատուիր հայապահպանման համար. ան անհրաժեշտ համարեց հայեցի դաստիարակութիւն տալ` հայերէն սորվեցնելով մեր զաւակներուն… Վարդապետը մէկիկ-մէկիկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր արուեստագէտներուն, որոնք սիրայօժար իրենց մասնակցութիւն բերին այս տօնակատարութեան եւ ազգային շունչով ու ոգիով լեցուցին բոլոր ներկաները, յատուկ գնահատական խօսք ալ ուղղեց օրուան բանախօս տիկին Սեդային: Ան կոչ ուղղեց բոլոր ղեկավարներուն, որ միասնակամ ուժ դառնան` առանց խտրութիւն դնելու համայնքային, միութենական, կուսակցական կամ դաւանական պատկանելիութեան, այլ հայ անունով, միասնական ուժով պահենք մեր քրիստոնէական հաւատքն ու ազգային ինքնութիւնը:
Աւարտին ան հրաւիրեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս-պատրիարքի ներկայացուցիչ Մեսրոպ Ծ. վրդ. Թոփալեանը` տօնակատարութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանելու: Հայր Մեսրոպ ըսաւ, որ հաւատքի եւ հայապահպանման ուխտ կատարելու լաւագոյն ձեւը աղօթքն է, քանի որ աղօթասէրը ազգասէր է, աղօթողը հրաշք գործող հայրենասէրն է, բայց նաեւ պիտի երգենք, պիտի կռուինք, պիտի պայքարինք, պիտի խօսինք հայերէն… Հաւատքը ունենալու ու ապրելու համար ան եկեղեցի երթալու, պատարագի մասնակցելու, եղբայրասիրութիւնը գործադրելու կոչ ուղղեց բոլորին, ապա հրաւիրեց բոլորը` յոտնկայս միասնաբար երգելու «Տէրունական աղօթքը» եւ փակեց «Պահպանիչ»-ով: